ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ԿԱՐՃ ԶՐՈՅՑ

Նիւ Եոր­քի մէջ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րէ ՄԱԿ-ի 70-րդ նստաշր­ջա­նի բաց­ման հանգ­րուա­նի աշ­խա­տանք­նե­րուն։ Այս շրջագ­ծով նա­խըն­թաց օր ե­րե­կո­յեան ալ մաս­նակ­ցե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի տան­տի­րու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած ըն­դու­նե­լու­թեան՝ ի պա­տիւ ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վի 70-րդ նս­տաշր­ջա­նի մաս­նա­կից եր­կիր­նե­րու պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն։ Այս ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին Սերժ Սարգ­սեան եւ Պա­րաք Օ­պա­մա ու­նե­ցան կար­ճա­տեւ զրոյց մը։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ այս զրոյ­ցին ըն­թաց­քին քննար­կուած են հա­մա­հայ­կա­կան նշա­նա­կու­թեամբ հար­ցեր։

Ե­րէկ Սերժ Սարգսեան տե­սակ­ցե­ցաւ նաեւ ՄԱԿ-ի Ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Պան Քի Մու­նի հետ։ Տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին իր կող­քին էին Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան, Նա­խա­գա­հա­կան աշ­խա­տա­կազ­մի ղե­կա­վար Վի­գէն Սարգ­սեան, ՄԱԿ-ի մօտ Հա­յաս­տա­նի մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ դես­պան Զօհ­րապ Մնա­ցա­կա­նեան եւ այլ պաշ­տօ­նա­տար­ներ։ Սերժ Սարգ­սեան նախ ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րը շնոր­հա­ւո­րեց՝ ՄԱԿ-ի 70-ա­մեայ յո­բե­լեա­նին կա­պակ­ցու­թեամբ։ Ան շեշ­տեց, որ քսա­նե­րեք տա­րի ա­ռաջ դառ­նա­լով ՄԱԿ-ի լիի­րաւ ան­դամ՝ Հա­յաս­տան ա­ռա­ջին իսկ օ­րէն սկսեալ զգա­ցած է այս կազ­մա­կեր­պու­թեան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը պե­տա­կա­նու­թեան կերտ­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Սերժ Սարգ­սեան գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նեց վեր­ջին օ­րե­րուն կազ­մա­կերպուած «Վե­րա­փո­խենք աշ­խար­հը. կա­յուն զար­գաց­ման օ­րա­կարգ 2030» ծրագ­րի եզ­րա­փա­կիչ գա­գա­թա­ժո­ղո­վի յա­ջող ա­ւար­տին կա­պակ­ցու­թեամբ։ Ան շեշ­տեց այս ամ­բող­ջին մէջ ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րին ու­նե­ցան ներդ­րու­մը։ Սարգ­սեան յոյս յայտ­նեց, թէ այս նոր, հա­մա­պար­փակ ծրա­գի­րը պի­տի նպաս­տէ մո­լո­րա­կի բնա­կիչ­նե­րու կեան­քի ո­րա­կի բա­րե­լաւ­ման։

Սերժ Սարգ­սեան-Պան Քի Մուն հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցին։ Սերժ Սարգ­սեան տե­ղե­կա­ցուց գոր­ծըն­թա­ցի ներ­կայ փու­լին, առ­կայ խնդիր­նե­րուն եւ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ յատ­կա­պէս վեր­ջին օ­րե­րուն հրա­դա­դա­րի խախտ­ման հե­տե­ւան­քով Հա­յաս­տան-Ատր­պէյ­ճան սահ­մա­նին եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ-Ատր­պէյ­ճան շփման գծին վրայ յա­ռա­ջա­ցած լա­րուա­ծու­թեան մա­սին։ Հարկ է նշել, որ ան այս բո­լո­րին անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վին առ­ջեւ ու­նե­ցած ե­լոյ­թին ըն­թաց­քին։ Պան Քի Մուն մտա­հո­գու­թիւն յայտ­նեց ստեղ­ծուած լա­րուած ի­րա­վի­ճա­կին կա­պակ­ցու­թեամբ ու կա­րե­ւո­րեց ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն միջ­նոր­դու­թեամբ խնդրին կար­գա­ւո­րու­մը։

Զրու­ցա­կից­նե­րը կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին նաեւ մի­ջազ­գա­յին այժ­մէա­կան խնդիր­նե­րուն, աշ­խար­հի վրայ տե­ղի ու­նե­ցող մտա­հո­գիչ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն՝ նոր հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րու, տա­րա­ծուող ա­հա­բեկ­չու­թեան եւ ծայ­րա­յե­ղու­թեան, Մեր­ձա­ւոր եւ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քէ ներս ա­ճող լա­րուա­ծու­թեան շուրջ։ Պան Քի Մուն շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Հա­յաս­տա­նին՝ Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քէն եւ Սու­րիա­յէն փախս­տա­կան­նե­րուն ա­պաս­տան տա­լու քայ­լե­րուն հա­մար ու ող­ջու­նեց այդ բո­լո­րը։ Ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րը կա­րե­ւո­րեց յա­ռա­ջի­կա­յին Ե­րե­ւա­նի մէջ կա­յա­նա­լիք խա­ղա­ղու­թեան կլո­պալ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն ձօ­նուած հա­մա­ժո­ղո­վը։

Բաց աս­տի, Սերժ Սարգ­սեան Նիւ Եոր­քի մէջ երկ­կող­մա­նի հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ Ի­տա­լիոյ Վար­չա­պետ Մա­թէօ Ռեն­ցիի եւ Շուէ­տի Վար­չա­պետ Սթե­ֆան Լէօֆ­վէ­նի հետ։ 

​ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԵԱՆ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան Նիւ Եոր­քի մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն՝ Ի­կոր Փո­փո­վի (Ռու­սաս­տան), Ճէյմս Ո­ւոր­լի­քի (Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ), Փիէռ Անտ­րիո­յի (Ֆրան­սա) եւ ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ան­ճէյ Կասպր­չի­կի հետ։ Նա­խա­գահ Սարգ­սեա­նի կող­քին էին Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան եւ Նա­խա­գա­հա­կան աշ­խա­տա­կազ­մի ղե­կա­վար Վի­գէն Սարգ­սեան։

Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին զրու­ցա­կից­նե­րը քննար­կե­ցին ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի շրջա­նակ­նե­րէն ներս Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցը եւ ներ­կայ փու­լի առ­կայ մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը, մաս­նա­ւո­րա­պէս՝ վեր­ջին օ­րե­րուն հրա­դա­դա­րի խախտ­ման հե­տե­ւան­քով յա­ռա­ջա­ցած լա­րուա­ծու­թիւ­նը։  

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 30, 2015