ԿԱՐԵՒՈՐ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Մոսկուա, ուր կը հիւրընկալւի Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի կողմէ։ Սա Արարատ Միրզոյեանի առաջին արտասահմանեան ուղեւորութիւնն է՝ նախարար նշանակուելէ վերջ։ Միրզոյեան եւ Լաւրով կը քննարկեն հարցեր, որոնք կը վերաբերին երկկողմանի դաշնակցային յարաբերութիւններու զանազան ոլորտներէ ներս զարգացումը ապահովելու ուղղեալ յետագայ քայլերու ձեռնարկման։ Օրակարգի վրայ կու գան ընդհանուր համարկման գործընթացները՝ ԱՊՀ-ի, ՀԱՊԿ-ի եւ ԵԱՏՄ-ի համագործակցութեան ընդլայնման կտրուածքով, նախարարները կ՚անդրադառնան նաեւ ՄԱԿ-է, ՀԱՊԿ-է եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններէ ներս կողմերու դիրքորոշումներու համակարգման։

Արարատ Միրզոյեան եւ Սերկէյ Լաւրով կը շօշափեն նաեւ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրականացման ընթացքը՝ ներառեալ մարդասիրական հարցերն ու Հարաւային Կովկասէ ներս տնտեսական եւ փոխադրային կապերու ապաշրջափակումը։ Ռուսական դիւանագիտական աղբիւրները ընդգծած են իրենց ակնկալութիւնը, թէ նախարարներու Մոսկուայի բանակցութիւնները կը նպաստեն Երեւանի հետ դաշնակցային համագործակցութեան, տարածքաշրջանէ ներս անվտանգութեան եւ կայունութեան ամրապնդման։

Մինչ այդ, Եւրոյանձնաժողովի փոխ-նախագահ, Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ պաշտպանութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելն ալ Արարատ Միրզոյեանին ուղարկեց շնորհաւորական մը։ Պորել այս առթիւ մատնանշած է տարածքաշրջանէ ներս յետպատերազմեան վերականգնման եւ վստահութեան մթնոլորտի ստեղծման ուղղեալ ջանքերուն կարեւորութիւնը։ Այս համատեսքին մէջ ԵՄ պատրաստակամ է շարունակել իր աջակցութիւնը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ջանքերուն։

ՆՈՐ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐ

Միւս կողմէ, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնները կը շարունակուին։ Շաբաթավերջին Ատրպէյճանի զօրքերը թիրախ դարձուցին Գեղարքունիքի մարզի հայկական դիրքերը։ Անոնք մասնաւորապէս կրակ բացին Սոթքի վրայ։ Բախումներու ընթացքին հայկական կողմէն տուժածներ չեն եղած։ Պաքուի պաշտօնական աղբիւրները հերքեցին Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ հրապարակուած այս լուրերը՝ զանոնք որակելով բացարձակ սուտ։

Ի լրումն այս բոլորին, Ստեփանակերտէն ալ հաղորդուեցաւ, որ Ատրպէյճանի ստորաբաժանումները շաբաթավերջին կրակած են Արցախի Թաղավարդ բնակավայրին վրայ։ Վիրաւորուած է հայ զինուոր մը՝ Արկիշտի Շահնազարեան։ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները հակազդող գործողութիւններ իրականացուցած են։ 

Երկուշաբթի, Օգոստոս 30, 2021