ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ԴԱԴԱՐԻ ՕՐԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ԼՈՒՐՋ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄՆԵՐ

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա հերթական անգամ զգուշացումներով հանդէս եկաւ իսլամական աշխարհի «Քուրպան»ի տօնին ընդառաջ։ Ըստ նախարարին, թէեւ փողոց դուրս գալու սահմանափակումներ չեն նախատեսուած տօնական օրերուն, սակայն նախազգուշական միջոցներուն պէտք է հնազանդիլ՝ դէպքերու թիւի աճը կանխելու համար։ Տօնական շնորհաւորութիւնները պէտք է կատարուին հեռաձայնով։

Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, երկրէն ներս երէկ կատարուեցաւ 45 հազար 712 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 942 նոր վարակեալ։ Երէկ եւս 14 հոգի զոհ գնաց համաճարակին, իսկ առողջացածներու թիւը եղաւ 996։ Ներկայիս Թուրքիոյ մէջ 542 հիւանդի կացութիւնը կը համարուի բաւական ծանր։

Բաց աստի, Ֆահրետտին Քոճա ընդգծեց, որ 31 օգոստոսին դպրոցական վերամուտը պիտի սկսի։ Այժմ զանազան վարկածներ օրակարգի վրայ կը գտնուին եւ հաւանական այլընտրանքներ ճշդուած են կրթական գործը յառաջ տանելու համար։

Առողջապահութեան նախարարութեան առընթեր Գիտական խորհուրդի անդամներէն մին ալ զգուշացուց, որ համաճարակի մթնոլորտին մէջ նոր վերելքի շրջան մը կրնայ սկսիլ։ Գիտնականներու կանխատեսումներով՝ յուլիս եւ օգոստոս ամիսներուն Թուրքիոյ մէջ իւրաքանչիւր օրուայ դէպքերու թիւը 500-ի շեմէն վար պէտք է ըլլար, մինչդեռ այժմու պատկերը այդպէս չէ։ Ուստի, չի բացառուիր, որ սեպտեմբեր-հոկտեմբեր ամիսներուն գետի նման վարարի համաճարակը եւ եթէ դանակը ոսկորին հասնի, ապա դարձեալ անհրաժեշտ կրնայ ըլլալ խիստ նախազգուշական միջոցներ ձեռք առնել։

Հինգշաբթի, Յուլիս 30, 2020