ՀԱՄԱՏԵՂՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԳՈՎ
Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հրամանագրին հիման վրայ՝ Եթովպիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Սահակ Սարգսեան համատեղութեան կարգով դեսպան նշանակուեցաւ նաեւ Քենիայի մէջ։ Դեսպան Սահակ Սարգսեանի նստավայրը պիտի շարունակէ մնալ Ատիս Ապապան։
Սահակ Սարգսեան այս տարեմուտին Ատիս Ապապա մեկնած էր Իսթանպուլէն, ուր շուրջ հինգ տարի եղած էր Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչը։ Ատիս Ապապա մեկնելէն հազիւ քանի ամիս անց, դեսպան Սարգսեան արդէն կը սկսի համատեղութեան կարգով երկրորդ երկրի մը մէջ ալ ներկայացնել Հայաստանը։ Յառաջիկային ան Քենիայի ղեկավարութեան պիտի յանձնէ իր հաւատարմագրերը։
Երեւան այս շրջանին կը ձգտի աշխուժացնել յարաբերութիւնները Ափրիկէի երկիրներուն հետ եւ այս ամբողջին մէջ կարեւոր դերատակատարութիւն կը վերապահուի դեսպան Սարգսեանին։