Ս. ԹԱԴԷԻ ԵՌՕՐԵԱՅ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆԸ

Նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ Ատր­պա­տա­կա­նի Հա­յոց Թե­մի Ազ­գա­յին վար­չու­թեան, 62-րդ տա­րին ըլ­լա­լով, Յու­լի­սի 14-16 թուա­կան­նե­րուն տե­ղի ու­նե­ցաւ տա­րե­կան ե­ռօ­րեայ ուխ­տագ­նա­ցու­թիւ­նը դէ­պի Ար­տա­զի Ս. Թա­դէոս ա­ռա­քեա­լի վան­քը՝ հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սի եւ նա­խա­գա­հու­թեամբ Ատր­պա­տա­կա­նի Հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Գրի­գոր Եպսկ. Չիֆթ­ճեա­նի:

Ի­րա­նի տար­բեր քա­ղաք­նե­րէն եւ ար­տա­սահ­մա­նէն մե­ծա­թիւ ուխ­տա­ւոր­ներ ժա­մա­նած էին Ս. Թա­դէի վան­քը, ժա­մա­սա­ցու­թեամբ, Ս. Պա­տա­րա­գով եւ ազ­գա­յին ժո­ղովր­դա­կան տօ­նախմ­բու­թեամբ կա­տա­րե­լու Ս. Թա­դէոս ա­ռա­քեա­լի եւ Ս. Սան­դուխտ կոյ­սի տօ­նը:

Վան­քե­րու ուխ­տագ­նա­ցու­թեան յա­տուկ յանձ­նա­խում­բը, ար­դէն իսկ շա­բաթ­ներ ա­ռաջ լծուած էր կազ­մա­կեր­պչա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն, խորհր­դա­տուու­թեամբ Սրբա­զա­ն Հօր եւ Ազ­գա­յին վար­չու­թեան, ո­րոնք պե­տա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հետ սերտ յա­րա­բե­րու­թեամբ ճշդած էին ե­ռօ­րեայ ուխ­տագ­նա­ցու­թեան ամ­բողջ ծրա­գի­րը, յանձն առ­նե­լով ուխ­տա­ւոր­նե­րուն կեն­ցա­ղա­յին պայ­ման­նե­րուն առըն­չուող եւ ա­պա­հո­վա­կան բո­լոր հար­ցե­րը:

Նա­խա­պէս վան­քի շրջա­պա­տին մէջ լա­րուած հա­րիւ­րա­ւոր վրան­նե­րու ա­պա­հո­վու­մը կա­տա­րուած ըլ­լա­լով Վան­քե­րու ուխ­տագ­նա­ցու­թեան յանձ­նա­խում­բին կող­մէ, ուխ­տա­ւոր­ներ Հինգ­շաբ­թի, 14 Յու­լի­սին վանք հաս­նե­լով տե­ղա­ւո­րուե­ցան, նա­խա­պատ­րաս­տուե­լով յա­ռա­ջի­կայ եր­կու օ­րե­րու ուխ­տա­ւո­րու­թեան:

14 Յու­լի­սի ե­րե­կո­յեան՝ Տ. Գրի­գոր Եպսկ. Չիֆթ­ճեան ժա­մա­նեց վանք, ուր ար­ժա­նա­ցաւ ժո­ղովր­դա­յին դի­մա­ւոր­ման՝ օրհ­նե­լով հացն ու ա­ղը: Իսկ տա­ճա­րին մէջ ան իր ա­ռա­ջին պատ­գա­մը յղեց ուխ­տա­ւոր բազ­մու­թեան: Ա­պա տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­րե­կո­յեան ժա­մեր­գու­թիւն:

15 Յու­լի­սին՝ Ս. Թա­դէի վան­քի ա­րեւմ­տեան շրջա­փա­կին մէջ, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Թաւ­րի­զի Հայ հա­մալ­սա­րա­նա­կան­նե­րու միու­թեան վար­չու­թեան, տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­րի­տա­սար­դա­կան խան­դա­վառ յայ­տա­գիր՝ եր­գե­րու, նուագ­նե­րու եւ աս­մունք­նե­րու կա­տա­րու­մով:

Ուխ­տագ­նա­ցու­թեան գլխա­ւոր օ­րը՝ Շա­բաթ, 16 Յու­լի­սին, Ս. Թա­դէի տա­ճա­րին մէջ պա­տա­րա­գեց եւ քա­րո­զեց Տ. Գրիգոր Եպսկ. Չիֆթճեան: Խո­րա­նին կը սպա­սար­կէին Ուր­միոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Ներ­սէս Քհնյ. Պա­սի­լեան եւ Տ. Խա­չա­տուր Քհնյ. Զար­գա­րեան: Ս. Պա­տա­րա­գի եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րեց Թաւ­րի­զի «Կո­մի­տաս» երգ­չա­խում­բի դպրաց դա­սը՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ ե­րա­ժիշտ Վար­դան Վահ­րա­մեա­նի: Ս. Խո­րա­նին կը սպա­սար­կէին թե­մի կի­սա­սար­կա­ւա­գաց ու դպրաց դա­սե­րը՝ զոյգ բուր­վա­ռով, քշո­ցակ­րու­թեամբ, կե­րո­նակ­րու­թեամբ եւ մո­մակ­րու­թեամբ:

Քա­րո­զէն ա­ռաջ յա­տուկ թա­փօ­րով եւ «Հրա­շա­փառ» շա­րա­կա­նի եր­գե­ցո­ղու­թեամբ բեմ բարձ­րա­ցուե­ցաւ Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեան գի­րը՝ ուղ­ղուած հա­մայն ի­րա­նա­հա­յու­թեան, յատ­կա­պէս Ատր­պա­տա­կա­նի Հա­յոց Թե­մի քա­ջա­րի ժո­ղո­վուր­դին եւ ուխ­տա­ւոր հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն: Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կաթո-ղիկոսը, իբ­րեւ բարձ­րա­գոյն հո­վա­նա­ւո­րը տա­րե­կան սոյն ուխ­տագ­նա­ցու­թեան դէ­պի Ս. Թա­դէի վանք, Հայ­րա­պե­տա­կան իր օրհ­նու­թիւ­նը կու տար բո­լո­րին, շեշ­տե­լով մեր հա­ւատ­քի ա­կունք­նե­րուն հան­դէպ ա­մուր կառ­չա­ծու­թիւ­նը ա­ռա­ւել եւս ամ­րապն­դե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը:

Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­ս իր օրհ­նու­թեան սրբա­տառ գի­րին մէջ յատ­կա­պէս կ՚ը­սէր. «Մեր ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան մէջ Ս. Թա­դէն խորհր­դան­շա­կան խո­րունկ ի­մաստ ու­նե­ցած է, իբ­րեւ ա­ռա­քեա­լին նա­հա­տա­կու­թեան սրբա­վայ­րը, ինչ­պէս նաեւ որ­պէս յու­շա­րար՝ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռա­քե­լա­կան ծագ­ման եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի կեան­քէն ներս քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քին ու­նե­ցած խոր ար­մատ­նե­րուն: Պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին բազ­մա­թիւ փո­թո­րիկ­ներ ա­հա­ւոր քան­դում­ներ յա­ռա­ջա­ցու­ցած են մեր ժո­ղո­վուր­դի կեան­քին մէջ: Սա­կայն Ս. Թա­դէն մնա­ցեր է կան­գուն, ո­րով­հե­տեւ ան շա­ղա­խուած է սրբա­զան առա­քեա­լին ա­րիւ­նով, ու ա­նոր հիմ­քե­րը հաս­տա­տուած են հա­յոց քրիս­տո­նէու­թեան ա­մուր ժայ­ռին վրայ»:

Ա­պա Սրբա­զա­նը Հայրը իր հո­գե­ւոր խօս­քը ուղ­ղե­լով ներ­կայ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն, Քրիս­տո­սի բե­րե­լիք խա­ղա­ղու­թեան հա­մար ա­ղերս մա­տոյց առ Աս­տուած. «Մարդ­կու­թեան պատ­մու­թիւ­նը սկիզ­բէն մին­չեւ մեր օ­րե­րը, բո­լորդ ալ քա­ջա­տե­ղեակ էք, թէ ցա­ւո՛վ, տա­ռա­պան­քո՛վ, նե­ղու­թիւն­նե­րո՛վ, պա­տե­րազմ­նե­րո՛վ, մար­դաս­պա­նու­թիւն­նե­րո՛վ եւ ա­ւե­րա­ծու­թիւն­նե­րով ա­ւե­լի կը յատ­կան­շուի, քան խա­ղա­ղու­թեամբ: Տա­ռա­պող այս աշ­խար­հին մէջ այ­սօ՛ր, հա­մայն մարդ­կու­թեան հո­գիի խոր­քէն մէկ բաղ­ձանք դուրս կու գայ ա­ղօթ­քով առ Աս­տուած. Տէ՜ր խա­ղա­ղու­թի՜ւն, խա­ղա­ղու­թի՜ւն պար­գե­ւէ հա­մայն աշ­խար­հին: Թող լռեն պա­տե­րազմ­նե­րը, թող վերջ գտնեն ազ­գու­թիւն­նե­րու եւ կրօն­նե­րու մի­ջեւ հա­կա­ռա­կու­թիւն­նե­րը, եւ «տնկես­ցի սէր եւ ար­դա­րու­թիւն ի յերկ­րի, ա­ղա­չե՜մք», ը­սաւ ան:

Ա­պա աշ­խար­հի մէջ խա­ղա­ղու­թեան վե­րա­հաս­տատ­ման միակ աղ­բիւ­րը զՔրիս­տոս ներ­կա­յաց­նե­լով, Սրբա-­զա­ն Հայրը ը­սաւ. «Բայց մենք աշ­խար­հի իշ­խա­նա­ւոր­նե­րուն բե­րած խա­ղա­ղու­թիւ­նը չենք ու­զեր, որ օ­րուան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հետ կը փո­խուի, ա­նոնց փո­խան­ցած սէ­րը պայ­մա­նա­կան է, ա­նոնց ստեղ­ծած բա­րօր կեան­քը ան­ժա­մա­նակ ու անս­պա­սե­լի կը մթագ­նի: Մենք կ՚ու­զենք Քրիս­տո­սի՜ խա­ղա­ղու­թիւ­նը, իս­կա­կան այն խա­ղա­ղու­թիւ­նը, զոր իր հե­տե­ւորդ­նե­րուն խոս­տա­ցաւ Ան: Այս հա­ւատ­քի տա­րած­ման ծա­ռա­նե­րը ե­ղան իր ա­ռա­քեալ­նե­րը աշ­խար­հով մէկ: Ծա­ռա­յու­թիւն, որ ի­րենց ա­րեան նա­հա­տա­կու­թեամբ ար­ժե­ւո­րե­ցին ա­նոնք: Ծա­ռա­յու­թիւն, որ մղիչ ուժ ու­նէր սէ­րը, աս­տ-ւա­ծա­պար­գեւ շնորհք­նե­րու կա­տա­րու­մը, որ կը քաղց­րաց­նէ ա­մէն տե­սակ տա­ռա­պանք եւ կը թե­թեւ­ցէ ա­մէն տե­սակ խաչ այս կեան­քին մէջ: Ուս­տի սի­րե­լի ուխ­տա­ւո՛ր ժո­ղո­վուրդ Աս­տու­ծոյ, ա­ղօ­թե՛նք: Ա­ղօ­թե՛նք աշ­խար­հի խա­ղա­ղու­թեան հա­մար, ա­ղօ­թենք սի­րոյ շնորհ­քի հեղ­ման հա­մար: Ա­ղօ­թենք քրիս­տո­նէա­կան մեր հա­ւատ­քի ամ­րապնդ­ման հա­մար: Ա­ղօ­թենք մեր ազ­գի, ե­կե­ղեց­ւոյ եւ Հայ­րե­նի­քի ան­սա­սա­նու­թեան հա­մար: Ա­ղօ­թենք Ի­րա­նի Իս­լա­մա­կան Հան­րա­պե­տու­թեան հա­մար, ո­րուն հո­վա­նիին տակ մեր ազ­գա­յին ու քրիս­տո­նէա­կան կեան­քը ա­ռա­ւե­լա­գոյն ա­զա­տու­թեամբ ու հանգս­տու­թեամբ կ՚ապ­րինք այս օրհ­նեալ երկ­րին մէջ»:

Ա­մէ­նօ­րեայ ա­ռա­ւօ­տեան եւ ե­րե­կո­յեան ժա­մեր­գու­թիւն­նե­րէն բա­ցի, Ուր­բաթ գի­շեր, տա­ճա­րին մէջ կա­տա­րուե­ցաւ գի­շե­րա­յին ժա­մեր­գու­թիւն, մաս­նակ­ցու­թեամբ հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սուն եւ բա­րե­պաշտ ուխ­տա­ւոր ժո­ղո­վուր­դին: Այս տա­րի եւս ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ զե­տե­ղուած գա­մե­րով լե­ցուն հսկայ խա­չին վրայ՝ ուխ­տա­ւոր­ներ ի­րենց սրտի փա­փաք­նե­րը ար­ձա­նագ­րե­ցին ու դրին, խնդրե­լով Ս. Թա­դէոս առա­քեա­լին եւ Ս. Սան­դուխտ կոյ­սին բա­րե­խօ­սու­թիւ­նը:

Ուխ­տա­ւոր­նե­րէն շա­տե­րը ծնրադիր հե­տե­ւե­ցան խորհր­դա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան, ա­ղօ­թե­լով աշ­խար­հի խա­ղա­ղու­թեան հա­մար:

Իսկ Շա­բաթ, 16 Յու­լի­սի ա­ռա­ւօ­տեան, վան­քի ճամ­բուն վրայ կանգ­նած հսկայ վրա­նին մէջ, պե­տա­կան բարձ­րաս­տի­ճան պա­տաս­խա­նա­տու­ներ՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ Չալտ­րա­նի կու­սա­կալ Հո­սէյն­զա­տէի, յա­տուկ յար­գանք ըն­ծա­յե­ցին մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն, ուխ­տագ­նա­ցու­թեան այս ա­ռի­թով:

Պաշ­տօ­նա­կան սոյն հան­դի­սու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցան Ատր­պա­տա­կա­նի Հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նոր­դը, Ա-տըր­պա­տա­կա­նի Հա­յոց Թե­մի Ե­րես­փո­խա­նա­կան ժո­ղո­վի եւ Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ան­դամ­ներ՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ ա­տե­նա­պե­տեր Տքթ. Ա­րա Մե­լի­քեա­նի եւ Ռու­բիկ Ջա­նա­նեա­նի, Վան­քե­րու յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­ներ, պե­տա­կան տար­բեր կազ­մե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ յա­տուկ հրա­ւի­րեալ­ներ: Պաշ­տօ­նա­կան խօս­քեր փո­խա­նա­կուե­ցան Ատր­պա­տա­կա­նի ա­ռաջ­նոր­դին եւ պե­տա­կան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն մի­ջեւ:

Ուր­բաթ, 15 Յու­լի­սի գի­շե­րուան ժա­մը 10-էն սկսեալ, Ս. Թա­դէի վան­քի ա­րեւմ­տեան շրջա­փա­կին մէջ, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Թաւ­րի­զի Հայ հա­մալ­սա­րա­նա­կան­նե­րու միու­թեան վար­չու­թեան եւ հան­դի­սա­վա­րու­թեամբ Կա­րէն Սար­գի­սեա­նի, տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­րի­տա­սար­դա­կան խան­դա­վառ յայ­տա­գիր՝ եր­գե­րու, նուագ­նե­րու եւ աս­մունք­նե­րու կա­տա­րու­մով: Գի­շե­րը «ա­զատ բեմ» յայ­տա­րա­րուե­լէ ետք, ներ­կայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը կա­մա­ւո­րա­բար մաս­նա­կից դար­ձաւ յայ­տագրին, մին­չեւ ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մե­րը: Ներ­կայ տա­ղանդա­ւոր ե­րի­տա­սարդ­նե­րէն շա­տեր ի­րենց եր­գի, նուա­գի եւ աս­մուն­քի ձիր­քե­րը ցոյց տուին, ան­գամ մը եւս փաս­տե­լով հայ ազ­գի տա­ղան­դա­շատ նոր սե­րուն­դին դրա­կան ըն­դու­նա­կու­թիւն­նե­րը:

Ս. Թա­դէի ուխ­տագ­նա­ցու­թիւ­նը այս տա­րի եւս բա­ցա­ռիկ ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ ի­րա­նա­հա­յու­թեան՝ քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քի վե­րա­նո­րոգ­ման եւ ազ­գա­յին նկա­րա­գրի ամ­րապնդ­ման, վե­րար­ժե­ւո­րե­լով այն, ինչ որ մեր ազ­գա­յին ե­կե­ղե­ցա­կան պատ­մու­թեան հա­մար ար­ժէք է, ու մեր հա­մայ­նա­կան կեան­քին հա­մար կա­րե­ւոր:

ԳՆԱ­ՀԱ­ՏԱՆՔ՝ Ա­ՆԱ­ՅԻՍ ԽԱ­ԼԱ­ՖԵԱ­ՆԻՆ

Միւս կողմէ, Ատր­պա­տա­կա­նի Հա­յոց Թե­մի թան­կար­ժէք հնու­թիւն­նե­րու եւ կի­րա­ռա­կան ա­րուես­տի հա­ւա­քա­ծո­յին մաս կը կազ­մեն նաեւ զա­նա­զան դա­րե­րէ ժա­ռան­գուած սրբան­կար­ներ՝ փայ­տի վրայ նկա­րուած, ո­րոնք ան­ցած տա­րի­նե­րուն վնա­սուած են եւ վե­րա­նո­րո­գու­թեան կա­րիք ու­նէին:

Այս ար­ժէ­քա­ւոր յի­շա­տակ­նե­րու պահ­պան­ման նպա­տա­կով Ատր­պա­տա­կա­նի Հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Գրի­գոր Եպսկ. Չիֆթ­ճեան հեր­թա­բար վե­րա­նո­րո­գու­թեան կը յանձ­նէ զա­նոնք՝ հա­մալ­րե­լու հա­մար թե­մի «Մե­լիք-Թան­գեան» թան­գա­րա­նի հա­րուստ հա­ւա­քա­ծոն: Սրբա­զան Հայ­րը իր գրա­սե­նեա­կին մէջ ըն­դու­նեց սրբան­կար­ներ վե­րա­նո­րո­գող ա­րուես­տա­գէտ Ա­նա­յիս Խա­լա­ֆեա­նը, որ կա­մա­ւո­րա­բար ա­նոնց­մէ մէ­կը շատ յա­ջող ու մաս­նա­գի­տա­կան վե­րա­նո­րո­գու­թեան են­թար­կած է: Նոյն ա­ռի­թով, Ա­նա­յիս Խա­լա­ֆեա­նը կու­ժե­րու վրայ իր նկա­րած սրբա­պատ­կեր­նե­րը նուի­րեց Սրբա­զան Հօր: Ա­նոնք եւս հայ­կա­կան ման­րան­կար­չու­թեան գե­ղե­ցիկ օ­րի­նակ­ներ էին:

Տ. Գրի­գոր Եպսկ. Չիֆթ­ճեան գնա­հա­տեց Ա­նա­յիս Խա­լա­ֆեա­նը, որ իր ա­րուես­տին մի­ջո­ցով նուի­րու­մով կը կա­տա­րէր վե­րա­նո­րո­գու­թեան դժուա­րին աշ­խա­տան­քը՝ վե­րա­կանգ­նե­լով դա­րեր ա­ռաջ գեղեցկօրէն ման­րան­կա­րուած սրբան­կար­ներ ներ­կա­յա­ցու­ցած նրբա­գեղ պատ­կեր­նե­րը:

Շաբաթ, Յուլիս 30, 2016