ՖԻՏԱՆ ԳԱՀԻՐԷ ԿԸ ՄԵԿՆԻ

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան կը պատրաստուի այցելել Գահիրէ։ Թուրքիա-Եգիպտոս յարաբերութիններուն մէջ ապահովուած նոր սկիզբին զուգահեռ՝ բարձր մակարդակի վրայ շփումներն ալ կը խտանան վերջին շրջանին։ Տեղական մամուլը կը գրէ, որ երկու երկիրները որդեգրած են իրենց ընդհանուր առեւտուրի ծաւալը 15 միլիառ ամերիկեան տոլարի մակարդակին բարձրացնելու նպատակը։

Հաքան Ֆիտան Գահիրէի մէջ պիտի տեսակցի Եգիպտոսի նոր արտաքին գործոց նախարարին՝ Պատր Ապտելաթիի հետ։ Բանակցութիւններու ընթացքին օրակագրի վրայ պիտի գան նաեւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆետտահ էլ Սիսիի Թուրքիա նախատեսուած այցելութեան նախապատրաստական աշխատանքները։

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ Էլ Սիսի յարաբերութիւններու նոր սկիզբէն վերջ որդեգրած էին համագործակցութեան շուրջ յաւակնոտ նպատակներ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 30, 2024