ՀՍԿԱՅԱԿԱՆ ՆԱԽԱԳԻԾ
Մեծ կղզիի յունաց որբանոցի վերանորոգման ծրագիրը կը շարունակէ հանրային կարծիքի ուշադրութեան առարկայ դառնալ։ Սա Եւրոպայի մեծագոյն, իսկ աշխարհի երկրորդ մեծագոյն փայտաշէն շէնքն է, որ ներկայիս դէմ յանդիման կը գտնուի կքման վտանգի։ Աւելի քան 15 հազար քառակուսի մեթր տարածութիւն մը ունի այս շինութիւնը։ 19-րդ դարավերջին ան կառուցուած է որպէս բարձրաշխարհիկ պանդոկ եւ խաղարան։ Ճարտարապետն է Ալեքսանտր Վայորին։ 1903 թուականին, երբ յայտնի դարձած էր, որ շէնքը կարելի պիտի չըլլար այդ ձեւով օգտագործել, կտակուած էր Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքութեան՝ որպէս որբանոց օգտագործուելու պայմանով։ Մինչեւ 1964 թուականը շէնքը ծառայեց որպէս որբանոց, աւելի վերջ ալ փակուեցաւ։ Այդ թուականէն ի վեր հրդեհի, 1999 թուականի մեծ երկրաշարժի եւ կլիմայական պայմաններու բերումով լրջօրէն մաշեցաւ ու վնասուեցաւ շէնքը։ Տասնամեակներէ ի վեր խնամքէ զուրկ գտնուելով ան այսօր կքման վտանգի դէմ յանդիման կը գտնուի՝ մասնագէտներու զգուշացումով։
Վերջին տարիներուն Մեծ կղզիի յունաց որբանոցի այս շէնքի վերանորոգութեան խըն-դիրը միշտ օրակարգի վրայ է։ Մօտաւոր անցեալին Եւրոպայի մարդու իրաւանց ատեանը արձակած էր վճիռ մը, որու հիման վրայ այս որբանոցի շէնքի սեփականութեան իրաւունքը տրուած էր Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքութեան։ Այդ փուլին պետութիւնն ալ դրական մասնակցութիւն մը ունեցած էր գործընթացին՝ շէնքի օգտագործման հեռանը-կարներու հարցին շուրջ։
Ուրեմն, այսպիսի հունի մը մէջ ընթանալով այս նիւթը հասած է մինչեւ մեր օրերը։ «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը այսօր կը գրէ, որ Մեծ կղզիի յունաց որբանոցի վերանորոգութեան համար կը նախատեսուի շուրջ 40 միլիոն եւրոյի պիւտճէ մը։ Եւրոպայի մշակութային ժառանգութեան պահպանման յառաջատար կազմակերպութեան՝ «Europa Nostra»ի եւ Եւրոպայի Ներդրումներու դրամատան կողմէ հրապարակուած է թեքնիկ ու ելմտական տեղեկագիր մը՝ Մեծ կղզիի յունաց որբանոցի համալիրի վերականգնման մասին։ Այս տեղեկագրին մէջ կ՚ենթադրուի, որ շէնքի վերականգնման գործընթացը կրնայ շուրջ հինգ տարի տեւել եւ համապատասխան ծրագիրը կեանքի կոչելու համար առնուազն 40 միլիոն եւրօ ներդրում մը կը համարուի անհրաժեշտ։
Անցեալ 29-31 մայիսին մասնագէտներէ բաղկացեալ պատուիրակութիւն մը տեղւոյն վրայ քննարկումներ ըրած է։ Պատմական կառոյցներու պարագային փորձառու ճարտարագէտ Քլիւ Տէուսընն ալ անցեալ ապրիլին տեղեկագիր մը պատրաստած է այս շէնքին համար։ «Հիւրրիյէթ»ի կողմէ մէջբերուած ծրագրերով պարզուած է, թէ ինչ նպատակներ պիտի հետապնդուին վերանորոգութեան ժամանակ։ Այսպէս, ծրագրի հիմնական նպատակն է այդ ամբողջ տարածքը վերաշահիլ ու շէնքերն ալ անվտանգ վիճակի մը բերել։ Բուն նպատակը չէ շէնքը ամբողջութեամբ նախկին վիճակին բերելը։ Նոր եւ հրապուրիչ ձեւով օգտագործման համար պիտի յարմարեցուի այս շէնքը։ Բաց աստի, վերջին տարիներուն անոր ենթարկուած հետեւանքներու հետքերու հնարաւոր չափով յաղթահարումն ալ կը նախատեսուի այս ծրագրով։
Շէնքը փրկելու ուղղեալ այս ծրագրի ամբողջին մէջ առաջին գործը կը համարուի անոր ապագայ օգտագործման վերաբերեալ վերջնական հասկացութեան մը սահմանուիլը։ Բոլոր շահառուներու կամ բաժնետէրերու այս գործընթացին մասնակցիլը կը ներկայացնէ կենսական կարեւորութիւն։