ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆԻ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ԱՅՑԸ

Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան խորհրդական Իկոր Մարտիրոսեան այս առաւօտ պատուեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրատունը։ Սա հրաժեշտի այցելութիւն մըն էր, որովհետեւ Իկոր Մարտիրոսեան 1 օգոստոսի դրութեամբ կ՚աւարտէ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը քաղաքիս մէջ։

Մարտիրոսեան չորս տարի պաշտօնավարեց քաղաքիս մէջ։ Այս ընթացքին բոլորը զինքը ճանչցան որպէս՝ պետական շահերու քաջ գիտակից ու խաղաղասէր դիւանագէտ։ ՍԾՏՀԿ-ի մօտ վարած պաշտօնին առընթեր, Իկոր Մարտիրոսեան կարեւորութիւն ընծայեց մեր համայնքի եւ Հայաստանի ներկայացուցչութեան յարաբերութիւններու ընդհանուր դրական երթին նկատմամբ։

Այս առաւօտեան մեր զրոյցի ընթացքին Իկոր Մարտիրոսեան բարձր գնահատեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի առաքելութիւնն ու ծաւալած գործունէութիւնը։ Ան յայտնեց, որ թէեւ Պոլիս գալէ առաջ տեղեակ էր թերթին, սակայն տեղւոյն վրայ մթնոլորտը շնչելով աւելի խորաթափանց պատկերացուցած է անոր նշանակութիւնը թէ՛ մեր համայնքին եւ թէ հայաշխարհին տեսակէտէ։ Միեւնոյն ժամանակ, Մարտիրոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց իր պաշտօնավարութեան շրջանին ծաւալուած համագործակցութեան համար։

Իր կարգին, թերթիս գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանն ալ ուրախութիւն յայտնեց, որ Իկոր Մարտիրոսեանի անձին մէջ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքը ձեռք բերած էր նոր բարեկամ մը։ Ան յայտնեց, որ Մարտիրոսեան քաղաքիս մէջ պաշտօնավարած հայ դիւանագէտներու շարքին առանձնացած էր՝ իր հաղորդական բնաւորութիւնով ու մեր համայնքի իրադարձութիւններուն նկատմամբ ցուցաբերած ուշադրութեամբ։ Արա Գօչունեան նաեւ Իկոր Մարտիրոսեանին յաջողութիւններ մաղթեց՝ իր ապագայ դիւանագիտական գործունէութեան համար։

Հարկ է նշել, որ Իկոր Մարտիրոսեան այս օրերուն հրաժեշտի այլ հանդիպումներ ալ կ՚ունենայ համայնքային շրջանակներէ ներս։

Երկուշաբթի, Յուլիս 30, 2018