ՕԳՈՍՏՈՍ 30-Ի ՄԵԾ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՏՕՆԸ ԿԸ ՆՇՈՒԻ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ

Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ այսօր կը նշուի օգոստոս 30-ի Մեծ յաղթանակի տօնը։ Հանրապետութեան հիմնադիր մեծն Աթաթիւրքի գլխաւորութեամբ 1922-ին տարուած Մեծ յաղթանակի 97-րդ տարեդարձին առթիւ տեղի կ՚ունենան տօնակատարութիւններ։

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ պետական աւագանիէն յառաջատար դէմքեր օրուան տօնին առթիւ հրապարակած են պատգամներ՝ շեշտադրելով երկրէն ներս միասնականութեան մթնոլորտի ամրապնդման կարեւորութիւնը։

Նախագահ Էրտողան շնորհաւորական պատգամին մէջ բիւր յարգանքով ոգեկոչած է Հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքը եւ իր բոլոր զինակից ընկերները, որոնք կերտած են այս յաղթանակը։ Ան նշած է, որ այս յաղթանակը թուրք ազգի ազատութիւնն ու ապագան երաշխաւորելու տեսակէտէ խորհրդանշական իմաստ մը ունի եւ պատմութեան ամբողջին մէջ կը համարուի այդ վճռականութեան դրսեւորումը։

Նախագահ Էրտողան տօնական պատգամին մէջ ընդգծեց, որ 30 օգոստոսի յաղթանակով թուրք ազգը ամբողջ աշխարհին ցոյց տուած է, որ պիտի չզիջի իր անկախութիւնը ու այդպէսով թօթափած է գերութիւնը։ Այդ յաղթանակը միեւնոյն ժամանակ յուշած է Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութիւնը եւ այսօր ալ մեր երկիրը պատրաստ է յաղթահարելու իրեն դէմ լարուած բոլոր ծուղակները։ Էրտողան այս առումով լաւագոյն փաստը համարած է Թուրք զինեալ ուժերու կողմէ մեր երկրի սահմաններէն ներս կամ դուրս մղուած պայքարը՝ ազգային շահերու երաշխաւորման նպատակով։ Նախագահը ընդգծած է, որ Սուրիոյ հիւսիսին, Իրաքի մէջ եւ Միջերկրականի արեւելքին Թուրքիոյ դէմ լարուած բոլոր ծուղակները խանգարելու վճռակամութիւնը ունի մեր երկիրը։ Մեծ յաղթանակի ներշնչումով եւ առթած համարձակութիւնով՝ Թուրքիան աւելի լուսաւոր ապագայի մը առաջնորդելու համար պայքարը պիտի շարունակուի։ Այս խոհերու լոյսին տակ՝ Էրտողան յարգանքով վերյիշած է նահատակները եւ 30 օգոստոսի Յաղթանակի տօնին կապակցութեամբ շնորհաւորութիւններ յղած է նաեւ Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան։

Բաց աստի, 30 օգոստոսի առթիւ այսօր պաշտօնական ընդունելութիւն մըն ալ կը սարքուի Պեշթեփէի նախագահական համալիրէն ներս։

Անգարայի այս պաշտօնական ընդունելութեան հրաւիրուած է նաեւ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան։

Ուրբաթ, Օգոստոս 30, 2019