ՈՉ ԵՒՍ Է ՀԱՅ ԱՐԴԻ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԵԾԱՆՈՒՆ ՎԱՐՊԵՏՆԵՐԷՆ ԱՐՄԷՆ ՇԷԿՈՅԵԱՆ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ երէկ Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է գրող Արմէն Շէկոյեան։ Երկարատեւ ու ծանր հիւանդութենէ վերջ ան 68 տարեկան հասակին հիւանդանոցի մէջ հեռացած է կեանքէն։ Արմէն Շէկոյեան հայ ժամանակակից գրականութեան հեղինակաւոր վարպետներէն մին էր։ Իր կորուստը խոր ցաւ յառաջացուցած է։ Բանաստեղծ, արձակագիր եւ լրագրող Արմէն Շէկոյեան բազմաթիւ ժողովածոներու եւ գիրքերու հեղինակ էր։ Շարք մը մրցանակներու դափնեկիրը դարձած էր։ Այդ շարքին ինք ամենակարեւորը նկատած էր «Հրանդ Մատթէոսեան» մրցանակը, որուն արժանացած էր 2017 թուականին։ «Այդ մրցանակը ամենաարժէքաւորն է, որովհետեւ Հրանդ Մատթէոսեանը ինձ համար արժէք է», ըսած էր Արմէն Շէկոյեան։

Գրող, բանաստեղծ, արձակագիր ու լրագրող Արմէն Շէկոյեան ծնած էր 1953 թուականին։ 1974-ին աւարտած էր Երեւանի «Խաչատուր Աբովեան» պետական մանկավարժական համալսարանի բանասիրական ֆաքիւլթէն։ 1985-ին ուսանած էր Մոսկուայի «Մաքսիմ Կորքի» գրականութեան կաճառի բարձրագոյն դասընթացին մէջ։ Աշխատած էր Երեւանի Բժշկական կաճառէն ներս, իսկ 1976-1990 թուականներուն աշխատակցութիւն բերած էր՝ «Ծիծեռնակ» ամսագրին, Գրականութեան կաճառի «Սովետական գրող» հրատարակչութեան մէջ եւ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութենէն ներս։ 1990-1992 թուականներուն եղած էր «Նայիրի» հրատարակչութեան գլխաւոր խմբագիրը։ 1992-1997 թուականներուն եղած էր Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգարանի տնօրէնը։

Իր ստեղծագործութիւններու շարքին սիրուած էին «Մետաքսի ճանապարհ», «Երեւան-հիւրանոց», «Անթիփոէզիա», «Թուղթ ու գիր», «Բախտ», «Ճոճք», «Ճամբորդ արեւը», «Անձրեւ, անձրեւ, մի արի» եւ այլ գիրքերը։

Արմէն Շէկոյեան մինչեւ իր կեանքի վերջը կը գրէր տասնեակ հատորներէ բաղկացեալ «Հայկական ժամանակ» մեծածաւալ վէպը՝ մեր օրերու ժամանակագրութիւնը, որ մաս առ մաս կը տպագրուէր Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթին մէջ։

Արմէն Շէկոյեանի կորուստին երէկ արձագանգեց նաեւ Հայաստանի Գրողներու միութիւնը։ Հոգելոյս գրողը ամուսնացած էր Մարինէ Շէկոյեանի հետ։

Ուրբաթ, Յուլիս 30, 2021