ԵՄ-Ի ՀԵՏ ԷԱԿԱՆ ԽՈՐԱՑՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ երկիրը կ՚անցնի Եւրոմիութեան հետ յարաբերութիւններու էական խորացման գործընթաց։ Յունական Կիպրոսի շփումներու շրջանակներէն ներս Արարատ Միրզոյեան «Associated Press» գործակալութեան յայտարարութիւններ ըրաւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն շուրջ։ Նախարարը այս առթիւ շեշտեց, որ ո՛չ միայն Եւրոմիութեան, այլեւ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ Հայաստան կ՚աշխատի ծրագրի մը վրայ, որու նպատակն է բարձրացնել սեփական դիմակայութեան մակարդակը այս դժուարին ժամանակներուն՝ նկատի ունենալով այն սպառնալիքներն ու մարտահրաւէրները, որոնք առկայ են երկրին շուրջ։

Հարցազրոյցին մէջ նախարարը շեշտեց, որ Հայաստան պատրաստ է Եւրոմիութեան մօտենալ այնքան՝ որքան Եւրոմիութիւնը հնարաւոր կը համարէ այդ մէկը։

«Վիզաներու ազատականացման շուրջ երկխօսութեան սկիզբն ու Եւրոպայի խաղաղութեան գործիքակազմին ներքեւ Հայաստանին աջակցութիւն տրամադրելու որոշումները աւելի մեծ համագործակցութեան, աւելի մեծ պատկերի միայն երկու օրինակն են։ Մենք ներկայիս կ՚անցնինք Եւրոմիութեան հետ մեր յարաբերութիւններու էական խորացման գործընթաց։ Մենք ունինք գործընկերութեան նոր օրակարգ մը», ըսաւ ան։

Երեքշաբթի, Յուլիս 30, 2024