ԶՄՄԱՌԻ ՄԷՋ Կ՚ԸՆԹԱՆԱՆ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՍԻՆՈԴԻ ԺՈՂՈՎՆԵՐԸ՝ ԸՆՏՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՆՈՐ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ-ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ

Զմմառու պատմական վանքի դարպասները արդէն շուրջ տասն օրէ ի վեր փակ են։ Պատմական պահ մըն է. Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին կը պատրաստուի ընտրել իր 21-րդ պատրիարքը, որ յատկապէս Տ. Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. Թարմունիի (վախճանեալ՝ 2015 թուականին) օրերէն սկսաւ կրել կաթողիկոս-պատրիարք տիտղոսը։ Ձեռներէց, աշխատասէր, սիրուած հոգեւոր առաջնորդ մըն էր Թարմունի Պատրիարքը, որ գահ բարձրացաւ 1999 թուականին եւ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին հովուեց 16 տարի։

2015 թուականին Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Սուրբ Սինոդը դարձեալ փակ ժողովով մը պատրիարք ընտրած էր՝ Ֆրանսայի այդ օրերու առաջնորդ Տ. Գրիգոր Կապրոյեան Գերապայծառը (որ վերակոչուեցաւ Տ. Գրիգոր-Պետրոս Ի. Պատրիարք)։ Շատեր կ՚ըսէին, որ ան շատ լաւ կը տիրապետէր եկեղեցւոյ հիմնահարցերուն ու գիտէր նաեւ, թէ ինչ մարտահրաւէրներ կային։ Ճիշդ է, բաւականին կարճ եղաւ Կապրոյեան Պատրիարքի գահակալութեան ժամանակը, ընդամէնը վեց տարի, եթէ հաշուի առնենք նաեւ ամենակարեւորը՝ անոր յառաջացած տարիքն ու անոր պատճառած առողջական խնդիրները, ապա այդ պարագային եւս պիտի նկատենք, որ վախճանեալ պատրիարքը բազում առումներով ժամանակ չունեցաւ արդիականութիւն բերելու եկեղեցական, բայց մանաւանդ՝ համայնքային կեանքի բազում շերտերուն մէջ։

Այս բոլորը հաշուի առնելով, ներկայիս Լիբանանի Քեսրուան լեռնաշղթային մէջ խարսխուած Զմմառու դարաւոր վանքէն ներս գումարուած դռնփակ ժողովը պէտք է համարել բախտորոշ։ Արդարեւ, ժողովականները շատ լաւ կ՚ընկալեն, որ եկած է փոփոխութեան մեծ ժամանակը։ Փոփոխութիւն ըսելով, անշուշտ, պէտք է հասկնալ թարմ շունչ մը բերելու հնարաւորութիւններն ու առաջնահերթութիւնները՝ յատկապէս, որ սպասուած սպիտակ ծուխը հայաշխարհին պիտի ներկայացնէ համեմատաբար երիտասարդ պատրիարք մը։ Մեծ հաշուով, նորընտիրը պիտի ունենայ կարեւոր առիթներ բարեփոխումներ կատարելու, կոչումներու խնդրին համար լուծումներ բերելու, նաեւ Հայ Կաթողիկէ բոլոր թեմերէն ներս արագ ու երիտասրդական նոր շունչ մը եւ նոր յոյս մը աճեցնելու համար։

Պատրիարքի ընտրութեան նիւթին շուրջ հաւանական թեկնածուներու անուններ նշելը անշնորհակալ գործ մըն է։ Գիտենք, որ կան հաւանական երկու թեկնածուներ։ Պարզ է նաեւ, որ այս նոր ընտրութիւնը բախտաբեր ժամանակ մը բանալու բոլոր լրացուցիչ հանգամանքները ունի իր մէջ։

Հարկ է նշել, որ այս Սուրբ Սինոդին մասնակցութիւն կը բերէ 12 եպիսկոպոս։ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին ունի 14 եպիսկոպոս եւ այս ժողովէն կը բացակայի երկուքը։ Բացականերու շարքին է Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան։ Պատրիարք ընտրուելու համար թեկնածու եպիսկոպոսը պէտք ունի քուէներու երկու երրորդին, այլ խօսքով՝ պէտք է ստանայ 8 ձայն։

Բախտորոշ ներկայ ժամանակներուն Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին կարիքն ունի երիտասարդ եւ ձեռնհաս պատրիարքի մը, որ պէտք է ըլլայ ծանօթ՝ դարու խնդիրներուն, հայկական օրակարգին ու մանաւանդ՝ համահայկական մեծ ուրուապատկերին վրայ ունենայ իր դերն ու տեղը։ Ողջունելի պիտի ըլլայ, անշուշտ, որ նորընտիր պատրիարքը ունենայ մեծ կենսափորձ եւ այդ մէկը ծառայեցնէ՝ իշխանութիւն եւ հաւատարմութիւն ագուցող ասային։ Պատրիարքը այդ ասայով մեծ առիթներ պիտի ունենայ իսկապէս բարեփոխելու Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ համայնքի հաւաքական կեանքը։ Մեծագոյն գրաւը եկեղեցին ու համայնքը լճացման վտանգէն հեռու պահելն է։

Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին ու անոր գահակալը, աւանդաբար, կը վայելեն Վատիկանի Սուրբ Աթոռի ու անոր գահակալին նեցուկն ու զօրակցութիւնը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յունիս 30, 2021