«ԹՈՒՐԱԶ» ԱՐԾԻՒՆԵՐ

Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու համատեղ լայնածաւալ ռազմափորձերը երէկ սկսան Նախիջեւանի մէջ։ Մինչեւ օգոստոսի 10-ը պիտի շարունակուին այս զօրավարժութիւնները, որոնք կոչուած են «Թուրազի արծիւ»։ Թէ՛ ցամաքային եւ թէ օդային զօրքեր կը մասնակցին այս զօրավարժութիւններուն, որոնք օրերէ ի վեր մեծ հնչողութիւն ստացած են օրակարգի վրայ՝ մանաւանդ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պատահած վերջին բախումներով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներն ալ հաղորդեցին, որ հայկական կողմը ուշադրութեամբ կը հետեւի Թուրքիա-Ատրպէյճան զօրավարժութիւններու ընթացքին։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ երէկ գիշեր եւ այս առաւօտեան ժամերուն սահմանին վրայ յարաբերական անդորրը պահպանուած է։ Թուրքիա-Ատրպէյճան զօրավարժութիւններու սկսած օրը Հայկական զինեալ ուժերու ղեկավարութիւնները հանդիպումներ ունեցան ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու Երեւանի դեսպաններուն կամ ռազմական կցորդներուն հետ։ Այսպէս, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան եւ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Օննիկ Գասպարեան տեսակցեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի դեսպաններուն հետ։ Դաւիթ Տօնոյեան հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Իրանի դեսպանին հետ։ Մինչ այդ, Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանն ալ այս օրերուն կ՚այցելէ Արցախ։ Զանազան քաղաքական մեկնաբաններ կը մատնանշեն, որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան ներկայիս կը ձգտին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակէն փրկուիլ։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Երեւան երէկ ուրիշ նախաձեռնութիւնով մըն ալ հանդէս եկաւ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ տեղեկացուց, որ յուլիսի 12-ին սկսած Ատրպէյճանի յարձակման համատեսքին մէջ Թուրքիա հանդէս կու գայ Հայաստանի դէմ աննախադէպ սպառնալիքներով եւ Ատրպէյճանին սատարող գործողութիւններով, որոնց դրսեւորումը կը համարուին երէկ սկսած լայնածաւալ զօրավարժութիւնները։ Ստեղծուած իրավիճակը հաշուի առնելով, երէկ, ԵԱՀԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութիւնը շրջանառութեան մէջ դրաւ յայտագիր մը՝ ի գիտութիւն այս կազմակերպութեան եւ ԵՍԶՈՒ պայմանագրի (Եւրոպայի մէջ սովորական զինեալ ուժերու մասին պայմանագիր) անդամ երկիրներուն։ Այսպէս, տեղեկացուեցաւ, որ Հայաստան այսուհետեւ կը կասեցնէ ԵՍԶՈՒ պայմանագրի եւ Վիեննայի փաստաթուղթի շրջանակներէն ներս Թուրքիոյ տեսչութիւնները կամ հրաւիրեալի կարգավիճակով թուրք տեսուչներու մասնակցութիւնը Հայաստանի տարածքէն ներս կատարուելիք տեսչական այցելութիւններուն։ Հայկական կողմը ընդգծեց, որ այս որոշումը կը բխի իր անվտանգային շահերէն եւ մտահոգութիւններէն։

Հայաստան-Ատրպէյան առկայ լարուածութեան կապակցութեամբ երէկ հերթական անգամ պաղարիւնութեան կոչ հնչեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներէ մէկուն մայրաքաղաքէն՝ Փարիզէն։ Այսպէս, Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիան յայտնեց, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան պարտաւոր են քաղաքական եղանակով կարգաւորել հակամարտութիւնը, որովհետեւ ռազմական լուծում գոյութիւն չունի։ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նիստին ժամանակ Ժան-Իվ լը Տրիան ընդգծեց, որ վերջին իրադարձութիւնները մեծ անհանգստութիւն պատճառած են Փարիզին։ Ան ուշադրութիւն հրաւիրեց, որ ռազմական բախումները տեղի ունեցած են ո՛չ թէ Արցախի մէջ, այլեւ՝ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ։ «Ռազմական լուծում չի կընար ըլլալ, անհրաժեշտ է բարի կամք քաղաքական լուծում գտնելու համար եւ ես կը յուսամ, թէ կարելի կ՚ըլլայ հասնիլ այդ բանին», ըսաւ Լը Տրիան եւ յիշեցուց, որ Ֆրանսա ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիր է Ռուսաստանի եւ ԱՄՆ-ի հետ։ «Երեք կողմ կը համանախագահէ։ Գուցէ քիչ մը տարօրինակ թուի, բայց մենք կ՚ընենք այս բանը։ Անցեալ տասն օրերու ընթացքին մենք անհրաժեշտ միջոցը ձեռնարկած ենք կրակը դադրեցնելու եւ կողմերու միջեւ բանակցութիւններ կազմակերպելու համար։ Հրադադարը հիմա գործնականօրէն կը պահպանուի», ըսաւ Ժան-Իվ լը Տրիան։

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ

Միւս կողմէ,  Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան վերջին օրերուն հեռավար հարցազրոյց մը տուաւ «France 24» հեռուստակայանին։ Վերջին բախումներուն մասին ան ըսաւ. «Յուլիս 12-ին ատրպէյճանական զինեալ ուժերը յարձակման եւ ներթափանցման փորձ կատարեցին հայկական դիրքերու ուղղութեամբ՝ հայ-ատրպէյճանական սահմանի հիւսիս-արեւելեան հատուածին մէջ։ Այդ փորձերը վճռականօրէն ետ մղուեցան, որուն յաջորդեց հայկական դիրքերու, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական ենթակառոյցներու եւ բնակչութեան հրետակոծութիւնը:

«Մենք վճռական եղանք մեր պաշտպանութեան մէջ։ Նաեւ շատ սերտօրէն համագործակցեցանք մեր գործընկերներուն, յատկապէս՝ Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու՝ Ֆրանսայի, ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի հետ՝ մարտական գործողութիւնները դադրեցնելու եւ հրադադարը վերականգնելու ուղղութեամբ։

«Ինչ որ տեղի ունեցաւ, ըստ էութեան, վերջին շաբաթներու եւ ամիսներու ընթացքին Ատրպէյճանի մէջ մեծ թափ ստացած ռազմատենչ եւ ատելութեան հռետորաբանութեան դրսեւորում էր։ Ըստ երեւոյթին, անոնք կը փորձարկէին Հայաստանի վճռականութիւնն ու կարողութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի սահմաններէն դուրս։ Եւ ասիկա իրապէս շատ վտանգաւոր զարգացում էր:

«Առայժմ յաջողեցանք հանդարտեցնել իրավիճակը: Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ սերտ համակարգումով՝ քանի մը օր առաջ անգամ մը եւս յաջողեցանք վերականգնել հը-րադադարը: Բայց դեռ փըխ-րուն իրավիճակ է: Առայժմ ան կը պահպանուի, եւ մեր նպատակն է ապահովել հրադադարի կայուն վերականգնումը: Ասիկա, ի հարկէ, մեր կարեւոր առաջնահերթութիւնն է»:

 Ատրպէյճան կ՚ըսէ, թէ հայկական կողմը սկսած է մարտական գործողութիւններու։ Ան նաեւ սպառնաց հարուածել Մեծամօրի աթոմակայանը։ Նախարարը ըսած է հետեւեալը այս մասին. «Ինչ կը վերաբերի ձեր առաջին հարցումին, մենք բաւական հաստատակամ եղանք լարումի վտանգներու նուազեցման եւ հրադադարի խախտման հետաքննութեան միջոցներու ներդրման հարցերուն մէջ: Շատ հաստատակամ ենք նաեւ յետագայ միջոցներու ձեռնարկման հարցին մէջ. ինչպէս՝ դիտարկման միջոցներու ընդլայնումը, տեղւոյն վրայ ուղղակի կապի հաստատումը: Ասոնք միջոցներ են, որոնք մեզի կ՚օգնեն վերահսկելու հրադադարը: Սակայն Ատրպէյճան այդքան ալ պատրաստակամ չէ ընդունելու այս առաջարկները եւ ներդնելու այնպիսի միջոցներ, որոնք կը բացառեն հրադադարի խախտումներու յետագայ կարելիութիւնները: Ուստի, անգամ մը եւս կոչ կ՚ընեմ անոնց գալ բանականութեան դաշտ եւ ընդունիլ այդ առաջարկները, եւ մեզի հետ աշխատիլ հրադադարի ամրապնդման ուղղութեամբ:

«Ինչ կը վերաբերի աթոմակայանին ուղղուած սպառնալիքներուն, կը կարծեմ, որ ատիկա աւելի լայն՝ տարածքաշրջանին ուղղուած սպառնալիք է, անպատասխանատուութեան ցայտուն դրսեւորում է, փաստացի սպառնալիք՝ նաեւ սեփական ժողովուրդին հանդէպ: Ասիկա շատ մտահոգիչ է եւ ցոյց կու տայ բանականութեան տագնապ: Կը կարծեմ, որ շատ կարեւոր է Պաքուի՝ ողջամտութեան դաշտ գալը»:

 Պատահածներու պատասխատուութեան շուրջ Մնացականեան համոզուած է. «Կ՚ուզեմ անգամ մը եւս ընդգծել, որ Հայաստան լիովին յանձնառու է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման: Պատերազմը տարբերակ չէ։ Պատերազմը իսկական աղէտ մը կ՚ըլլայ ամբողջ տարածքաշրջանին համար։ Հայաստանն ու Արցախը ունին պաշտպանուելու կարողութիւն։ Սակայն պատերազմը պէտք է ամբողջութեամբ բացառուի։ Մենք լիովին յանձնառու ենք հարցին խաղաղ լուծման այնպիսի մօտեցումին, որ Հայաստանի, Արցախի, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի շահերը հաւասարապէս կը յարգուին: Մենք կ՚աշխատինք փոխզիջման վրայ հիմնուած լուծման ուղղութեամբ եւ պիտի շարունակենք ջանքեր ներդնել խաղաղ կարգաւորման համար: Ա՛յս եղած է ու կը մնայ Հայաստանի յանձնառութիւնը:

«Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ, կրկին շատ մտահոգիչ երեւոյթ է, քանի որ մենք ականատես եղանք այդ երկրի ապակայունացնող դերին իր հարեւան տարածքին մէջ։

«Պէտք է աշխատինք պարտաւորութիւններու այնպիսի հաւասարակշռութեան ուղղութեամբ, որ կը նպաստէ համաչափ փոխզիջման հասնելու, պէտք է ըլլայ փոխզիջման վրայ հիմնուած լուծում, որուն չի նպաստեր Ատրպէյճանի առաւելապաշտական կեցուածքը: Ուստի, մենք պիտի շարունակենք այդ ուղղութեամբ աշխատիլ միջազգային իրաւագիր ունեցող Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափի շրջանակին մէջ: Մենք բարձր կը գնահատենք համանախագահներու՝ Ֆրանսայի, Ռուսաստանի եւ ԱՄՆ-ի դերը, եւ անոնց շատ կայուն ներդրումը, յանձնառութիւնն ու ներգրաւումը: Այս ձեւաչափի շրջանակին մէջ, մենք պիտի շարունակենք աշխատիլ խաղաղութեան ուղղութեամբ»:

Բանակցային գործընթացի շուրջ քննադատութիւններուն անդրադառնալով եւ ընդհանուր արժեւորում մը ընելով նախարարը նշած է հետեւեալը. «Ես չեմ կրնար համաձայնիլ, որ ան չի բանիր: Ան կը գործէ շատ արդիւնաւէտ եւ ունի շատ ամուր հիմքեր, շատ ամուր հարթակ, ուր երեք երկիրներն ալ՝ Ռուսաստան, Ֆրան-սա եւ ԱՄՆ կ՚աշխատին շատ ներգրաւուած կերպով: Անոնք կը շարունակեն մեծ ներդրում ունենալ խաղաղ գործընթացին մէջ: Ես զայն կը համարեմ շատ դրական դերակատարութիւն եւ չեմ տեսներ փոխելու որեւէ պատճառ»:

 Արդեօք երկու երկիրներու առաջնորդներու հաւանական հանդիպումը վճռական դեր կրնա՞յ խաղալ լարումի թուլացման եւ փակուղիէն դուրս գալու համար։ Մնացականեան ըսաւ. «Մենք յանձնառու ենք օգտագործելու ամէն միջոց՝ խաղաղ գործընթացը յառաջ մղելու համար: Ղեկավարներու միջեւ հանդիպումները այս գործընթացին մաս կը կազմեն. այդպիսի հանդիպումներ տեղի ունեցած են անցեալին եւ կարծեմ՝ վերստին տեղի կ՚ունենան: Սակայն այս հանդիպումները պէտք է զգուշօրէն նախապատրաստուին, քանի որ մենք իրապէս կը ձգտինք ստեղծելու յառաջընթացի լաւ հիմքեր: Այսպէսով, կայ արտաքին գործոց նախարարներու անմիջական ներգրաւում, որոնք կը բանակցին եւ կը նախապատրաստեն իրենց առաջնորդներու աշխատանքը: Մենք պիտի շարունակենք աշխատիլ բանակցութիւններով արդիւնքի հասնելու համար։ Ղեկավարներու հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ միայն ա՛յն ժամանակ, երբ մենք լաւ հիմքեր կը նախապատրաստենք նմանօրինակ հանդիպման համար, որպէսզի բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց արձանագրուի»։

«ԻՍՐԱՅԷԼ ՊԷՏՔ Է ՎԵՐՋ ԴՆԷ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՀԵՏ ՄԱՀԱՑՈՒ ԳՈՐԾԱՐՔԻՆ»

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան յայտարարեց, որ Իսրայէլ պէտք է վերջ դնէ Ատրպէյճանի հետ մահացու գործարքին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Զօհրապ Մնացականեան հարցազրոյց մը տուաւ Իսրայէլի «Jerusalem Post» թերթին։ Այս առթիւ ան անդրադարձաւ Իսրայէլի կողմէ Ատրպէյճանին վաճառուած զէնքերուն։ Մնացականեան ըսաւ.

«Ատրպէյճանին զէնքի վաճառքը մահացու է, որովհետեւ Ատրպէյճան երբեք չի վարանիր այդ զէնքերը օգտագործել քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու, քաղաքացիական բնակչութեան դէմ։ Մենք հետեւողական ենք այս հարցի հետապնդման առումով։ Սա մշտապէս պիտի ըլլայ մեր օրակարգի անքակտելի մասը թէ՛ երկկողմանի եւ թէ միջազգային հարթակներու վրայ։ Իսրայէլ պէտք է վերջ դնէ Ատրպէյճանի հետ իր մահացու գործարքին»։

Մնացականեան յիշեցուց, որ սահմանի վերջին բախումներուն ժամանակ Հայաստանի զինեալ ուժերուն կողմէ խոցուած Ատրպէյճանի անօդաչու թռչող սարքերը ըստ էութեան Իսրայէլի մէջ արտադրուած էին։ Այս վերջին դէպքերը Ատրպէյճանի կողմէ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը բացարձակապէս սեփական պայմաններով լուծելու երկրորդ փորձն էր։ «Վերջին լարուածութիւնը ցոյց տուաւ, որ Ատրպէյճանի կողմէ ուժի եւ իր թուացեալ ռազմական առաւելութեան ցուցադրումը շեշտակիօրէն անյաջողութեան մատնուեցան եւ մենք ականատես եղանք ակնյայտ սխալ հաշուարկի», նշեց նախարար Մնացականեան։

Զօհրապ Մնացականեանի այս հարցազրոյցէն քանի մը օր առաջ ալ  «Jerusalem Post» թերթին մէջ լոյս տեսած էր Իսրայէլ-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն վերաբերեալ յօդուած մը։ Այսպէս, թերթը գրած էր, որ Իսրայէլ Ատրպէյճանի հետ իր կապերը պէտք է վերատեսութեան ենթարկէ։

Իսրայէլեան «Jerusalem Post» թերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածով մը Ալեքս Կալիցքի կը յայտնէ, որ Ատրպէյճանի եւ Իսրայէլի միջեւ զարգացած յարաբերութիւնները հիմնուած են կեղծ պատկերացման վրայ՝ թէ Ատրպէյճան «հանդուրժողականութեան երկիր» է, սակայն իրականութեան մէջ երկիրը քարիւղի տոլարներու վրայ հիմնուած եւ նոյն ընտանիքին կողմէ կառավարուող բռնապետութիւն մըն է:

Հոն կ՚ըսուի, որ Թուրքիոյ մերձաւոր դաշնակիցը հանդիսացող Պաքուն կը ջանայ ջնջել տարածքաշրջանի բնիկ հայերը եւ անոնց հազարամեայ քաղաքակրթութեան հետքերը՝ յիշեցնելով 80-90-ական թուականներու հայերու ջարդերը, որոնց պատճառով մեծ թիւով հրեաներ եւս հեռացան Պաքուէն։

Մանրամասնութիւններ կը տրուին նաեւ 2000-ական թուականներու սկիզբը, Նախիջեւանի մէջ շուրջ 28 հազար հայկական մշակութային յուշարձաններու ոչնչացման եւ մշակութային ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ Հունգարիոյ մէջ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի դաժան սպանութեան, այնուհետեւ Պաքուի կողմէ մարդասպանին հերոսացման մասին:

«Անցեալ շաբաթ, Ատրպէյճանի մէջ տասնեակ հազարաւորներ «մահ հայերուն» պոռացին, Հայաստանի դէմ պատերազմի կոչ ընելով: Պետութեան կողմէ հովանաւորուող ազգայնամոլութիւնը պէտք է դառնայ մտահոգութեան անմիջական պատճառ որեւէ ազգի համար», ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ կը գրէ Կալիցքի, պնդելով՝ որ Պաքու Իսրայէլի ռազմավարական շահերուն դէմ կը գործէ:

«Ատրպէյճան կը մերժէ դեսպանատուն բանալ Իսրայէլի մէջ՝ տարածքաշրջանային ճնշումներու պատճառով: Միւս կողմէ, Հայաստան հետեւողականօրէն զգալի քայլերու կը ձեռնարկէ Իսրայէլի հետ բարի դրացիական յարաբերութիւններ հաստատելու ուղղութեամբ, ներառեալ՝ Թել-Աւիւի մէջ դեսպանութիւն բանալու յանձնառութիւնը», կը գրէ Կալիցքի, եզրակացնելով՝ որ այս բոլորը նկատի ունենալով, Իսրայէլ պէտք է վերատեսութեան ենթարկէ Ատրպէյճանի հետ իր յարաբերութիւնները:

Հինգշաբթի, Յուլիս 30, 2020