ԶՕՀՐԱՊ ՄՆԱՑԱԿԱՆԵԱՆ ԵՒ ԷԼՄԱՐ ՄԱՄԵՏԵԱՐՈՎ ԱՅՍՕՐ ՀԵՌԱՎԱՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՆ՝ ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԵԱՆ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒ ՄԻՋՆՈՐԴՈՒԹԵԱՄԲ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով այսօր կ՚ունենան տեսաքոնֆերանս մը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ։
Երէկ, Զօհրապ Մնացականեան տեսաքոնֆերանս մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն՝ Իկոր Փոփովի (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթիի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըրի (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Մնացականեան եւ միջնորդները քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման գործընթացի միջավայրին վերաբերեալ հարցեր։ Հեռավար զրոյցի ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ, որպէսզի այսօր տեղի ունենայ Մնացականեանի եւ Մամետեարովի տեսաքոնֆերանսը։
ՄՆԱՑԱԿԱՆԵԱՆ-ՌԻՔԵՐ ԶՐՈՅՑ
Միւս կողմէ, Զօհրապ Մնացականեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով տեղակալի պաշտօնակատար Ֆիլիփ Ռիքերի հետ։ Զրուցակիցները հանգամանօրէն կարծիքներ փոխանակեցին քորոնաժահրով պայմանաւորուած խնդիրներու եւ անոնց յաղթահարման ուղղութեամբ ի գործ դրուած քայլերուն շուրջ։ Անոնք ընդգծեցին համաճարակի դէմ պայքարի մէջ միջազգային համերաշխութեան եւ համագործակցութեան կարեւորութիւնը։ Նոյն ամբողջին մէջ Մնացականեան ԱՄՆ-ի կառավարութեան շնորհակալութիւն յայտնեց՝ Հայաստանի ի նպաստ ցուցաբերուած ելմտական աջակցութեան համար։
Մնացականեան եւ Ռիքեր անդրադարձան երկկողմանի օրակարգի շարք մը հարցերուն։ Կարեւորուեցաւ Երեւան-Ուաշինկթըն ռազմավարական երկխօսութիւնը եւ Առեւտուրի եւ ներդրումներու հայ-ամերիկեան խորհուրդի շրջանակներէն ներս տարուած աշխատանքը։ Զրուցակիցները ընդգծեցին թէ՛ հեռավար քննարկումները եւ թէ համավարակէ վերջ անմիջական ձեւաչափով նախատեսուած շփումներու շարունակութիւնը՝ համաձայնութիւններու իրականացման ճանապարհին։
Զօհրապ Մնացականեան եւ Ֆիլիփ Ռիքեր կարծիքներ փոխանակեցին Հայաստանի կառավարութեան կողմէ ձեռնարկուած բարեփոխումներուն շուրջ, որոնք կ՚ընդ-գըրկեն փտածութեան դէմ պայքարը, արդարադատութեան եւ իրաւապահ ոլորտները։ Նախարար Մնացականեան նոյն ծիրին մէջ բարձր գնահատեց ԱՄՆ-ի կողմէ ցուցաբերուած շարունակական աջակցութիւնը։
Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ երկու երկիրներու քաղաքացիներու յետընդունման հարցերով համագործակցութիւնը։ Ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտը յայտնեց, որ արժեւորելով Հայաստանի կողմէ այդ ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերը՝ ԱՄՆ-ի ազգային անվտանգութեան մարմինները Հայաստանը դուրս բերած են վտանգաւոր երկիրներու ցանկէն եւ ընդգրկած՝ քաղաքացիներու յետընդունման հարցերով համագործակցելի երկիրներու ցուցակին վրայ։
«Կրօնական ազատութիւններու դաշինք»ի շրջանակներէն ներս համագործակցութեան համատեսքին մէջ Զօհրապ Մնացականեան ներկայացուց Մերձաւոր Արեւելքի տարածքաշրջանի կրօնական եւ ազգային փոքրամասնութիւններու պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման ուղղութեամբ Հայաստանի կողմէ ձեռնարկուած ծրագրերը։
Մնացականեան եւ Ռիքեր քննարկեցին նաեւ միջազգային եւ տարածքաշրջանային կարեւոր նշանակութեամբ շարք մը հարցեր։ Անոնք ուշադրութեան առարկայ դարձուցին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումները։