ՈՉ ԵՒՍ Է ԻՐԱՒԱԲԱՆ ՏԱՐԻԷԼ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

Երեւանի մէջ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքեց հեղինակաւոր իրաւաբան եւ վաստակաւոր պետական գործիչ Տարիէլ Բարսեղեան։ Երեւանի Պետական համալսարանի իրաւաբանական ֆաքիւլթէն աւարտելէ վերջ ան այնտեղ դարձած էր դասախօս եւ տարիներու ընթացքին ստանձնած էր զանազան պաշտօններ, վարելով նաեւ ամպիոններ։ 1990-1998 թուականներուն եղած էր Հայաստանի Գերագոյն դատարանի նախագահը։ 2008 թուականին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի հրամանագրով նշանակուած էր Արդարադատութեան խորհուրդի իրաւաբան գիտնական անդամ։ Իրաւաբանութեան կալուածէն ներս փրոֆեսէօրի կոչում ստացած էր, նաեւ լրատուամիջոցներու համար պատրաստած էր իր մասնագիտութեան վերաբերեալ ծրագրեր։

Երանաշնորհ Տ.Տ. Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ընտրութեան ժամանակ, Տարիէլ Բարսեղեան 1995 թուականին գումարուած Ազգային-եկեղեցական ժողովի դիւանի ատենապետը եղած էր։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 30, 2021