ՄԱՀ՝ ՔԵՐԻՄՈՎԻ

Էօզ­պե­քիս­տա­նի Նա­խա­գահ Իս­լամ Քե­րի­մով մա­հա­ցաւ 78 տա­րե­կան հա­սա­կին։ Ու­ղե­ղի ա­րիւ­նա­հո­սու­թեան մը հե­տե­ւան­քով մա­հա­ցաւ էօզ­պեք ղե­կա­վա­րը։ Թէեւ պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը չեն հաս­տա­տեր իր մա­հուան վե­րա­բե­րեալ լու­րե­րը ու կը յայտ­նեն, որ խտա­ցեալ խնամ­քի տակ կը գտնուի հի­ւան­դա­նո­ցի մէջ։

1991 թուա­կա­նէն ի վեր Իս­լամ Քե­րի­մով ե­ղած է նախ­կին Խորհր­դա­յին Միու­թեան եր­կիր­նե­րէն Էօզ­պե­քիս­տա­նի ա­ռա­ջին ու միակ նա­խա­գա­հը։ Ան քսան­վեց տա­րի ղե­կա­վա­րեց Էօզ­պե­քիս­տա­նը, որ կը ներ­կա­յաց­նէ ռազ­մա­վա­րա­կան կա­րե­ւո­րու­թիւն։ Ար­դա­րեւ, այդ եր­կի­րը աշ­խար­հի մե­ծա­գոյն չոր­րորդ ոս­կիի հան­քե­րուն տէրն է ու միեւ­նոյն ժա­մա­նակ բնա­կան կա­զի ար­տադ­րու­թեան բնա­գա­ւա­ռին մէջ 11-րդն է ամ­բողջ աշ­խար­հի վրայ։

Մի­ջազ­գա­յին աղ­բիւր­նե­րը ա­ռայժմ դժուար կը հա­մա­րեն իր հա­ւա­նա­կան յա­ջոր­դին մա­սին ը­նել կան­խա­տե­սում­ներ։ 

Երեքշաբթի, Օգոստոս 30, 2016