ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՄԷՋ ՇԱՐԺԱՆԿԱՐԻ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ երէկ երեկոյեան խումբ մը փոքրիկներու համար տեղի ունեցաւ շարժանկարի ցուցադրութիւն։ Ինչպէս ծանօթ է Կազդուրման կայանը այս տարի իր դռները չէ բացած քորոնաժահրի համաճարակին հետեւանքով։ Բայց եւ այնպէս, ատենապետ Արի Չոլաքի կողմէ գլխաւորուած Խնամատար մարմինը կը ջանայ կայանը հնարաւորինս պահել իր առաքելութեան հունին մէջ։ Ուստի, ամրան ներկայ շրջանին կղզեբնակ պատանիներու համար նախատեսուած են զանազան ձեռնարկներ։ Երէկ երեկոյեան, 6-13 տարեկան 32 պատանիներ եւ 10 ծնողներ մասնակցեցան կայանի «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ կազմակերպուած Pixels ժապաւէնի ցուցադրութեան։ Կազդուրման կայանի տնօրէնուհի Լիզա Չոլաքօղլու այս առթիւ հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Համավարակով պայմանաւորուած նախազգուշական միջոցներուն համապատասխան ձեւով կազմակերպուած երեկոյթի աւարտին մասնակիցները պատուասիրուեցան։

Կը հաղորդուի, որ յառաջիկայ կիրակի ալ Կազդուրման կայանի մէջ նախատեսուած է «քարաօքէ»ի երեկոյթ մը՝ նոյնպէս կղզեբնակ փոքրիկներու համար։

Հինգշաբթի, Յուլիս 30, 2020