ՏԵՍՆԵԼ ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Կը տեղեկանանք, որ Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ վաղը երեկոյեան նախատեսուած է համայնքային կարեւոր խորհրդակցութիւն մը։ Այսպէս, ժողով մը պիտի գումարեն ատենապետները մեր այն մատակարար մարմիններուն, որոնց հովանաւորութեան տակ կը գործէ վարժարան մը։ Ինչպէս ծանօթ է, պոլսահայ կրթական հաստատութիւններու ցանցը երկար ժամանակէ ի վեր լուրջ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ, նիւթական անբաւարարութիւնները հետզհետէ  կ՚ահագնանան, ինչ որ տագնապալի կացութեան պատճառ կը դառնայ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Առկայ անելին մէջ համայնքային վարիչները երկար ժամանակէ ի վեր կը պայքարին դպրոցներու նիւթական հաւասարակշռութիւնները կայունացնելու համար։ Բայց եւ այնպէս, որքան որ անոնց կողմէ ջանքերը կը բազմապատկուին, դժուարութիւններն ալ կարծես այնքան կը խորանան։ Վերջին մէկ-երկու տարուայ ընթացքին խնդիրները ա՛լ աւելի ծանրացած են, որովհետեւ համաճարակով պայմանաւորուած մթնոլորտի մէջ տնտեսական հարցերը աննախընթացօրէն խորացած են։ Այս պատկերը մեր դպրոցներուն վրայ ցոլացած է մտահոգիչ ձեւով։ Մէկ կողմէ աշակերտներու ծնողներուն կատարած նուիրատուութիւնները նուազած են, իսկ միւս կողմէ հրապարակի պայմաններուն հետեւանքով անհամեմատօրէն իջած են մեր հաստատութիւններու հասոյթները, որոնք կը գոյանային կալուածներու վարձակալութեան շնորհիւ, կը ներդրուէին դպրոցներու պիւտճէներուն։ Այս երկակի խոչընդոտներուն հետեւանքով պիւտճէներու բացերը աւելցան՝ այդ ալ այն պայմաններուն ներքեւ, երբ համաճարակի բերումով կարգ մը ծախսեր ժամանակաւորապէս կը դիմագրաւուին պետութեան կողմէ։

Իրերամերժ այս հաւասարակշռութիւններու մթնոլորտին մէջ, համավարակով պայմանաւորուած երկար ընդհատումէ վերջ, առօրեայի աստիճանական բնականոնացման զուգահեռ՝ վերջերս Ֆէրիգիւղի մէջ համայնքային վարիչները ժողով մը գումարած էին՝ Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) ձեւաչափին մէջ։ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, որ կը գլխաւորէր այդ ժողովը, հերթական անգամ ահազանգ հնչեցուցած էր դպրոցներու կացութեան եւ ընդհանրապէս համայնքին առջեւ ծառացած սնանկացման վտանգին դէմ։ Կարծիքի փոխանակումներ եղած էին միշտ գերադասելով հայեցի դաստիարակութեան շարունակականութեան երաշխաւորումով։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, վերջին տարիներու դառն փորձառութիւններն ալ հաշուի առնելով, համայնքային վարիչները այդ ժողովի ընթացքին լուռ ձեւով զգալի դարձուցած էին, որ հետզհետէ կը համոզուին վարժարաններու միացման անհրաժեշտութեան ուղղութեամբ։ ԹՎՄ-ի այս ժողովէն վերջ ալ վարչայինները շարունակած են խորհրդակցութիւնները եւ կարծիքի փոխանակումները՝ միշտ առկայ փակուղին յաղթահարելու որոնումներու առանցքին շուրջ։

Այս բոլորի լոյսին տակ է, որ որոշուած է Ֆէրիգիւղի մէջ վաղը նոր ժողով մը կազմակերպել՝ այս անգամ միայն վարժարան մը հովանաւորող մատակարար մարմիններու ատենապետներու կամ ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ։ Նախատեսուած է նաեւ Պատրիարքական Աթոռի եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան կողմէ մէկական ներկայացուցիչի մասնակցութիւնը։ Այսպէս, Գումգաբուի անունով խորհրդակցութեան ներկայ պիտի գտնուի Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը պիտի ներկայացնէ Գէորգ Ներկիզ։

Այս առաւօտ ԹՎՄ-ի նախորդ ժողովէն ի վեր տեղի ունեցած խմորումներուն կապակցութեամբ հեռախօսազրոյց մը ունեցանք Պետրոս Շիրինօղլուի հետ, որ մեզի ամփոփ տեղեկութիւններ հաղորդեց վաղուան խորհրդակցութեան շուրջ։ Ան հերթական անգամ ահազանգ հնչեցուց, որ թրքահայ իրականութենէն ներս արիւնահոսութիւն մը խնդրոյ առարկայ է։ Մեր համայնքը այս ընթացքով ողորմելի վիճակի մը կրնայ հասնիլ, որովհետեւ կ՚ընթանայ դէպի սնանկութիւն։ Այժմու դժուարութիւնները տակաւին յառաջիկային աւելի սուր դրսեւորումներ պիտի ունենան, երբ վերաբացուին դպրոցները եւ դադրին համաճարակի շրջանին պետութեան կողմէ տրուած նպաստները։

«Քառասուն տարիէ ի վեր կը ջանամ իմ նպաստը բերել մեր համայնքին։ Իմ մասնակցած պայքարի հիմնական նպատակը եղած է բաց պահել մեր դպրոցները եւ կանխել անոնց անկումը։ Ես մեր դպրոցներու թշնամին չեմ։ Բայց եւ այնպէս, երկար ժամանակէ ի վեր ուշադրութեամբ կը դիտարկեմ ընդհանուր ընթացքը ու միշտ կը մտածեմ, թէ ինչպէս կարելի է վերջնական լուծումներ գտնել, ամուր լուծումներ գտնել, որպէսզի մեր կրթական համակարգը ըլլայ ինքնաբաւ եւ ունենայ երաշխաւորուած հաւասարակշռութիւններ։ Առաջարկներ յղացած եմ այս ուղղութեամբ։ Իմ առաջարկները կրնան ունենալ թերութիւններ։ Բայց եւ այնպէս, մարդիկ որեւէ քննարկում չեն ծաւալեր, առաջարկները կատարելագործելու աշխատանք չեն տանիր, նաեւ վտանգաւոր ընթացքը կասեցնելու կամք չեն դրսեւորեր՝ մի միայն անհեռանկար ձեւով կ՚աշխատին, որպէսզի այժմու վիճակը պահեն։ Այդ բանը կ՚ընեն այնպէս ձեւացնելով, որ կարծես որեւէ վտանգ կամ խնդիր չկայ։ Այս վիճակին մէջ ինծի հրապարակաւ վատ մարդու կերպարանք կը վերագրուի։ Ես մեր բոլոր ատենապետներուն բացատրած եմ, որ մեծ մսխումներ կան համայնքէն ներս։ Մեր բոլոր դպրոցներու պիւտճէները պէտք է սեղանի վրայ դրուին, պէտք է մտածել միանալու եւ խնայելու մասին։ Իմ զգուշացումները միշտ անտեսուեցան, եւ ես ի վերջոյ բոլորին բացատրեցի, որ յետայսու կը դադրիմ այս խնդիրներով զբաղելէ։ Արդարեւ, մէկ կողմէ մտահոգուողը, ապագայի համար տագնապողը ես եմ, միւս կողմէ, վատ մարդու կերպարին մէջ ալ յայտնուողը ես եմ։ Սա իսկապէս անարդար է։ Ի վերջոյ, որոշեցի մեր ատենապետներուն ըսել, որ այլեւս թող հաճին իրենք կտրել սեփական պորտը», շարունակեց Շիրինօղլու։

Նոր կրթական շրջանին ընդառաջ ատենապետը յայտնեց, որ նոյնիսկ մեր ինքնաբաւ կարծուած որոշ վաքըֆները յառաջիկայ շրջանին կրնան դժուարանալ իրենց վստահուած դպրոցներու կարիքները հոգալու։ Թէեւ որոշներ ալ միջոց մը եւս կրնան յաջողիլ։ «Բայց այդ ինքնաբաւ վաքըֆներն ալ կրնան իրենց միջոցները ընդհանուրին հետ բաժնել եւ իրենց հնարաւորութիւնները ծառայեցնել ընդհանուրին՝ փոխանակ եսակեդրոն մտածելակերպի», ըսաւ Պետրոս Շիրինօղլու եւ աւելցուց, որ վաղուան խորհրդակցութեան ընթացքին ամենայն հաւանականութեամբ համայնքային վարիչները կշիռքի վրայ դնեն առկայ համայնապատկերը բոլոր երեսակներով։

Չորեքշաբթի, Յունիս 30, 2021