ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՅԱՏՈՒԿ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՅՍՕՐ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՆ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ՝ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԷՆ ՆԵՐՍ ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ՀԱՄԱՐ
Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ դարձեալ աշխուժութիւն կը նկատուի։ Երկու մայրաքաղաքներէն վերջին շրջանին յաճախ հնչեցին ամենաբարձր մակարդակի վրայ յայտարարութիւններ, որոնք դրական սպասումներ կը ցոլացնէին։ Ճիշդ է, որ կողմերու միջեւ կան լուրջ տարակարծութիւններ, սակայն, վերջին շրջանին հիմնական խնդիրը դարձած է՝ նախապէս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու գործնականօրէն կեանքի կոչուիլը։ Արդարեւ, բնականոնացման գործընթացէն ներս երկու երկիրներու միջեւ համաձայնութիւն գոյացած էր, որպէսզի ցամաքային սահմանը բացուի երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն եւ դիւանագիտական անցագրի տէր անձերու համար։ Երեւան յամառօրէն կ՚ակնկալէր այդ գործնական քայլը, իսկ Անգարայի վերաբերմունքի պարագային որոշ չկամութեան մը մեկնաբանութիւնները կը կատարուէին։
Այս բոլորէն վերջ երէկ արդէն հաղորդուեցաւ բնականոնացման գործընթացէն ներս Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչներուն՝ դեսպան Սերտար Քըլըչի եւ Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեանի հերթական ժամադրութեան մասին։ Այսպէս, անոնք այսօր կը տեսակցին սահմանին վրայ։ Սա յատուկ ներկայացուցիչներու արդէն հինգերորդ հանդիպումն է։ Անոնք երկար ժամանակէ ի վեր դէմ առ դէմ չէին հանդիպած։ Մինչ այդ, յատուկ ներկայացուցիչները առաջին անգամ կը մէկտեղուին՝ երրորդ երկրէ մը դուրս, այսինքն չկայ հիւրընկալ կողմ մը։ Ցարդ անոնց բոլոր հանդիպումները երրորդ երկրի մը մէջ եղած էր, ինչ որ առաւել չափով հայկական կողմին նախընտրութիւնը կը համարուէր։ Թրքական կողմին մօտեցումը այն էր, որ երկկողմանի յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ ջանքերը երրորդ երկիրներու մէջ պէտք չէ գործադրուին։
Դեսպան Սերտար Քըլըչ անցեալ մարտին, Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումի օրերուն, Ռուբէն Ռուբինեանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի ներկայութեամբ յայտարարած էր, թէ պատրաստակամ էր անմիջապէս Երեւան այցելելու։
Ուրեմն, այս բոլորէն վերջ այսօր տեղի կ՚ունենայ յատուկ ներկայացուցիչներուն հինգերորդ հանդիպումը։ Վերջին օրերուն Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ այցելած էր Թուրքիա-Հայաստան սահմանի Մարգարայի անցակէտը, ուր ենթակառուցուածքներու վերականգնումը արդէն աւարտած է եւ այդ սահմանադուռը պատրաստ է օգտագործման։
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ
Միւս կողմէ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան բանբեր Վետանթ Փաթէլ յայտրարեց, որ իր երկիրը խորապէս ներգրաւուած է Հարաւային Կովկասի հարցերուն մէջ։ Պատասխանելով յատուկ ներկայացուցիչներու այսօրուան ժամադրութեան վերաբերեալ հարցումի մը՝ ան ըսաւ. «Կրկին, պարզապէս կ՚ըսեմ, որ սա բան մըն է, որու վրայ պետական քարտուղարը կեդրոնացած է եւ մենք կը շարունակենք ըլլալ խորապէս ներգրաւուած»։