ԱՂԲԵՐՈՒ ՆՈՐ ԿՈՅՏԵՐ

«Ա­րե­ւելք» կայ­քէ­ջէն կը կար­դանք.-

Պէյ­րու­թի մաս­նա­ւո­րա­պէս ծո­վե­զե­րեայ հա­տուա­ծը սկսած է դառ­նալ աղ­բա­կոյ­տե­րու բոյն: Այս մա­սին լրա­տուա­մի­ջոց­ներ կը հա­ղոր­դեն, որ աղ­բա­հա­նու­թեան տագ­նա­պը կ­­՚ուղ­ղուի դէ­պի յա­ւե­լեալ սրա­ցում: Ինչ­պէս ծա­նօթ է, տագ­նա­պը ծայր ա­ռած էր, երբ քրիս­տո­նեայ «Փա­ղան­գա­ւո­ր» կու­սակ­ցու­թիւ­նը հա­ւաք­ներ ը­նե­լով բո­ղո­քի ձայն բարձ­րա­ցու­ցած էր հա­յաբ­նակ Պուրճ Հա­մու­տի աղ­բա­կա­յա­նի օգ­տա­գործ­ման դէմ: Ա­ւե­լի վերջ Պուրճ Հա­մու­տի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նը ո­րո­շում մը հրա­պար­կե­լով յայ­տա­րա­րած էր տեղ­ւոյն աղ­բա­թափ­ման կա­յա­նի ժա­մա­նա­կա­ւոր փակ­ման մա­սին: Իր կար­գին պե­տա­կան ե­րես­փո­խան եւ Հայ յե­ղա­փո­խա­կան դաշ­նակ­ցու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ՝ Յա­կոբ Բագ­րա­տու­նի  մա­մու­լին տրուած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով ը­սած էր, որ դէ­պի Պուրճ Հա­մուտ բե­րուող աղ­բե­րը չեն լրաց­ներ կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ հաս­տա­տուած պայ­ման­նե­րը, ինչ որ կրնայ նոր տագ­նա­պի մը դուռ բա­նալ: Յա­նուն կա­ռա­վա­րու­թեան ար­տա­յայ­տուող նա­խա­րար Աք­րամ Շը­հա­յէպ «Ալ Սա­ֆի­ր» պար­բե­րա­կա­նին խօ­սե­լով քննա­դա­տած է մաս­նա­ւո­րա­պէս «Փա­ղան­գա­ւո­ր» կու­սակ­ցու­թիւ­նը։ Ան ը­սած, որ ա­նոնք խնդրին լու­ծում բե­րե­լու նպա­տակ չու­նին, այլ կ՚ու­զեն կա­ռա­վա­րու­թեան աշ­խա­տան­քը եւ աղ­բա­հա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ մշա­կած ծրա­գի­րը ձա­խողց­նել:

Միւս կող­մէ, տար­բեր աղ­բիւր­ներ կը խօ­սին, որ «Փա­ղան­գա­ւո­ր» կու­սակ­ցու­թեան այս վե­րա­բեր­մուն­քին մէջ քա­ղա­քա­կան ո­րոշ նպա­տակ­ներ եւ թի­րախ­ներ կան։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 30, 2016