ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ՝ ԻՐ ԱՄԲՈՂՋ ՀՄԱՅՔՈՎ ՈՒ ԷՈՒԹԵԱՄԲ

Հայկական մշակոյթ, ճարտարապետական կոթողներ, չքնաղ բնապատկերներ. Travelblog.lv-ն կը բացայայտէ Հայաստանը՝ իր ամբողջ հմայքով ու էութեամբ։

Հայկական մշակոյթն ու արուեստը՝ իր ինքնատիպ աւանդոյթներով, երգ-երաժշտութեամբ, դարերու խորքէն եկող ճարտարապետական կոթողները, չքնաղ բնապատկերները ներկայացուած են տեսանիւթի մը մէջ: Լաթվիոյ մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան (նստավայրը՝ Վիլնիուս) եւ Travelblog.lv-ի համագործակցութեան արդիւնքին նկարահանուած է տեսանիւթ, որ կը բացայայտէ Հայաստանը՝ իր ամբողջ հմայքով ու էութեամբ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ այս մասին տեղեկացուցած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Travelblog.lv-ի մասնագէտները, Հայաստանի զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի եւ Radisson Blu Yerevan-ի աջակցութեամբ, շաբաթ մը շարունակ լուսանկարած են ամէն հնարաւորն ու անհնարինը՝ հայկական մշակոյթն ու արուեստը՝ իր ինքնատիպ աւանդոյթներով, երգ-երաժշտութեամբ, դարերու խորքէն եկող ճարտարապետական կոթողները՝ մեր վանքերով, եկեղեցիներով ու խաչքարերով, հայկական լեռնաշխարհի չքնաղ բնապատկերները:

«Այս ամէնը տեսնելու եւ հասկնալու համար պէտք է դիտել ժապաւէնը, իսկ վերապրելու եւ հայոց աշխարհի՝ տեսախցիկներէն դուրս մնացած բիւրաւոր գանձերը բացայայտելու համար պէտք է այցելել եւ սեփական աչքերով տեսնել Հայաստանը», ըսուած է նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Երկուշաբթի, Յուլիս 30, 2018