ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ՅՈՐԴՈՐ
Երէկ, Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան Նիւ Եորքի մէջ ելոյթով մը հանդէս եկաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 70-րդ նստաշրջանի բացման հանգրուանին։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Սերժ Սարգսեանի ելոյթը.-
Կը շնորհաւորեմ Մեր բոլորը Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) 70-րդ տարեդարձին կապակցութեամբ։ Այս կազմակերպութեան ստեղծումը մարդկութեան մեծագոյն նուաճումներէն մին է, ինչ որ ժողովուրդները համախմբած է՝ միաւորելով ընդհանուր իղձերու եւ սկզբունքներու շուրջ։ Անցեալ եօթանասուն տարիները բնորոշուեցան կարեւորագոյն դրական զարգացումներով՝ վերջ դրուեցաւ գաղութատիրութեան, ցեղական խտրականութեան։ Աշխարհի ժողովուրդներու հնարաւորութիւն տրուեցաւ ինքնորոշուելու, պետականութիւն կերտելու եւ իրենց ճակատագիրը տնօրինելու իրենց իսկ ստեղծած պետութեան մէջ՝ ՄԱԿ-ի անդամներուն թիւը 51-էն հասցնելով 193-ի։
Այս բոլոր նուաճումներով հանդերձ՝ պէտք է խոստովանինք, որ ներկայիս աշխարհ կանգնած է նոր մարտահրաւէրներու առջեւ՝ ահաբեկչութիւն, ծայրայեղականութիւն, անհանդուրժողականութիւն, տնտեսական ճգնաժամեր, կլիմայի փոփոխութիւն, թմրամիջոցներու, զէնքերու ու մարդկային գործարաններու մաքսանենգութիւն, մարդոց ապօրինի շրջագայութիւն, գաղտնի ճգնաժամ եւայլն։ Այս մարտահրաւէրներուն շարքը երկար է։ Եւ այս բոլորին իսկ դէմ պայքարելու անհրաժեշտութիւնն է, որ մեզ կը պարտաւորեցնէ վճռականօրէն վերահաստատել մեր համատեղ յանձնառութիւնը այս կազմակերպութեան առաքելութեան ու անոր կանոնադրութեան։
Անցեալ տարի՝ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախաշեմին, ես այս ամպիոնէն անուն առ անուն շնորհակալութիւն յայտնեցի զայն ճանչցած երկիրներուն՝ կոչ ուղղելով ամբողջ միջազգային հանրութեան ճանաչման ու դատապարտման միջոցաւ ցեղասպանութիւններու կրկնութեան դէմ պայքարին նոր թափ տալու համար։
Այսօր նոյն այս ամպիոնէն շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Հռոմի Ֆրանսիսքոս Պապին եւ կը յիշատակեմ անոր կողմէ մատուցուած պատմական պատարագը, Եւրոպայի խորհրդարանին եւ կը մատնանշեմ անոր ընդունած բանաձեւը, Գերմանիոյ նախագահին եւ վստահեցնեմ, որ անոր յայտնի ելոյթը այսուհետեւ պիտի ըլլայ մեր ժողովուրդի պատմութեան էջերուն, Աւստրիոյ, Պոլիվիայի, Պրազիլիոյ, Լիւքսեմպուրկի, Հոլանտայի, Շիլիի օրէնսդիր մարմիններուն, բազմաթիւ երկիրներու նահանգային եւ քաղաքային խորհուրդներուն, ինչպէս նաեւ տասնեակ ու հարիւրաւոր հասարակական եւ քաղաքական կառոյցներուն։
Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Ռուսաստանի, Ֆրանսայի, Կիպրոսի (Ծ.Խ.- Յունական), Սերպիոյ նախագահներուն, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ երկիրներու պատուիրակութիւններուն Ապրիլի 24-ին Երեւանի մէջ Ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման արարողութեան մասնակցած ըլլալու համար։
Ցեղասպանութիւններու կանխարգիլումը միջազգային օրակարգի վրայ պահելու մեր հաստատակամութեան մասին կը վկայեմ Մարդու իրաւանց խորհուրդին մօտ մեր կողմէ պարբերաբար առաջադրուող բանաձեւերը, որոնցմէ վերջինը ընդունուած է այս տարի։ Ասոր հիման վրայ ալ օրեր առաջ այս վեհաժողովը Դեկտեմբերի 9-ը հռչակեց «Ցեղասպանութեան յանցագործութեան զոհերու յիշատակի ու արժանապատուութեան եւ այդ յանցագործութեան կանխարգիլման միջազգային օր»։
Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորումը կը շարունակէ մնալ մեր տարածքաշրջանէն ներս կարեւորագոյն խնդիրներէն մին։ Պէտք է նշեմ, որ Ատրպէյճանի վարած յարձակողական քաղաքականութեան արդիւնքին այսօր ոչ միայն էական յառաջընթաց չկայ խնդի կարգաւորման բանակցային գործընթացին մէջ, այլեւ արձանագրուած է լարուածութեան աճի միտում։ Նաւթի վրայ կառուց-ւած տնտեսութեան սասանման պայմաններուն ներքեւ հասունցող ժողովրդական ցասումը խեղդելու համար այդ երկրի բռնակալ վարչակարգը խայտառակ ճնշումները գործիք դարձուցած է, ինչ որ սակայն այլեւս անբաւարար կը համարուի։ Հիմա անոր սեփական հասարակութեան ուշադրութիւնը շեղող պատկերներ պէտք են շփման գիծէն։ Կը փափաքիմ վեհաժողովի ուշադրութիւնը հրաւիրել այն փաստին վրայ, թէ Ատրպէյճան, ի լրումն տառատեսակ սադրիչ գործողութիւններուն, արդէն սկսած է կիրառել խոշոր տրամաչափի հրետանի՝ կրակի տակ պահելով ինչպէս Հայաստանի Հանրապետութեան, այնպէս ալ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան սահմանամերձ շրջանակներու խաղաղ բնակավայրերը։ Ընդամէնը քանի մը օր առաջ Հայաստանի սահմանամերձ գօտիին մէջ Ա-տըրպէյճանի ռմբահարման զոհ դարձան երեք կիներ՝ իրենց տան մէջ, իրենց այգիին մէջ խաղաղ աշխատող հայ կանայք։ Հարց՝ կա՞յ որեւէ բնական արարած, որ կրնայ որեւէ չխեղուած տրամաբանութիւն ցոյց տալ նման վայրագութեան մէջ։ Մեզի համար արդէն ակնյայտ է՝ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը անդառնալիօրէն կորսնցուցած է ոչ միայն իրականութեան զգացումը, այլեւ մարդկային բոլոր չափանիշները։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահներու համատեղ հինգ յայտարարութիւններն ու ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ջանքերը լիովին արհամարհող Ատրպէյճանի կողմէ՝ նման յարձակողական քաղաքականութեան շարունակման պարագային այլեւս այլընտրանք չի մնար Հայաստանին։ Մենք պիտի իրականացնենք անհրաժեշտ իրաւական եւ ռազմաքաղաքական քայլերը՝ ապահովելու Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անվտանգութիւնն ու խաղաղ զարգացումը։
Թէեւ բոլորի համար ալ վաղուց ակնյայտ է, թէ ո՛ր կողմը կը հրահրէ հրադադարի խախտումները, նշեմ սոսկ քանի մը փաստ։
Տարօրինակ չէ՞ արդեօք, որ Ատրպէյճան տարիներ շարունակ յամառօրէն կը հրաժարի դիպուկահարները ետ քաշելէ եւ հրադադարի խախտումներու դրութիւն ստեղծելէ՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու առաջարկով։ Հարց կը յառաջանայ՝ ի՞նչէ կը վախնայ Ատրպէյճան։
Տարօրինակ չէ՞, որ Ատրպէյճանի մէջ հիւրընկալուած Եւրոպական խաղերու ընթացքին, երբ անոնց անհրաժեշտ էր կայունութեան պատկեր, գրեթէ ոչ մէկ կրակոց հնչեց սահմանին, մինչդեռ խաղերէն անմիջապէս յետոյ անոնք լայնօրէն վերսկսան։ Չեմ ակնկալեր, որ հաւատաք որեւէ կողմի պնդումներուն, ընդամէնը կ՚ակնկալեմ, որ ապաւինիք տրամաբանութեան։
Տարօրինակ չէ՞, որ 21-րդ դարուն մեր հարեւանը ամէն օր, առանց յոգնելու, կը հպարտանայ սպառազինութիւններու գերկուտակմամբ եւ ռազմական պիւտճէի բազմապատկմամբ, յամառօրէն կը շարունակէ հանդէս գալ պատերազմ վերսկսելու սպառնալիքով, ընդ որում այս բանը կ՚ընէ պետութեան ղեկավարի մակարդակով։
Կը կարծեմ՝ այժմ բոլորին համար ակնյայտ է, թէ ինչու Հայաստան տարիներ շարունակ հետեւողականօրէն միջազգային հանրութեան կը յորդորէր ո՛չ թէ ընդհանրական, այլ հասցէական յայտարարութիւններ ընել հրադադարի խախտումներուն վերաբերեալ։ Մենք պէտք է հասկնանք, որ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան սպառնացող նախանշանները քօղարկելու փորձերը կրնան ունենալ աղիտալի հետեւանքներ։
Այսօր մենք ականատեսն ենք Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող անմարդկային դժուարութիւններու։ Կրօնական անհանդուրժողութիւնը տեղի տուած է անդառնալի հետեւանքներու։ Մենք ամենաուղղակի կերպով կը զգանք տեղի ունեցող վայրագութիւնները, որովհետեւ անոնց հետեւանքով ոչ միայն կ՚ոչնչացուին հայկական հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան նմոյշները, այլեւ կը սպաննուին եւ փախստական կը դառնան Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ բնակող բազմաթիւ հայեր։ Սուրիացի ժողովուրդին համար ծանր ժամանակաշրջանին մէջ դժուարութիւնները կը բաժնէ նաեւ դարեր այդ տարածքներուն մէջ ապրած հայութիւնը։ Մենք մեր ուժերուն ներած չափով կը փորձենք օժանդակել փախստականներուն, ցարդ Հայաստան ընդունած է աւելի քան 16 հազար փախստական Սուրիայէն։ Անոնց ընդունման թիւով Հայաստան առաջիններէն մին է Եւրոպայի մէջ։
Հայերը լաւ գիտեն փախստականի տարագիր ճակատագիրը։ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն թիւը անհամեմատ աւելի մեծ կ՚ըլլար, իսկ վերապրածներուն ճակատագիրը՝ շատ աւելի դաժան, եթէ այդ ծանր շրջանին մեր ժողովուրդի կողքին չկանգնէին մեր բարեկամ երկիրները։ Այսօր հարկ է արժանին մատուցել Գերմանիային, Շուէտին եւ միւս երկիրներուն՝ ցուցաբերուած մարդասիրութեան համար։ Ապաստան տալով 100 հազարաւոր փախստականներու՝ անոնք վերահաստատեցին, որ օգնութիւնը պարտադիր է թէ՛ իրաւական եւ թէ մարդասիրական տեսանկիւնէ։
Այս տարի բոլորս ականատես եղանք, թէ ինչպէս միասնական եւ համարժէք գործողութիւններու արդիւնքին հնարաւոր դարձաւ հարթել միջազգային նշանակութեամբ կնճռոտ խնդիրներէն մին։ Մեր անմիջական հարեւանի՝ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջուկային ծրագրին շուրջ ձեռք բերուեցաւ պատմական նշանակութեամբ համաձայնութիւն։ Շրջադարձային այդ պայմանաւորուածութիւնը անխօս պիտի նպաստէ համաշխարհային մակարդակով ճգնաժամային իրավիճակներու հանգուցալուծման ու փոխադարձ վստահութեան ամրապնդման, ինչ որ հնարաւոր եղաւ երկարատեւ ու հետեւողական քաղաքականութեան եւ դիւանագիտական ջանքերու շնորհիւ։
Այս բոլորը կը վկայէ, որ համապատասխան կամքի առկայութեան, հակասութիւններու հարթեցման եւ համագործակցութեան ոգիի շեշտադրման պարագային իսկապէս կարելի է բարդագոյն խնդիրներու համար լուծումներ գտնել։ Այս ամպիոնէն կը փափաքիմ անգամ մը եւս շեշտել դիւանագիտական ջանքերու կիրառման կարեւորութիւնը՝ յատկապէս փակ սահմաններու բացման նպատակով։ Հայաստան, որու հարեւանները ապօրինի շրջափակում կ՚իրականացնեն, անթոյլատրելի կը համարէ 21-րդ դարուն միջմշակութային, մարդկային շփումները խաթարող եւ առեւտրային կապերու համար արհեստական խոչընդոտներ ստեղծող անհեռատես քաղաքականութիւնը։ Այս համատեսքին մէջ կը կարեւորենք դէպի ծով ելք չունեցող զարգացող երկիրներու հարցերով ՄԱԿ-ի համաժողովներու պարբերաբար կազմակերպումը։ Մենք պատրաստակամ ենք այս ուղղութեամբ մեր ջանքերը ներդնելու, նոյն շրջագծով նաեւ միջանկեալ աշխատաժողովներ հիւրընկալելով մեր երկրին մէջ։
Աւարտելով խօսքս՝ կ՚ուզեմ միանալ այն բոլոր ելոյթ ունեցողներուն, որոնք միահամուռ պայքարի կոչ կ՚ընեն ընդդէմ խաւարի, վանտալիզմի եւ ատելութեան։ Այս պայքարին մէջ չկան մեծ ու փոքր երկիրներ, իւրաքանչիւրը ունի իր դերը։ Հայաստան պատրաստ է իր մասնակցութիւնը բերելու մեր ընդհանուր պայքարին։