ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՆԴՐԴՈՒԵԼԻ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ շաբաթավերջին կատարուած յայտարարութիւնները արձագանգ գտան Ատրպէյճանէն եւ Իսրայէլէն։ Նախագահ Էրտողան նշած էր, որ Թուրքիա պէտք է միշտ ըլլայ շատ հզօր եւ ի շարունակութիւն Կազզէի պատերազմին անդրադառնալով՝ ընդգծած էր, թէ ինչպէս մտած է Ղարաբաղ եւ Լիպիա նոյնը կրնայ ընել Իսրայէլի պարագային։ Թէեւ որոշ հակազդեցութիւններ հնչեցին նախագահի այս խօսքերուն դէմ, սակայն ակնյայտ է, որ Թուրքիա այս ուղղութիւններով կը մնայ անդրդուելի։
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարը Էրտողանի խօսքերու լոյսին տակ՝ ընկերային ցանցերու վրայ զինքը բաղդատած էր Իրաքի անկեալ ղեկավար Սատտամ Հիւսէյինի հետ, նաեւ զգուշացուցած, թէ նոյն ճակատագիրը կրնայ խնդրոյ առարկայ դառնալ։ Քաղաքական շրջանակներէն բուռն բողոք հնչեց այդ գրառումէն վերջ՝ մինչ ընդգծուեցաւ, որ Թուրքիան Իրաք չէ եւ նման բան չի կրնար պատահիլ։ Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ փոխադարձեց յայտարարութիւնով մը, որով Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու նմանցուած է ցեղասպան Հիթլերին։
Յամենայնդէպս, առաւել ուշագրաւ էր Էրտողանի յայտարարութիւններու լոյսին տակ Անգարա-Պաքու առանցքին վրայ ստեղծուած կացութիւնը։ Այսպէս, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հակադարձեց Էրտողանի խօսքերուն։ Ատրպէյճանի կողմէ ընդգծուեցաւ, որ Թուրքիոյ զօրքերը մասնակցութիւն չեն ունեցած Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ատրպէյճանի ռազմական գործողութիւններուն։ «Թուրքիան եւ Փաքիստանը քաքաղական աջակցութիւն ցուցաբերած են Ատրպէյճանին եւ նախագահ Իլհամ Ալիեւ բազմիցս շնորհկալութիւն յայտնած է անոնց։ Այլ պետութիւններու զինեալ ուժերը չեն մասնակցած մարտերուն», նշուած է Պաքուի յայտարարութեան մէջ։
«Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան վերականգնման ուղղեալ ռազմական գործողութիւններուն որեւէ երկրի զինուորական անձնակազմի մասնակցութեան մասին յայտարարութիւնները անհիմն են», նշած է նախարարութեան բանբերը՝ յիշեցնելով, որ Ատրպէյճան երեք հազար նահատակ տուած է պատերազմին ընթացքին։
Ատրպէյճան, միեւնոյն ժամանակ քննադատած է նաեւ Իսրայէլի կողմէ Էրտողանին դէմ կատարուած յայտարարութիւնը։ Պաքու անպատշաճ որակած է Թել Աւիւէն հնչած բողոքը։
Ատրպէյճան եւ Իսրայէլ տասնամեակներէ ի վեր խոր դաշնակցային յարաբերութիւններ կը զարգացնեն։ Թուրքիա-Իսրայէլ առանցքի լարուածութիւններուն ժամանակ միշտ օրակարգի վրայ կու գան նաեւ Ատրպէյճանի պահուածքին վերաբերեալ մեկնաբանութիւններ։ Իշխանամէտ շրջանակները հակուած չեն այդ տարբերութիւնները հանրային կարծիքին մատուցել ընդգծուած կամ ուռճացուած ձեւով։