ՀԱՇՈՒԵՅԱՐԴԱՐ

Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի փաստաբանները շաբաթավերջին սարքեցին մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին մեկնաբանեցին անոր ձերբակալումը։ Մամլոյ ասուլիսին փաստաբաններու առընթեր միացաւ նաեւ Ռոպերթ Քոչարեանի բանբեր Վիքթոր Սողոմոնեան։ Երեւանեան լրասփիւռները արձագանգ հանդիսացան Ռոպերթ Քոչարեանի փաստաբաններէն Ռուբէն Սահակեանի խօսքերուն։ Ինչպէս ծանօթ է, Ռոպերթ Քոչարեան ձերբակալուած է 1 մարտ 2008 թուականին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած արիւնալի դէպքերուն բերումով։ Երկրի դատական իշխանութիւնները ընթացք տուին՝ Ռոպէրթ Քոչարեանը երկու ամսուան ժամկէտով կալանաւորելու միջնորդութեան։ Ըստ Ռուբէն Սահակեանի, սա պատուէր մըն է. պատուէր, որ պէտք է կատարուի։ Ան չբարձրաձայնեց, թէ որու կողմէ է այդ պատուէրը, սակայն նշեց, որ «մեղաւորները կը գտնուին Յատուկ քննչական ծառայութեան եւ Աւագ դատախազութեան մէջ»։

Փաստաբան Ռուբէն Սահակեան մատնանշեց, որ բանտարկութեան միջնորդութեան ընթացք տալու համար քանի մը պայման անհրաժեշտ է։ Առաջինը՝ անձի առընչութիւնը մեղադրանքին, եւ երկրորդը՝ պատճառաբանութիւններ, որոնք պիտի հիմնաւորեն, թէ տուեալ անձը մնալով ազատութեան մէջ կրնայ խոչընդոտել գործի ընթացքը, կրնայ խուսափիլ եւայլն։

Լրագրողներ Ռուբէն Սահակեանին հարցումներ ուղղեցին Ռոպէրթ Քոչարեանի դատարանի մէջ ունեցած ելոյթին շուրջ։ Ի պատասխան՝ ան ըսաւ, որ մանրամասնութիւններ չի կրնար հաղորդել, որովհետեւ դատարանի մէջ Քոչարեանի կողմէ խօսուածը գաղտնիք է։ Փաստաբանը բաւարարուեցաւ նշելով, որ Քոչարեանի ելոյթը բաւական յուզիչ էր։

Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ Ռուբէն Սահակեան ըսաւ. «Օր մը այս ամէն ինչը պիտի բացայայտուի։ Առեղծուծային բաներ տեսանք, տգիտութիւն տեսանք, փաստերու խեղաթիւրում տեսանք, տեսանք, որ մարդիկ չեն հասկնար թէ ինչ կ՚ընեն։ Քննչական վարչամեքենայ մենք չունինք, սպառած է, մահացած է։ Միայն կայ քննիչներու փոքր խումբ մը, որու անդամները արժանի են դրուատանքի։ Նոյն վիճակն է միւս դատարաններուն մէջ»։

Ռուբէն Սահակեան շեշտեց, որ տասն տարուան վաղեմութեամբ այդ դէպքին շուրջ Ռոպէրթ Քոչարեան կալանաւորուած է՝ գաղտնի վկայի մը, չբացայայտուած անձի մը կողմէ տասն տարի վերջ փոխանցուած տեղեկութեան հիման վրայ։ Այդ անձը ցուցմունք տուած է, թէ մէկը իրեն պատմած է, որ այդ ժամանակ կրակոցներ եղած են։ Ռուբէն Սահակեան շեշտեց, որ անյայտ անձէ ստացուած տեղեկութիւնը չի կրնար համարուիլ ապացոյց։ Մինչդեռ այդ գաղտնի վկայի ցուցմունքը չի կրնար Քոչարեանի յանցանքը հիմնաւորող հանգամանք մը ըլլալ։

Փաստաբան Սահակեան ընդգծեց, որ թղթածրարին մէջ չեն ներկայացուած բազմաթիւ հանգամանքներ, որոնք կ՚արդարացնեն Ռոպէրթ Քոչարեանը։ «Եթէ կու տաք նիւթեր, որոնք կը մեղադրեն Քոչարեանը, պարտաւոր էք նաեւ տալ նիւթեր, որոնք կ՚արդարացնեն զինքը։ Բայց չըրին, դատաւորը այդ ժամանակ ականջները փակած էր։ Ես շատ գործերու մասնակցած եմ, բայց այս աստիճանի խախտումներու առաջին անգամ կը հանդիպիմ, այս աստիճանի իրաւական անգրագիտութեան չեմ հանդիպած։ Մտավախութիւն ունիմ, որ եթէ այսպէս շարունակուի՝ վիճակը աւելի պիտի վատանայ։ Եթէ սրբագրութիւններ չըլլան, եթէ գրագէտ քննիչներ չըլլան՝ մենք կը կործանուինք, բոլորս կ՚ըլլանք բանտերու մէջ», ըսաւ Ռուբէն Սահակեան։

Իր կարգին, Վիքտոր Սողոմոնեանն ալ յայտնեց, որ Ռոպէրթ Քոչարեանի դէմ տեղի ունեցածը անձնական հաշուեյարդար մըն է։ «Պատմութիւնը կը վերամշակուի՝ որպէսզի արդարացուի այն, ինչ որ 2008-ին ընդդիմութիւնը ըրած է», յայտնեց Վիքթոր Սողոմոնեան։ Ան աւելցուց, որ երկրի նախկին նախագահի դէմ անձնական ու քաղաքական հաշուեյարդարը պիտի չբանի, Քոչարեան ազատ պիտի արձակուի ու պիտի պատժուին անոնք, որոնք զինքը ապօրինի ձեւով հետապնդած են։

Երկուշաբթի, Յուլիս 30, 2018