ՍՈՒՐԻՈՅ ԲԱՆԱԿԸ ԿԸ ՅԱՌԱՋԱՆԱՅ ԴԷՊԻ ՏԵՐԱ

Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ արիւնալի բախումները անընդհատ կը շարունակուին։ Երկրի ղեկավար Պեշար Էսատի ենթակայ բանակը եւ անոր աջակիցները ներկայիս կը յառաջանան Տերայի մէջ։ Վերջին ինն օրերուն ընթացքին Պեշար Էսատի բանակը մօտաւորապէս 320 քառակուսի քիլօմեթր տարածութեամբ տարածքէ մը ներս յառաջխաղացում կ՚արձանագրէ։

Մայրաքաղաք Դամասկոսի մերձակայ արեւելեան Կութան եւ երկրի կեդրոնական հատուածի Հոմսը ձեռք անցընելէ վերջ, Էսատի բանակը 20 յունիսէն ի վեր գործողութիւններ կ՚իրականացնէ երկրի հարաւ-արեւմուտքին։ Հոմսի շրջանը մաս կը կազմէր՝ լարուածութենէ զերծ մնալը նախատեսուած գօտիներու շարքին։

Վերջին ինն օրերուն ընթացքին Սուրիոյ բանակը զանազան բնակավայրերու մէջ վերահաստատեց իր հակակշիռը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, դէպքերուն հետեւեանքով առնուազն 97 հոգի մահացած է։ Սաստիկ բախումներու մթնոլորտին մէջ շուրջ 150 հազար հոգիէ բաղկացեալ զանգուած մը պարտաւորուած է գաղթել դէպի Յորդանանի եւ Իսրայէլի սահմանը։

Սուրիոյ հարաւ-արեւմուտքի Տերա եւ Քունէյթրա քաղաքները մաս կը կազմէին Աստանայի գործընթացէն ներս, 2017 թուականին ստեղծուած լարուածութենէ զերծ չորս գօտիներու շրջագծին։ Այդ գործընթացի երաշխաւորներն են Թուրքիա, Իրան եւ Ռուսաստան։ Մայիս 2017 թուականի համաձայնութենէն վերջ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Ռուսաստանի եւ Յորդանանի կողմէ Տերա եւ Քունէյթրա քաղաքները մասնաւոր համաձայնագրի մը ծիրին մէջ առնուած էին։

ՄԱԿ-ի իրաւասուները յաճախակիօրէն մտահոգութիւն կը յայտնեն, որ Տերայի մէջ 750 հազար հոգիի կեանքին վտանգ կը սպառնայ։  

Շաբաթ, Յունիս 30, 2018