«ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ»Ի ՏՂԱՔԸ ԶԻՐԱՐ ՎԵՐԱԳՏԱՆ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ

Պարուսոյց Յակոբ Կիւլէչի կողմէ հիմնադրուած «Աւանդական» պարախումբի անդամները երէկ երեկոյեան Գնալը կղզիի մէջ մտերմիկ հաւաքոյթով մը զիրար վերագտան՝ քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներու երկար ժամանակահատուածէն վերջ։ Այսպէս, «Աւանդական»ի տղաքը «Թէոս»ի մէջ իրարու հետ հանդիպեցան եւ ամենակարեւորը՝ դարձեալ հնարաւորութիւն ունեցան իրարու հետ պարելու։

Հարկ է նշել, որ միջոցէ մը ի վեր խումբի գեղարուեստական ղեկավարը՝ Յակոբ Արի Կիւլէչ Հայաստանի մէջ կը շարունակէ իր արհեստավարժ գործունէութիւնը։

Պարախումբի անդամները երէկուան հաւաքոյթով նաեւ դէպի Երեւան ողջերթ մաղթեցին Յակոբ Արի Կիւլէչին՝ յղելով յաջողութեան մաղթանքներ։  

Ուրբաթ, Յուլիս 30, 2021