ՄԻՇՏ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը կը մնայ առկայ։ Թէեւ կողմերը հրադադարի վերադառնալու ուղղութեամբ կամք թարմացուցած են, սակայն կայունութիւնը շատ փխրուն է։ Երէկ գիշեր, ժամը 23.00-էն սկսեալ Ատրպէյճանի զօրքերը փորձեցին անօդաչու թռչող սարքերով խախտել Հայաստանի սահմանը՝ Գեղարքունիքի մարզի հատուածէն։ Հայաստանի զինեալ ուժերու հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումները կասեցուցին այդ անօդաչուներու ներթափանցումը։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները այս առաւօտ ժամը 07.00-ին հաղորդեցին, որ սահմանի ամբողջ երկայնքով դրութիւնը յարաբերաբար կայուն է եւ հայկական զինեալ ուժերու ստորաբաժանումներու լիարժէք վերահսկողութեան տակ կը գտնուի։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը ժամեր առաջ յայտարարութիւնով մը տեղեկացուցած էր, թէ անօդաչու թռչող սարքերու վերաբերեալ հայկական կողմի հրապարակած տեղեկութիւնները կեղծ են։ Այս հերքումի լոյսին տակ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը պաշտօնապէս նոր ապացոյցներ հրապարակեց։ Նախարարութիւնը հրապարակեց նաեւ լուսանկարներ, որոնք կը ցոլացնեն Գեղարքունիքի մարզի Վանեվան գիւղէն 2.5 քիլօմեթր դէպի հիւսիս ինկած ատրպէյճանական անօդաչուներու բեկորներ։ Նախարարութիւնը հերթական անգամ շեշտեց, որ հայկական զինեալ ուժերը լիարժէք կը կատարեն իրենց առջեւ դրուած խնդիրները։

Մինչ սահմանի դէպքերը վերջին օրերուն մտահոգիչ թափով սաստկացած են, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան երէկուան ժողովէն առաջ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով, որոնք համարուեցան նաեւ բաւական յապաղած։ Ըստ Փաշինեանի, Ատրպէյճան կը փորձէ վարկաբեկել Երեւան-Մոսկուա-Պաքու եռակողմանի յայտարարութիւնները եւ տարածքաշրջանէ ներս հաղորդակցութիւններու վերաբացման նիւթը։ Փաշինեան նշեց, որ Ատրպէյճան չէ ստորագրած ռուս խաղաղապահներու լիազօրութիւնը եւ սա Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղութեան ու կայունութեան դէմ քայլ մը կը համարուի։ Ըստ իրեն, իմաստ ունի դիտարկել Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի ամբողջ երկայնքով Ռուսաստանի սահմանապահներու յենակէտերու տեղակայման հարցը։ Յամենայնդէպս, Փաշինեան այլ վարկածներու եւ հաւանականութիւններու մասին ալ խօսեցաւ նոյն կէտին վրայ։

Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով երէկ իսկ մեկնաբանեց Նիկոլ Փաշինեանի այս խօսքերը։ Ըստ իրեն, Ռուսաստան կը շարունակէ շփումները հակամարտ կողմերու հետ եռակողմանի համաձայնագրերու կատարումը ապահովելու նպատակով։ Իր խօսքով՝ ռուսական կողմը քիչ ջանք չէ գործադրած հրադադարի հաստատման համար, իսկ աշխատանքները կը շարունակուին։

Իր կարգին, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասն ալ երէկ անդրադարձաւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի վերջին լարուածութիւններուն։ Ընդհանուր քարտուղարը անընդունելի համարեց ուժի կիրառումը։ Ան մտահոգութիւն յայտնեց տարածքաշրջանէ ներս լարուածութեան ապագայ աճի վտանգի կապակցութեամբ։ Զաս ողջունելի համարեց Ռուսաստանի ջանքերը, որոնք ուղղուած են տարածքաշրջանէ ներս իրավիճակի կայունացման։ «Հակասութիւնները պէտք է լուծուին քաղաքական-դիւանագիտական ճանապարհով», ըսաւ Զաս։ Հարկ է յիշեցնել, որ մօտաւոր անցեալին Զաս Հայաստանի սահմաններուն դէմ կատարուած Ատրպէյճանի ոտնձգութիւնները որակած էր սահմանային միջադէպեր։

Սահմանի բախումները շարժման անցուցած են նաեւ միջազգային դերակատարները։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով տեղակալ Ֆիլիփ Ռիքեր երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Արմէն Գրիգորեանի հետ։ Այս վերջնոյն հետ կապ հաստատեց նաեւ Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար։ Արմէն Գրիգորեան-Ֆիլիփ Ռիքեր զրոյցի ընթացքին նշուեցաւ, որ մայիսի 12-էն ի վեր Ատրպէյճան Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը ներթափանցած է եւ շարունակական սադրիչ գործողութիւններու հետեւանքով ստեղծուած է լարուած իրավիճակ մը։ Սա հնարաւոր պիտի ըլլայ յաղթահարել Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու՝ ելման դիրքեր վերադառնալէն յետոյ։ Գրիգորեան եւ Ռիքեր նաեւ կարեւորեցին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս, խաղաղ բանակցութիւններու միջոցաւ, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տեւական ու արդար հանգուցալուծման անհրաժեշտութիւնը, հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի վերսկսումը։ Անոնք քննարկեցին նաեւ Երեւան-Ուաշինկթըն ռազմավարական երկխօսութեան շրջանակներէն ներս ապագայ համագործակցութեան ծաւալման հեռանկարները։

Արմէն Գրիգորեան եւ Թոյվօ Քլաար եւս քննարկեցին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին դէմ Ատըրպէյճանի ոտնձգութիւններուն հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը։ «Սադրիչ ռազմական գործողութիւններուն զուգահեռ՝ Ատրպէյճան յառաջ կը քշէ Հայաստանի դէմ տարածքային եւ պատմական կեղծ պահանջներ, որոնք միտուած են տարածքաշրջանային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան խաթարման», նշեց Գրիգորեան։ Քլաար երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Այս վերջինը պնդած է, որ Պաքու շահագրգռուած չէ սահմանային լարուածութեամբ։

Երէկ, Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէն ալ յայտնեց, որ Թեհրան պատրաստակամ է աջակցելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան վերականգնման։

Գերմանիան ալ կոչ ուղղեց, որպէսզի Հայաստանն ու Ատրպէյճանը վերականգնեն հրադադարի դրութիւնը։

Իր կարգին, ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Շուէտի Արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտէն ալ մտահոգութիւն յայտնեց սահմանի վերջին օրերու լարուածութեան բերումով։ Ան կոչ ուղղեց, որպէսզի կողմերը հիմնուին վերջին մարդասիրական քայլերուն վրայ եւ ամբողջութեամբ կատարեն նոյեմբերի 9-ի հրադադարի յայտարարութիւնը՝ չլուծուած խնդիրները խաղաղ կարգաւորելու համար։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեանի գրասենեակն ալ կը շարունակէ աշխատանք տանիլ սահմանի իրավիճակին վրայ։ Պաշտպանի գրասենեակը հաղորդեց, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ պարբերաբար կրակել գիւղերու եւ բնակավայրերու վրայ։

ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները երէկ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկան Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի առկայ լարուածութեան իրավիճակին մէջ։ Այսպէս, անոնք մտահոգութիւն յայտնեցին վերջին դէպքերուն՝ ներառեալ զոհերուն եւ մարդկային կորուստներուն բերումով։ Եռանախագահները կոչ ուղղեցին, որպէսզի Հայաստան եւ Ատրպէյճան անյապաղ նուազեցնեն լարուածութիւնը, ձեռնպահ մնան սադրիչ հռետորաբանութենէ եւ գործողութիւններէ, ամբողջութեամբ կատարեն իրենց պարտականութիւնները 9 նոյեմբերի հրադադարի յայտարարութեան մասին։

Համանախագահները վերահաստատեցին հակամարտութեան մնացեալ բոլոր հիմնական հարցերու բանակցուած, համապարփակ եւ կայուն կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը։ Միջնորդները կոչ ուղղեցին, որպէսզի կողմերը հնարաւորինս արագ վերադառնան բանակցութիւններու՝ համանախագահներու հովանաւորութեան ներքեւ։ Անոնք կրկնեցին իրենց հովանաւորութեան ներքեւ երկկողմանի ուղղակի խորհրդակցութիւններ կազմակերպելու առաջարկը, որպէսզի կողմերը վերանային եւ համատեղ համաձայնեցնեն կառուցուածքային օրակարգը՝ արտացոլելով իրենց առաջնահերթութիւնները առանց նախապայմաններու։

Համանախագահները վերահաստատեցին իրենց ամուր աջակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչի եւ անոր խումբի շարունակական ջանքերուն ի նպաստ։

Միւս կողմէ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ռուս համանախագահը ենթարկուեցաւ փոփոխութեան։ Երկար տարիներէ ի վեր այդ պաշտօնը կը զբաղեցնէր Իկոր Փոփով, որուն ներկայիս պիտի յաջորդէ Իկոր Խոզայեւ։ 

Ուրբաթ, Յուլիս 30, 2021