ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՈՒՇՆ ՈՒ ՀԻՒԹԵՐԸ՝ ՇԻՔԱԿՈՅԻ ՄԷՋ
Հայկական արտադրութեան պահածոները աւելի քան տասն օրէ ի վեր վաճառքի համար ներկայացուած են Ամերիկայի Իլինոյի նահանգի Շիքակօ քաղաքի խոշոր ցանցային ընկերութիւններէն մէկուն՝ «FRESH FARMS»ի մէջ: Առաջին օրերու շրջանառութիւնը ցոյց տուած է, որ արտադրանքի նկատմամբ հետաքրքրութիւն կայ: Այս մասին, ըստ «Արմէնփրէս»ի, պատմած է Շիքակոյի մէջ «Պիզնես Արմէնիա»ի պաշտօնական ներկայացուցիչ, Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոսի խորհրդական Պարոյր Սարգսեան, որ մեծապէս նպաստած է այդ աշխատանքի կազմակերպման:
«Բացի մշակութային կապերու հաստատումէն՝ հիւպատոսութեան եւ «Պիզնես Արմէնիա»ի նպատակներէն մէկն է նաեւ տնտեսական կապերու խորացումը եւ հայկական ապրանքներու ներմուծումը Շիքակօ: Մենք բաւական հանդիպումներ, բանակցութիւններ ունեցած ենք Միացեալ Նահանգներու Իլինոյի նահանգի մեծ ընկերութիւններու հետ: Եւ քանի մը խանութներու ցանց ունեցող «FRESH FARMS» ընկերութեան հետ համաձայնեցանք, որպէսզի հայկական արտադրանքը ներկայացնենք», ըսած է Սարգսեան եւ նշած է, որ հայկական արտադրանքը առաջին անգամ է կը ներմուծուի ու վաճառքի կը դրուի Իլինոյի նահանգին մէջ, ան ալ նման մեծ խանութի մէջ:
Ան նշած է, թէ Շիքակոյի մէջ որոշ չափով տեղեակ էին հայկական արտադրութեան, քանի որ Իլինոյի նահանգի այդ հատուածին վրայ կ՚ապրին նաեւ Արեւելեան Եւրոպայէն գաղթականներ՝ լեհեր, պուլկարներ, որոնք ծանօթ են Հայաստանին, արտադրութեան: Վերլուծելով առաջին օրերուն վաճառքը՝ Սարգսեան նկատած է, որ տասնօրեայ շրջանառութիւնը ցոյց տուած է, որ հետաքրքրութիւն կայ, կը գնեն՝ սակայն ոչ շատ մեծ քանակով: «Պահածոները գրեթէ վաճառուած են, անուշները կը վաճառուին աստիճանաբար՝ կապուած եղանակի հետ», նշած է ան:
Ամերիկեան մէկ նահանգի մէջ եւս հայկական արտադրութեան վաճառքի կազմակերպման հարցերուն աջակցած է նաեւ Շիքակոյի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուաւոր հիւպատոս Օսքար Թաթոսեան:
Արտադրանքը սկիզբը կը տեղափոխեն Նիւ Եորք, ապա կը հասցնեն Շիքակօ: Հայկական ապրանքները աւելի վաղ ժամանակէն Նիւ Եորքի մէջ ներկայացուած են, սակայն Շիքակոյի մէջ առաջին անգամն է: Սարգսեան նշած է՝ «Պիզնես Արմէնիա»ի հետ համագործակցութեամբ կը պատրաստուին ընդլայնել ներկայացուածութիւնը, հայկական արտադրանքը վաճառելու համար բանակցութիւններ կը տարուին նաեւ ամերիկեան միւս խոշոր ընկերութիւններու հետ: