ՆՈՐ ԽԱՂԻ ՄԸ ՓՈ՞ՐՁ

Գաղտնիք չէ, որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանները երկար ժամանակէ ի վեր կը շարունակեն մնալ անհանգիստ։ Խորքային հարցեր գոյութիւն ունին երկու երկիրներուն միջեւ։ Անցեալ նոյեմբերին կնքուած հրադադարի եռակողմանի համաձայնագիրը (որ տակաւին միջազգային հանրութեան կողմէ ընդունուած «վաւերաթուղթ» մը չի համարուիր) մինչեւ այս պահը չէ կարողացած կայունութիւն եւ հանգիստ բերել Հարաւային Կովկասի Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանային հատուածին։ Հայկական կողմը, որ ցարդ կը շարունակէ մնալ պարտութեան «շոք»ին տակ, ձեւով մը կը փորձէ անտեսել նոյն այդ պարտութիւնը եւ ենթախորքով մըն ալ չհամակերպիլ ստեղծուած վիճակին հետ։ Միւս կողմէ, Պաքու կը փորձէ նոր առաւելութիւններ ձեռք ձգելով յառաջ երթալ ու կարծես, թէ ունի վստահեցումներ, նոյնինքն հայկական կողմէն եւ յատկապէս՝ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանէն, կապուած անցքային ճանապարհներուն հետ կամ այն ինչ, որ Հայաստանի մէջ կը կոչեն՝ անկլաւներ։

Այս համայնապատկերին վրայ աւելի քան ակներեւ է, որ օրեր առաջ Սոթք-Քարվաճառ սահմանային հատուածին ապրուած ու պատերազմի դադարէն ի վեր բաւական տարողունակ բախումը պէտք է դիտարկուի Պաքուի նոյն տրամաբանութեան մէջ։ Սա սովորական մօտեցում մը ըլլալէ աւելի կերպով մըն ալ դարձած է «բաց» հռետորաբանութիւն։

Հայկական կողմի կրած հարուածէն ետք (չորեքշաբթի վաղ առաւօտուն եղած բախումներուն հետեւանքով հայկական կողմը կ՚ունենար 3 զոհ ու 4 վիրաւոր) պահուան մը համար մեծ ու անհասկնալի լռութիւն մը կը տիրէր Հայաստանի հասարակութեան մէջ։

Երկրի քաղաքական վերնախաւը եւ յատկապէս՝ Փաշինեանն ու վարչախումբը պահուան մը համար կը պապանձէին ու հեռու կը մնային իրադրութիւնը մեկնաբանելու «անշնորհակալ» գործէն։ Սակայն, կառավարութեան երէկ առաւօտեան նիստին Փաշինեան բաւական երկար անդրադարձաւ առկայ իրավիճակին ու նոր նրբութիւններով խօսեցաւ իրադրութիւնը բնականոն հունին վերադարձնելու շուրջ։ Իր խօսքը այս անգամ բովանդակութիւն ու մարմին կը ստանար՝ յենուելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի անյապաղ միջամտութեան վրայ։ Հայաստանի ղեկը պահող Փաշինեան այս մօտեցումով կը փորձէր խաղի նոր կանոններ թելադրել կամ առնուազն՝ առկայ խաղին «կանչել» Մինսքեան խմբակի այն անդամները (առաւելաբար խօսքը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի մասնկացութեան մասին էր), որոնք այս ժամանակներուն (երեւի երկար ատենէ ի վեր) Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին մէջ ունին միայն ձեւական ներկայութիւն մը։

Փաշինեան կը խօսէր ճանապարհներու բացման կամ սահմանազատման մասին ու կ՚ըսէր. «Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը ո՛չ միայն կը շարունակեն ապօրինի կերպով մնալ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքներուն մէջ, այլեւ շարունակաբար սադրիչ գործողութիւններու կը ձեռնարկեն՝ այդպիսով փորձելով վարկաբեկել ՀԱՊԿ-ի համակարգը: Այս ծրագիրը կեանքի կոչելու համար սադրիչ գործողութիւններուն զուգահեռ Ատրպէյճան Հայաստանը կը մեղադրէ սադրանք գործելու մէջ: Ըլլալով ՀԱՊԿ-ի անդամ, որ այս տարուայ սեպտեմբերին պիտի ստանձնէ կազմակերպութեան նախագահութիւնը, Հայաստան կը հասկնայ՝ ՀԱՊԿ-ի համար անվտանգութեան սպառնալիքներ չստեղծելու, դաշնակից երկիրները ռազմական գործողութիւններու մէջ չներքաշելու իր պատասխանատուութիւնը: Ես պաշտօնապէս կը բացառեմ Հայաստանի զինեալ ուժերուն կողմէ որեւէ սադրիչ գործողութիւն: Միեւնոյն ժամանակ, կը կարծեմ, թէ Ատրպէյճանի եւ մեր փոխադարձ մեղադրանքներու իսկութիւնը պարզելու հարցին մէջ հաւանական լուծումներէն մէկը կրնայ ըլլալ ՀԱՊԿ-ի վերահսկողութեան առաքելութեան տեղակայումը հայ-ատրպէյճանական սահմանի երկայնքով. բան մը, որ նախատեսուած է ՀԱՊԿ-ի գործունէութեան իրաւական կարգով։ ՀԱՊԿ-ի շրջանակին մէջ նման առաքելութիւն իրականացնելու անհնարինութեան պարագային մեզի համար կրնան գտնուիլ միջազգային այլ ընդունելի ձեւաչափեր՝ ներառեալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան դիմելու միջոցները»:

Այս խօսքը, անշուշտ, երբեք ալ մարսելի պիտի չըլլայ Մոսկուայի համար։ Սակայն, ռուսական կողմին տեսակէտէ ալ շատ հաւանաբար վերջին սրացումներն ու Պաքուի կողմէ առնուած քայլերը մեծ հաշուով անընդունելի են։ Հարկ է յիշել, որ վերջին շրջանին Վլատիմիր Փութին Մոսկուայի մէջ հիւրընկալած էր Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը՝ քննարկելով Լեռնային Ղարաբաղի ընդհանուր դրութիւնը։ Իսկ վերջին սրացումներէն անմիջապէս ետք Փութին Ռուսաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի փակ նիստ մը կազմակերպեց, օրակարգի վրայ եկան սահմանի իրադարձութիւնները։

Այս բոլորէն անդին, արդեօք Փաշինեանի կողմէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի մասին կատարուած ակնարկը պատահականութի՞ւն մըն էր։ Այլապէս, զանազան առումներով ահաւոր թոյլ դիրքերու մատնուած Փաշինեան արդեօք կը փորձէ՞ առկայ խնդիրները հունէ դուրս հանելով՝ Արեւմուտքին «աչք ընել» եւ «այստեղ հրամեցէք» մը ըսել։

Պատասխանները յստակ կրնան ըլլալ յառաջիկայ օրերուն, եթէ, անշուշտ, իրավիճակը վերահսկողութենէ դուրս չգայ ու տեղի չունենան շատ մեծ տարողութեան ռազմական գործողութիւններ. բան մը, որ մեծ հաշուով մինչեւ այս պահը բացառուած չէ։

ՓԱՐԻԶ ՊԱՏՐԱՍՏ ԽՈՒՍԱՆԱՒԵԼՈՒ

Փարիզի պաշտօնական մօտեցումները նորութիւն չեն։ Մասնաւորապէս Էլիզէի դիւանագիտական ձախաւեր մօտեցումները յստակօրէն կ՚արտացոլուին ո՛չ միայն Պէյրութի կամ Երեւանի պարագային, այլ նոյնքան ալ՝ Մալիի կամ Չատի մէջ, որոնք կը համարուին  ֆրանսական «հոգատարութեան» վերջին կեդրոնները։ Ամենատխուրը այն է, որ հայ քաղաքական մտքի առուակներուն մէջ տակաւին կան մարդիկ, որոնք ինչ-որ ձեւով կը խանդավառուին Ֆրանսայի կողմէ հնչած, յաճախ ամպագոռգոռ խօսքերով, որոնք մեծ հաշուով ոչ միայն վնասակար են, այլ այս օրերուն համար կործանարար։ Այս մուտքը այստեղ կը թողունք, պարզապէս անոր համար, որ վերջին օրերուն Երեւանի տարբեր տրամաչափի հարթակներու վրայ շատ սկսած է խօսուիլ այն մասին, թէ Ֆրանսա հիմա, ուշ կամ կանուխ պիտի «վերադառնայ» Հարաւային Կովկաս։ Պիտի վերադառնայ զէնք-զինամթերքով։ Բայց, եկուր տես, որ այդ նոյն Ֆրանսան, որ ունի ներքին այդքան խճճուած իրավիճակ մը, երբեք ալ պատրաստ պիտի չըլլայ որեւէ կերպով (ձեւականէն բացի, անշուշտ) հայերու օգնութեան փութալու։

Ամէն պարագայի, մեր ձեռքը իրադարձութիւններու բազկերակին վրայ պահելու նպատակով չանտեսենք Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ճոնաթան Լաքոթի կողմէ հնչած գաղափարներու սղագրութիւնը։ Դեսպանը մասնաւորապէս կ՚ըսէ. «Ֆրանսա մտահոգ է Հայաստանի տարածքին վրայ ընթացող ռազմական գործողութիւններով եւ կը գտնէ, որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատումը պէտք է արդար ընթանայ։ Լիովին տեղեկացուած եմ, որ այս պահուն, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքի՝ Գեղարքունիքի մէջ ռազմական գործողութիւններ կ՚ընթանան։ Բնականաբար, մենք մտքով զինուորներու, զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն հետ ենք։ Կը գիտակցինք, թէ այս ամէնը տեղի կ՚ունենայ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին իրավիճակի վատթարացման համատեսքով։ Այս իրադարձութիւնները Ֆրանսայի անհանգստութեան պատճառ կը դառնան։ Սա հրադադարի խախտում է եւ այս պատճառով Հայաստանի սահմաններուն անվտանգային իրավիճակը վատացած է։ Ֆրանսա կոչ կ՚ուղղէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ քաղաքական գործընթացներու վերսկսման։ Բայց գործընթացը պէտք է արդար ըլլայ եւ պէտք չէ ընթանայ ուժի գործադրման ազդեցութեան ներքեւ։ Բնականաբար, կապեր կան Ֆրանսայի, Ռուսաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ծիրէն ներս, որպէսզի նախեւառաջ իրավիճակի հանդարտեցում մը տեղի ունենայ։ Եւ երբ որ գայ ժամանակը, մեր ներդրումը կ՚ունենանք քաղաքական գործընթացի վերսկսման մէջ։ Այս պահուն մեր հիմնական մտահոգութիւնը Հայաստանի սահմանին տիրող իրավիճակն է։ Բնականաբար, մեր մտքին մէջ են նաեւ նոյեմբերի 9-ի յայտարարութեան այն կէտերը, որոնց հետ դեռ խնդիրներ կան։ Մասնաւորապէս՝ Ատրպէյճանի մէջ պահուող բոլոր ռազմագերիներու ազատման կէտը։

«Ասկէ առաջ ալ ըսած եմ, Ֆրանսա պատրաստ է դիտարկել պաշտպանութեան ոլորտի Հայաստանի դիմումները։ Բայց պէտք է հաշուի առնել նաեւ ընդհանուր կացութիւնը։ Նախեւառաջ, Հայաստան եւ Ֆրանսա միեւնոյն ռազմական դաշինքներու մաս չեն կազմեր։ Ընդհանուր առմամբ, մեր նպատակը ոչ թէ ապագայ պատերազմներու նախապատրաստուիլն է, այլ հակամարտութենէն եւ պատերազմէն խուսափիլը։ Որովհետեւ, կը կարծենք, թէ տարածքաշրջանի առկայ խնդիրները պէտք չէ ունենան ուժային լուծում։ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը եւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի հարցը պէտք է լուծուին միայն բանակցութիւններու միջոցաւ։ Որեւէ այլ ճանապարհ փակուղի կը տանի»:

ԼԱՅՆԱԾԱՒԱԼ ՆՈՐ ՊԱՏԵՐԱԶՄ ՄԸ ՊԻՏԻ ՉԾԱԳԻ

Վերջին օրերուն, բազում մակարդակներու վրայ սկսած է ծաւալուիլ քննարկում մը կապուած սահմանային իրավիճակին։ Բոլորին համար գոյութիւն ունի մէկ կարեւոր հարցադրում, թէ արդեօք Հայաստան նոր պատերազմի՞ մը առջեւ կանգնած է։ Քաղաքագէտ Ալեքսանտր Իսկանտարեան կը նախատեսէ, որ նոր պատերազմ մը պիտի չըլլայ։ Հեղինակաւոր փորձագէտը այս պահուն կը բացառէ նոր եւ մեծ պատերազմի մը շղթայազերծումը։ Օրերս ան արտայայտած է հետեւեալ տեսակէտը.

«Լայնածաւալ պատերազմը, ի հարկէ, աւարտած է։ Ան աւարտած է տակաւին նոյեմբերին։ Հակամարտութիւնը, այնուամենայնիւ, կը շարունակուի, բայց արդէն նուազ սաստկութեամբ։ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հնարաւորութեան պարագային կը փորձէ վերցնել պատերազմի հետեւանքները, որոնք կան։ Այսինքն՝ ան կը փորձէ հայերէն առաւելագոյնը քամել, այն ինչ հնարաւոր է։ Այդ մօտեցումը երեւելի է ոչ միայն յայտարարութիւններուն մէջ: Նշեմ նաեւ, որ Հայաստանի վրայ ճնշում կը գործադրուի քանի մը եղանակով։ Առաջին եղանակը Երեւանի վրայ պաշտօնական ճնշումն է այն թեզի միջոցաւ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հարց չկայ, հակամարտութիւնը աւարտած է եւ եկած է յետբախումային կարգաւորման անցնելու ժամանակը։ Երկրորդ եղանակը գերիներու օրակարգն է։ Անոնք կ՚օգտագործուին որպէս սակարկութեան նիւթ Հայաստանի վրայ ճնշում բանեցնելու համար։ Նշեմ նաեւ, որ Իլհամ Ալիեւ բաւական լուրջ խաղացող մըն է հայկական ներքաղաքական եւ ներխօսակցական դաշտին մէջ։ Ան, փաստօրէն, արդէն փոխած է առկայ խօսոյթը Հայաստանի մէջ»։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան 

Ուրբաթ, Յուլիս 30, 2021