ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՆՇՈՒԻ ԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐԸ

Աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ յուլիսի 30-ը կը նշուի որպէս «Ընկերներու օր»: Միջերկրածովեան տարածքաշրջանի եւրոպական երկիրներու եւ Լատին Ամերիկայի մէջ այս օրը կը նշուի տօնախմբութիւններով, ընկերական հաւաքոյթներով, գինիով եւ ուրախութեամբ: 2011 թուականին ՄԱԿ յուլիսի 30-ը յայտարարեց որպէս «Ընկերներու միջազգային օր»:

Այս տարի առաջին անգամ ան կը տօնուի նաեւ Հայաստանի մէջ:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, Էօրնէքեան ընկերութիւններու խումբը եւ Հայաստանի Առեւտրաարդիւնաբերական պալատը նախաձեռնած են «Ընկերներու օրը Հայաստանի մէջ» ծրագիրը, որու նպատակն է նոր, հրաշալի եւ ուրախ տօն մը եւս աւելցնել Հայաստանի օրացոյցին վրայ:  «Ընկերութիւնը» չի ճանչնար սեռ, տարիք, ընկերային դիրք կամ որեւէ այլ տարբերություն, որ կրնայ գոյութիւն ունենալ նոյն համայնքի անդամներու միջեւ: Ան բոլորին համար է եւ հիմնուած է հաւասարութեան սկզբունքի վրայ:

Հայաստանի մէջ արդէն սկսած են ներգրաւուած ընկերութիւններու կազմակերպած միջոցառումները:

Երկուշաբթի, Յուլիս 30, 2018