ԱՐժԷՔ ՈՒ ԿԵԱՆՔ ՏԱԼ

Պէյրութի «Բագին» ամսագրին մէջ վերջերս լոյս տեսաւ «ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մետանաշարէն լոյս տեսած առաջին երեք գիրքերուն վերաբերեալ գրախօսական մը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Հրակ Փափազեանի (*) ստորագրութեամբ լոյս տեսած այս յօդուածը, որու խորագիրն է «Նոր հրատարակութիւններ Պոլիսէն»։

*

Սոյն էջերով կու գանք «Բագին»ի ընթերցողներուն ներկայացնել երեք նոր հրատարակութիւններ, որոնք լոյս տեսած են նախորդ տարի՝ 2015-ին, Իսթանպուլի կամ, ինչպէս վարժ ենք ըսել, Պոլսոյ մէջ։ Այսպիսով, երեք հատորներուն որոշ մանրամասնութիւնները ներկայացնելէ անդին, նաեւ կը փորձենք պատուհան մը բանալ դէպի հայ հրատարակչական միջավայրը Պոլսոյ, որ ատենօք սիրտն ու օրրանն էր արեւմտահայ գրականութեան։ Գործերը, զորս կը ներկայացնենք այստեղ, առաջին երեք թիւերն են Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի 100-ամեակի մատենաշարին. յաջորդաբար՝ Օրուան մտածումներ (1908-1913) - Քասիմ (Միսաք Գօչունեան), Փոքր Ասիոյ մէջէն - Երուանդ Սրմաքէշխանլեան (Երուխան) եւ Յօդուածներ - Ռուբէն Զարդարեան։ Երեքն ալ խմբագրուած յօդուածաշարքեր են՝ աշխատասիրութեամբ տուեալ օրաթերթի նախկին փոխ-խմբագիր, «Բագին»ի խմբագրական կազմի անդամ, գրականագէտ Սեւան Տէյիրմենճեանի։ Քասիմի, Երուխանի եւ Զարդարեանի յօդուածները, խմբուած այս երեք հատորներուն մէջ, անուղղակիօրէն իրարու հետ երկխօսութեան մէջ են ու կ՚ամբողջացնեն զիրար, քանի որ լոյս տեսած են ո՛չ միայն նոյն ԺԱՄԱՆԱԿ-ին մէջ, այլ նաեւ նոյն ժամանակին -որ վերահռչակեալ Օսմանեան սահմանադրութեանն էր- յաջորդող Երիտթուրքական յեղափոխութեան։ Արդարեւ, երեք հատորներու մէջ խմբուած գործերը ծնած են 1908-1913 տարիներուն եւ ըլլալով հրապարակախօսական, բնականաբար կ՚անդրադառնան սահմանադրութեան եւ անոր առընչուած խնդիրներուն։ Տեսնենք՝ մէկ առ մէկ։

Մատենաշարի առաջին գիրքը կը խմբէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադիր-խմբագիր Միսաք Գօչունեանի («Քասիմ» գրչանուամբ ծանօթ) 1908-1913 ժամանակաշրջանին հրատարակած 93 յօդուածները։ 2014-ին լոյս տեսած այս հատորին յառաջաբանը՝ «Հեռագիրը՝ խորագիր», գրած է Իշխան Չիֆթճեան, իսկ կողքը պատրաստած է Սայաթ Սաղպազարեան։ Յօդուածներու շարքին վերջաւորութեան հատորի խմբագիր Տէյիրմենճեանի կողմէ կցուած են՝ ծանօթագրութիւններ, անձնանուններու, տեղանուններու եւ օտար բառերու մասին բացատրութիւններ։ Այստեղ կարելի չէ ներկայացնել Քասիմի 93 յօդուածները մէկ առ մէկ, սակայն կը ջանանք ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադառնալ անոնց թեմաթիք ուղղութեան, շօշափած նիւթերուն եւ բարձրացուցած հարցերուն։ Որպէս հրապարակագիր, որ պարտի անդրադառնալ օրուան քաղաքական եւ ընկերային հարցերուն, 1908-էն սկսեալ գրած իր յօդուածներուն մէջ, Քասիմ բնականաբար տեղ կու տայ՝ վերահռչակեալ Օսմանեան սահմանադրութեան, կայսրութեան հայ ազգաբնակչութեան ունեցած ակնկալութիւններուն, իշխանութեանց անհաւատարմութեանն ու անոնց կողմէ կատարուած խախտումներուն, եւ հայ մտաւորականին վրայ յառաջացուցած յուսախաբութեան։ Նոյեմբերէն Դեկտեմբեր երկարող առաջին քանի մը յօդուածներու մէջ զգալի է այն յոյսն ու խանդավառութիւնը, զորս կ՚ապրի Քասիմ՝ ի տես սահմանադրութեան եւ անոր բերած ազատութեան խոստումներուն եւ օրէնսդրական լծակներուն։ «Թէ ի՞նչ շահեցանք ազատութենէն» եւ «Ազատ ապրելու արուեստը» յատկապէս ցնծութեան մթնոլորտի մը մէջ գրուած են կարծես։ Յօդուածաշարքին հետեւողը սակայն շուտով կը նշմարէ, թէ Քասիմ արդէն ամիս մը անց՝ 15-26 Դեկտեմբերին հրատարակած «Անձրեւէն փախանք, կարկուտի բռնուեցանք» յօդուածով կը նախազգայ, թէ իր եւ այլ հայոց ապրած ցնծութիւնը հիասթափութեան կրնայ վերածուիլ ոչ հեռու ապագային՝ տրուած ըլլալով, որ նորաստեղծ խորհրդարանին մէջ «ժողովրդավարօրէն» ընտրուած են նախկին բռնապետութեան ամենէն ցայտուն ներկայացուցիչները, յատկապէս հայկական գաւառներուն մէջ։ Յաջորդող յօդուածներէն շատերը կը վկայեն այդ նախազգացումի իրականացման մասին, յատկապէս Ատանայի ջարդին ի տես («Համիտին հայաջինջ ծրագիրը ո՞վ կը շարունակէ», «Որո՞ւ հաշուոյն է, որ կը ջարդուի հայը» եւ այլն)։ Քասիմի յօդուածները բնականաբար չեն սահմանափակուիր Օսմանեան իշխանութիւններ-հայ ազգաբնակչութիւն յարաբերութեան ծիրին մէջ. հատորի ընթերցողները պիտի հանդիպին նաեւ բազմաթիւ յօդուածներու, որոնք խորհրդածութիւններ են զուտ ներքին, ներազգային հարցերու վերաբերեալ («Քորեպիսկոպոս եւ «աչըքտան» եպիսկոպոս», «Ընդհանուր հայոց հայրապետութեան շուրջ», «Նախ պատրիարքութիւնը ապահովենք, ետքը պատրիարքցու փնտռենք», «Արժանաւոր գլուխ մը ընտրենք ազգին», «Հայ ազգը քաղաքական ո՞ր կուսակցութեան կը պատկանի», «Կովկասահայն ու թուրքահայը», եւ այլն)։

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մատենաշարի երկրորդ գիրքը՝ վերնագրեալ Փոքր Ասիոյ մէջէն, Երուխան գրչանունով յայտնի Երուանդ Սրմաքէշխանլեանի գրիչով ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ հրատարակուած գործերու հաւաքածոյ մըն է։ Մատենաշարի Ա. թիւին նման, այստեղ խմբուած գրութիւնները եւս թուղթին տրուած են յետ-սահմանադրական տարիներուն, մինչեւ 1913։ Ի տարբերութիւն նախորդին սակայն, այս մէկը չի սահմանափակուիր հրապարակախօսական արտադրութեամբ. այստեղ կան նաեւ ուղեգրութիւն մը եւ չորս նորավէպեր։ 2015-ին Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած այս հատորին յառաջաբանը գրած է ամերիկահայ բանասէր ու պատմաբան Վարդան Մատթէոսեան, իսկ կողքը պատրաստած՝ պոլսահայ գեղանկարիչ-երգիծանկարիչ Արէտ Կըճըր։ Հատորին վերնագիրը՝ Փոքր Ասիոյ մէջէն, փոխ առնուած է ուղեգրութենէն, որով կը սկսի հաւաքածոն։ Երուխան կը նկարագրէ 1913-ի ընթացքին իր ուղեւորութիւնը դէպի «հայրենի երկրին խորերը». ընթերցելով զայն, ականատեսի ակնոցով կը ծանօթանանք յետ-սահմանադրական հիասթափութեան տարիներու «ցաւի հայրենիք»ին, հայ բնակչութեան անապահովութեան, հայ գաղթականին, Զոնկուլտաքի եւ Սամսոնի նման գաղութներու ազգային կեանքին, զէն ի ձեռին համիտեան ջարդերու ընթացքին դիմադրութիւն ցոյց տուած մալաթիացի հայոց, եւ այլն։ Այս ուղեգրութեան կը յաջորդեն չորս նորավէպեր, որոնցմէ առաջին երեքը՝ Ժանգոտ հրացան, Տէր պապային հինգերորդ տունը, Կտակը ի յայտ կը բերեն այդ ժամանակներու պոլսահայ միջավայրին մէջ բոյն դրած յոռի երեւոյթները, ինչպէս կեղծ կամ անճիշդ յեղափոխականութիւն-կուսակցականութիւնը, փառասիրութիւնն ու շողոքորթութիւնը, հայ դպրութեան հանդէպ անտարբերութիւնը։ Չորրորդ նորավէպը սակայն, Անձնուիրութեան ժեսթը, կը դրուատէ պոլսահայ որոշ կանանց անձնուիրութիւնն ու զոհաբերումը՝ Կիլիկիոյ որբերուն օգնութեան հասնելու առաքելութեան ծիրին մէջ։ Վերջապէս, հատորը կը ներկայացնէ հրապարակագիր Երուխանը, որ համեմատաբար նուազ ծանօթ է։ Խմբագրուած 22 յօդուածները առաջին հերթին կ՚անդրադառնան վերահռչակեալ սահմանադրութեան անգործութեան՝ «… բոլորը թուղթի վրայ կամ իրենց տեսական հանգամանքին գեղեցկութեանը մէջ յաւերժացած պիտի մնան, անկէց անդին, գործնականին մէջ, ոչինչ, ոչինչ, ոչինչ», «Եգիպտոսի մէջ -որ տակաւին սահմանադրական չէ- գործնականապէս պատժեցին Մենշաւի փաշան, որ վերջապէս մարդ սպաննած էր։ Թուրքիոյ մէջ -որ սահմանադրական է- ոչխարի պէս մարդ մորթող չարագործները անպատժութեա՞մբ պիտի քաջալերուին»։ Հրապարակագիրը այլ յօդուածներով կ՚անդրադառնայ նաեւ հայ-պուլկարական յարաբերութիւններուն, Պուլկարիոյ մէջ հայ գաղթականներուն հանդէպ թշնամական վերաբերմունքին, ինչպէս նաեւ ներազգային-ներհամայնքային խնդիրներու՝ անհետեւողականութիւն, հակակղերականութիւն, պատեհապաշտութիւն, ազգային անհամագործակցութիւն, եւ այլն։ Ինչպէս յառաջաբանի հեղինակ Մատթէոսեան կ՚եզրափակէ՝ «Օրուան հարցերուն զուգընթաց քալող Երուխանի այս մէկտեղումը ո՛չ միայն շահեկան վկայութիւն մըն է օսմանեան սահմանադրական շրջանին հայութեան դիմագրաուած տագնապալի հարցերուն եւ մտահոգութիւններուն մասին, այլ նաեւ՝ անոնց հանդէպ գրագէտին յանձնառու ու սկզբունքային վերաբերումին։ Նաեւ, իր կարգին, հարիւրամեայ հեռաւորութենէ մեզի կը բերէ ժամանակակից հնչեղութիւն ունեցող հարցեր»։ Հաւաքածոն կ՚ամբողջացնեն խմբագիր Սեւան Տէյիրմենճեանի պատրաստած ծանօթագրութիւններու շարքն ու յատուկ անուններու ցանկը։

Վերջապէս, շարքին երրորդ հատորը հաւաքածոն է Ռուբէն Զարդարեանի 33 յօդուածներուն, բոլորն ալ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին մէջ լոյս տեսած, նոյն յետ-սահմանադրական տարիներուն ընթացքին՝ 1908-ի Նոյեմբերէն մինչեւ 1909-ի Ապրիլ, նախքան մտաւորականին Հ.Յ. Դաշնակցութեան «Ազատամարտ» պաշտօնաթերթի խմբագրապետութիւնը ստանձնելը։ Հատորը հրատարակուած է 2015-ին, Պոլսոյ մէջ. կողքը պատրաստած է դարձեալ Արէտ Կըճըր՝ օգտագործելով լուսանկար մը, որ կը պատկերէ զմիւռնիացի հայերը, որոնք կը տօնախմբեն Սահմանադրութեան հռչակումը, 1908-ին։ Ինչպէս յառաջաբանի հեղինակ պատմաբան Վահէ Թաշճեան կ՚ըսէ՝ «Զարդարեան էապէս «օսմանեանական» մըն է, «օսմանցի» մըն է իր գրութիւններուն մէջ»։ Ընթերցողը պիտի նկատէ Զարդարեանի գաղափարական անկեղծ նուիրումը սահմանադրութեան ամրագրած ժողովրդավարական արժէքներուն («Իրաւունքի պայքար», «Ժողովրդական հանրալսարաններուն անհրաժեշտութիւնը», «Ողջո՜յն խորհրդարանին», «Բնակարանի անձեռնմխելիութիւն», եւ այլն)։ Իր յօդուածաշարքին մէջ սակայն, Զարդարեան հետզհետէ աւելի եւ աւելի՛ ուժգին կը խարազանէ նոյն այդ արժէքներուն բռնաբարումը իբր թէ «յեղափոխական» նոր իշխանութեանց կողմէ։ Բազմիցս կ՚ահազանգէ, թէ իշխանութեան գործադիր մարմիններուն մէջ անպատիժ եւ դիրքի վրայ կը մնան համիտեան ժամանակաշրջանին իրենց արիւնարբութիւնն ու բռնակալութիւնը ապացուցած պաշտօնեաներ, կ՚ահազանգէ հայկական շրջաններու մէջ տիրող անօրինական եւ անմարդկային երեւոյթներուն, խոշտանգումներուն, խարդախութեանց, ի հեճուկս օրէնքի կատարուած անիրաւութեանց մասին («Սուլթանին գահաճառը», «Անապատ երկիր», «Փա՞ստ կ՚ուզէք. հրամմեցէ՛ք» եւ այլն)։ Կը մերկացնէ կայսրութիւնը իր սահմանադրական խաբուսիկ քօղէն եւ նշանակալիօրէն հարց կու տայ. «Անցեա՛լը։ Ե՞տ կը դառնանք արդեօք» («Երկու յանձնաժողովներ»)։ Աչալուրջ լրագրող եւ հրապարակագիր, յաճախ կ՚արձագանգէ այլ թերթերու մէջ լոյս տեսած սադրիչ յօդուածներու, թեւաթափ կ՚ընէ այն անապացոյց վարկածները, թէ հայերը ունին անջատողական ձգտումներ, եւ կ՚առարկէ, թէ ամբողջ խնդիրը թուրք տարրին տիրապետութեան համոզմունքին եւ կեդրոնացեալ կառավարումին մէջ է, իսկ օսմանեան հայրենիքի փրկութիւնը կը կայանայ կատարեալ եւ իրական հաւասարութեան ու ապակեդրոնացեալ կառավարման դրութեան մէջ («Տիրապետութեան ոգին», «Կեդրոնական կառավարութիւն», «Անջատողութեան խրտուիլակը», եւ այլն)։ Յօդուածաշարքի աւարտին ընթերցողը կը ստանայ յաւելեալ լուսաբանում «Ծանօթագրութիւններ» բաժնին մէջ։ Հատորին կցուած է նաեւ յատուկ անուններու ցանկ մը։

ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի նախաձեռնած այս նոր մատենաշարը, իր առաջին երեք հրատարակութիւններով, ընթերցողներուս առջեւ իրապէս դուռ կը բանայ դէպի նախացեղասպանական շրջանի հայ մտաւորականութեան իտէալներու, պահանջներու եւ մտահոգութիւններու աշխարհը։ Մեզի կը մնայ ընթերցելով արժէք ու կեանք տալ այսօր եւ դար մը առաջ Պոլսոյ մէջ թափուած մելանին։


(*)ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ - Ծնած է 1991-ին, Պէյրութ, Լիբանան։ Աւարտած է Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանը, 2010-ին։ 2013-ին Լիբանանի Ամերիկեան համալսարանէն ստացած է Հաղորդակցական արուեստներ ճիւղի Պսակաւոր արուեստից վկայականը։ 2015-ին ստացած է մագիստրոսի վկայական՝ Օքսֆորտի համալսարանէն, ուր մասնագիտացած է Ընկերային մարդաբանութեան մէջ՝ գրելով իր աւարտաճառը պոլսահայոց ժամանակակից ընկերային-ինքնութենական հարցերուն մասին։ 2015-էն սկսեալ կը պատրաստէ իր դոկտորականը, որպէս Օքսֆորտ համալսարանի Մարդաբանութեան բաժանմունքի ուսանող։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 30, 2017