ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՀԻՄՆԱՐԿԷՔ

Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ համագործակցութիւնը կը զարգանայ կայուն թափով։ Երեւանի եւ Փեքինի ղեկավարութիւնները զանազան հարթութիւններու վրայ կը զարգացնեն իրենց կապերը։ Հայ-չինական համագործակցութեան զարգացման տեսակէտէ վերջերս ապրուեցաւ խորհրդանշական իրադարձութիւն մը։ Այսպէս, Երեւանի մէջ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը դրուեցան Չինաստանի դեսպանատան հիմքերը։ Հիմնարկէքի արարողութեան մասնակցեցան երկու երկիրներէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։

Սոյն հանդիսութեան մասնակցելու համար Փեքինէն Երեւան մեկնեցաւ Չինաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Լի Հուիլայի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։ Այս վերջինը Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ գծով փոխ-նախարար է։ Երեւանի մէջ խորհրդակցութիւններ տեղի ունեցան երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ։

Չինական պատուիրակութիւնը հիւրընկալուեցաւ նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի կողմէ։ Ողջունելով Լի Հուիլայի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը՝ Նալպանտեան բարձր գնահատեց հայ-չինական բարեկամական յարաբերութիւններու ներկայ մակարդակը։ Ըստ իրեն, Հայաստան Չինաստանի հետ յարաբերութիւնները կ՚ընկալէ որպէս արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթ ուղղութիւններէն մին։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի օրակարգին վերաբերեալ բազմաթիւ հարցեր, կարեւորուեցան քաղաքական երկխօսութիւնը, իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնումը, միջազգային կառոյցներէ ներս համագործակցութիւնը, փոխադարձ կարեւոր հարցերու պարագային շարունակական աջակցութիւնը։ Օրակարգի վրայ եկան նաեւ տարածքաշրջանային եւ միջազգային բնոյթով շարք մը հրատապ հարցեր։ Նալպանտեան ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներուն կողմէ ձեռնարկուած համատեղ ջանքերը։ Ան բարձր գնահատեց հիմնախնդրի կարգաւորման հարցին մէջ բարեկամ Չինաստանի հաւասարակշռուած դիրքորոշումը։ Իր կարգին Լի Հուիլա ընդ-գըծեց, որ Չինաստան կը սատարէ խնդրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ ձեռնարկուած ջանքերուն։

Այս հանդիպումէն վերջ Եդուարդ Նալպանտեան, Լի Հուլիա եւ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան ներկայ գտնուեցան Չինաստանի դեսպանութեան նոր շէնքի հիմնարկէքի արարողութեան։

ՎԻԳԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԱՅՑԸ

Դեսպանատան հիմնարկէքին յաջորդած օրերուն Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան այցելութիւն մը տուաւ Փեքին, ուր տեսակցեցաւ Չինաստանի Պաշտպանութեան նախարար Չան Վանցեուանի հետ։ Պաշտօնական այցելութիւն մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին նախարարներու գլխաւորութեամբ տեղի ունեցան հայ-չինական բանակցութիւններ։ Օրակարգի վրայ եկան երկկողմանի համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։ Անդրադարձ կատարուեցաւ միջազգային անվտանգութեան հիմնախնդիրներուն։ Նախարարները համակարծիք գտնուեցան, որ անհրաժեշտ է աւելցնել ջանքերը՝ պաշտպանութեան ոլորտէն ներս համագործակցութիւնը խորացնելու ուղղութեամբ։ Այս նպատակով անհրաժեշտ ներուժը գոյութիւն ունի։ Վիգէն Սարգսեան ներկայացուց նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերեալ ներկայ կացութիւնը։ Ան ընդգծեց, որ Հայաստան հաստատակամ է իր դիրքորոշման մէջ՝ որպէսզի հարցը կարգաւորուի բանակցային ճանապարհով։ Չինացի նախարարն ալ ընդգծեց, որ իր երկիրը կողմնակից է խնդրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման։

Բաց աստի, Փեքինի մէջ Վիգէն Սարգսեան դասախօսութիւնով մըն ալ հանդէս եկաւ Չինաստանի Ազգային պաշտպանութեան ակադեմիային մէջ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 30, 2017