ԵՐԵՒԱՆԻՆ ՈՒՂՂԵԱԼ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա պատրաստակամ է Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու։ Ան համոզուած է, որ տարածքաշրջանէ ներս զգալի է նոր ու շինիչ մօտեցումներու կարիքը։

Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ վերջին շրջանին ամենաբարձր մակարդակի վրայ ազդանշաններ կը տրուին երկկողմանի յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ։ Վերջին օրերուն այս նիւթը նոր հարթութեան վրայ եկաւ, որովհետեւ ուղղակիօրէն առաջին դէմքերու կողմէ հնչեցուեցան դրական պատգամներ. յանձինն՝ նախագահ Էրտողանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, դէպի Պալքաններ ձեռնարկած ուղեւորութենէ վերադարձին նախագահ Էրտողան երէկ օրակարգի առաջնահերթ նիւթերուն շուրջ զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Մամլոյ սպասաւորները իր նկատառման յանձնեցին Փաշինեանի վերջին յայտարարութիւնը, ըստ որու Թուրքիայէն կը հասնին կարգ մը դրական ազդանշաններ, որոնք պիտի արժեւորուին։ Այս կապակցութեամբ իր մեկնաբանութիւնները ներկայացնելու ժամանակ Էրտողան նախ մաղթեց, որ Հայաստանի նորաստեղծ կառավարութիւնը բարեբեր ըլլայ տարածքաշրջանի համար։ Ապա ան ըսաւ.

«Մեր տարածքաշրջանը կարիքն ունի նոր ու շինիչ մօտեցումներու։ Որքան որ ալ տեսակէտներու եւ ակըն-կալութիւններու տարբերութիւններ ըլլան, մէկզմէկու տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան նկատմամբ յարգանքը ներառեալ, վստահութեան հիման վրայ բարիդրացիական յարաբերութիւններու զարգացման նպատակով անկեղծ ջանքի մը գործադրումը պիտի ըլլայ պատասխանատու վերաբերմունք մը»։

Ըստ Էրտողանի, մօտաւոր անցեալը պէտք չէ թշնամութեան աղբիւր դառնայ եւ շինիչ քայլեր պէտք է առնուին՝ դէպի տեւական խաղաղութիւն եւ համակեցութիւն։ «Միակողմանի մեղադրանքներու փոխարէն պէտք է գերակշռեն իրատես մօտեցումներ, որոնք յարած են ապագայի։ Մենք կրնանք աշխատիլ մեր յարաբերութիւնները աստիճանաբար բնականոնացնելու ուղղութեամբ՝ այս ուղղութեամբ ընթանալու պատրաստակամութիւն յայտնած Հայաստանի կառավարութեան մը հետ։ Այլեւս խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը պէտք է մշտական դարձնենք եւ պէտք է ապահովենք տնտեսական զարգացման եւ տարածքաշրջանային համագործակցութեան պայմանները», շարունակեց նախագահը։

Բաց աստի, Էրտողան դիտել տուաւ, որ նոյնանման հասկացութիւնով մը Ատրպէյճանն ալ առաջարկած է Հայաստանի հետ բանակցութիւններու սկսիլ՝ ծաւալուն խաղաղութեան համաձայնութեան մը հասնելու համար։ Նախագահը աւելցուց.

«Ինչպէս պայմանաւորուածութիւն գոյացած է 9 նոյեմբեր 2020 թուականի եռակողմանի յայտարարութեան մէջ, Հարաւային Կովկասի եղափոխութեան համար նոր հնարաւորութիւններ պիտի ստեղծուին՝ ամբողջ տարածքաշրջանի իրարու կապուելուն բերումով։ Մենք պատրաստ ենք աշխատելու այն բոլոր կողմերուն հետ, որոնք այս պատմական հնարաւորութիւնը լաւ օգտագործելու կը փափաքին»։

Այս կէտին վրայ նախագահ Էրտողան յիշեցուց նաեւ Անգարայի կողմէ տարածքաշրջանային հարթակ մը ձեւաւորելու ուղղութեամբ օրակարգի վրայ բերուած առաջարկը։ «Արդէն յայտնի է 5 կամ 6 կողմերու մասնակցութեամբ հարթակ մը ձեւաւորելու ուղղութեամբ մեր առաջարկը։ Այդ հարթակին վրայ կան Թուրքիա, Ատրպէյճան, Ռուսաստան, Իրան եւ Հայաստան։ Նոյնիսկ մենք ըսինք, որ Վրաստանն ալ ներառենք։ Եթէ սոյն հարթակը այս ձեւով ընդունուած ըլլայ, ապա կը կարծեմ՝ տարածքաշրջանը շատ աւելի պիտի հանգստանայ։ Արդարեւ, տարածքաշրջանէ ներս պէտք է կառուցուին երկաթուղիներ եւ ցամաքուղիներ։ Եթէ այս հարթակը ձեւաւորուի, այդ ճանապարհները սիրտերն ալ իրարու պիտի միացնեն։ Մենք մտածեցինք, թէ այսպիսի քայլ մը առնելով կրնանք յաղթահարել տարածքաշրջանի դժուարութիւնները», ընդգծեց Էրտողան։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ ան յիշեցուց, որ այս բոլորին շուրջ համամիտ գտնուած են Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի, նոյնպէս նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Այս նիւթը կարելի է քննարկել նաեւ Իրանի նորընտիր նախագահ Ռէիսիի հետ։ «Աւելի վերջ դարձեալ քայլեր կ՚առնենք այս հարթակը կեանքի կոչելու համար», եզրակացուց Էրտողան։

Օդանաւին մէջ լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ նախագահը յայտնեց, որ յառաջիկայ շրջանին կը նախատեսէ այցելել Ռուսաստան։ Թէեւ այդ ուղեւորութեան ժամկէտներու մասին մանրամասնութիւններ չհաղորդուեցան, սակայն ուշագրաւ էր, որ Էրտողան Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղութեամբ պատրաստակամութիւն յայտնած է՝ երբ հորիզոնին վրայ ուրուագծուած է իր ճանապարհորդութիւնը դէպի Ռուսաստան։

Էրտողանի յայտարարութիւնները լայն արձագանգ գտած են նաեւ Հայաստանի լրատուութեան միջոցներուն մօտ, որոնք մանրամասնութիւններ հաղորդած են՝ յղում ընելով թէ՛ «Անատոլու» գործակալութեան եւ թէ այլ ռուսական աղբիւրներու։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 30, 2021