ՏԱՐՈՂՈՒՆԱԿ ՀԱՒԱՔ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցած Եկեղեցական-ներկայացուցչական ժողովին արձագանգները կը շարունակուին եկեղեցական կեանքէ ներս։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան վերջերս այս մասին հարցազրոյց մը տուած է Ռամկավար ազատական կուսակցութեան «Պայքար» շաբաթաթերթին։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Նորին Սրբազնութեան հետ կատարուած տեսակցութիւնը։

*

Անցեալ Յունիսին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կայացած եկեղեցական-ներկայացուցչական ժողովը տարողունակ հաւաք մըն էր, որ համապատասխան արձագանգ չգտաւ մեր մամուլին մէջ բացի կարգ մը ոչնչապաշտական նիզակներէն:

Հետեւաբար դիմեցինք յիշեալ ժողովի գործօն մասնակից, հաւատաւոր եկեղեցական Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանին՝ Արեւելեան թեմի սիրուած առաջնորդին աւելի լուսաբանութիւններ եւ մեկնաբանութիւններ ստանալու նպատակով:

Մեր ընթերցողները ստորեւ տրուած հարցազրոյցէն կրնան յանգիլ իրենց եզրակացութեան, թէ որքանո՞վ իրագործուած է մեր նպատակը:

-«Պայքար» շահեկանութեամբ կը հետեւի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի գործունէութեան եւ առաքելութեան, այդ կապակցութեամբ մենք լոյս ընծայած էինք երկու հաղորդագրութիւններ, մասնաւորաբար վերջերս կայացած եկեղեցականաց ժողովին մասին: Տրուած տեղեկութիւնները ընդհանրացած բնոյթ ունէին: Կ՚ուզէինք այստեղ մասնաւորել հարցերը: Քանի՞ եկեղեցականներ մասնակցած էին, ի՞նչ հանգամանքով եւ ի՞նչ մակարդակով:

-Կ՚ուզեմ ճշդել, որ այս ժողովը եկեղեցականաց ժողով չէր, այլ՝ Եկեղեցական-ներկայացուցչական ժողով, որ գումարուեցաւ տարւոյս Յունիս 6-8 օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ: Կը մասնակցէին Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներ, Մայր Աթոռի եւ Նուիրապետական Աթոռներու արքեպիսկոպոսներ եւ եպիսկոպոսներ, Հայաստանի եւ Սփիւռքի թեմերու առաջնորդներ ու հայրապետական պատուիրակներ, առաջնորդական տեղապահներ, Նուիրապետական Աթոռներու, հայրապետական պատուիրակութիւններու եւ թեմերու հոգեւորական ու աշխարհական պատգամաւորներ: Մօտ 135 ներկայացուցիչներ կը մասնակցէին ժողովին: Թերեւս յարմար կÿըլլայ այստեղ յիշել ժողովի օրակարգը.

1- Եկեղեցական-ներկայացուցչական ժողովի դիւանի եւ յանձնախումբերու ընտրութիւն (զեկուցող՝ Գերշ. Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան)

2- Ազգային-եկեղեցական ժողովի կանոնադրութեան նախագծի ներկայացում, քննարկում եւ հաստատում (զեկուցող՝ Տիար Գէորգ Դանիէլեան)

3- Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներու ընտրութիւն (զեկուցող՝ Գերշ. Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան)

4- Թեմերու ուղենշային փաստաթուղթի ներդրման գործընթացի մասին (զեկուցող՝ Գերշ. Տ. Միքայէլ Եպսկ. Աջապահեան)

5- Հայաստանի մէջ ծննդաբերութեան իրավիճակի մասին (զե-կուցող՝ Ռազմիկ Աբրահամեան)

6- «2018-ը երիտասարդական տարի» ծրագրի ներկայացում (զեկուցող՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան)

-Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը մաս կը կազմէ՞ր այս ժողովին, Ինչո՞ւ այո եւ ինչո՞ւ ոչ:

-Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը մաս չէր կազմեր այս ժողովին, որովհետեւ այս ներկայացուցչական ժողովը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի իրաւասութեան ենթակայ թեմերու յատուկ է:

-Կ՚իմանանք, թէ ժողովը իր ժամանակին մէկ կարեւոր բաժինը յատկացուցած է կանոնադրութեան խնդրին: Ի՞նչ է պատճառը որ տասնամեակներէ ի վեր կը յետաձգուի կանոնադրութեան ամբողջացումը: Ե՞րբ կը խորհիք որ այդ կանոնադրութիւնը իր լրումին հասնի: Եւ ապա կանոնադրութեան արձանագրութենէն վերջ ե՞րբ ի զօրու պիտի դառնայ թեմերէն ներս: Կիլիկեան Աթոռը պիտի ընդունի՞ զայն իբրեւ համաեկեղեցական կանոնադրութիւն թէ՝ պիտի ունենայ վերապահութիւններ, չըսելու համար՝ ընդդիմութիւն:

-Ժողովի կարեւոր նիւթն էր Ազգային-եկեղեցական ժողովի կանոնադրութիւնը՝ հիմնուած Ազգային-եկեղեցական ժողովի 1945 թուականի բարեփոխութիւններու ենթարկուած կանոնադրութեան վրայ: Այս կանոնադրութեան վերջնական մշակումը ներկայացուեցաւ Եկեղեցական-ներկայացուցչական այս տարուան ժողովին: Եղան կարգ մը առաջարկներ եւ ներկայացուեցան բարեփոխումներ, որոնք ներկաներուն կողմէ ընդունուեցան եւ քուէարկուեցան: Իր վերջնական ձեւին մէջ այս կանոնադրութիւնը պիտի ներկայացուի յաջորդ Ազգային-եկեղեցական ժողովի վաւերացման:

-Ակնարկութիւններ եղան որ եւրոպական կարգ մը թեմեր խնդիր ունին կանոնադրութեան հետ: Ի՞նչ բնոյթի են այդ խնդիրները եւ ընդհանրապէս ո՞ր երկիրներուն սահմանուած են անոնք:

-Նախորդ Եկեղեցական-ներկայացուցչական ժողովներու ընթացքին թեմական կանոնադրութեան ուղենիշը քննարկուած եւ վաւերացուցած էր եւ ղրկուած թեմերուն՝ որպէսզի իրենց կանոնադրութեան մէջ, եթէ հարկ է, կատարեն անհրաժեշտ բարեփոխութիւնները: Այս կապակցութեամբ յաւելեալ տեղեկութիւններ հաղորդեց թեմական կանոնադրութեան վերջնական մշակման եւ խմբագրման յանձնախումբի ատենապետ Գերշ. Տ. Միքայէլ Եպսկ. Աջապահեան՝ մատնանշելով այն թեմերը, որոնք համաձայն ուղենիշին Մայր Աթոռ ղրկած են իրենց կանոնադրութիւնը եւ կամ չեն ղրկած: Ժողովի ընթացքին կարգ մը թեմերու ներկայացուցիչները տեղեկութիւններ տուին, թէ ինչ ընթացքի մէջ է իրենց կանոնադրութիւնը: Այս պահուն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ըսաւ, որ բոլոր թեմերը պարտաւոր են ուղենիշի համաձայն իրենց կանոնադրութիւնները բարեփոխելու եւ ղրկելու Մայր Աթոռ առ ի վաւերացում:

-Յատկապէս Արեւելեան Եւրոպայի մէջ նոր համայնքներ կը կազմուին: Մայր Աթոռը անոնց հոգեկան մատակարարութեան կը հասնի՞:

-Արեւելեան Եւրոպայի մէջ կազմակերպուած նոր համայնքները նախորդ եւ այժմու Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսներու անմիջական ուշադրութեան առարկայ եղած են, եւ ըստ պահանջի՝ հայրապետական պատուիրակներ կամ հովիւներ նշանակուած են այդ համայքներուն՝ որպէսզի Մայր Աթոռի հովանիին ներքեւ աւելի աշխուժանան եւ աւելի կազմակերպուին: Անոնցմէ ոմանք մի քանի տասնամեակէ ի վեր առաջնորդական թեմերու վերածուած են:

-Համայնքներ կը կազմուին ու եկեղեցիներ կը կառուցուին Արաբական ծոցի երկիրներուն մէջ, որոնք Տանն Կիլիկիոյ ծիրէն դուրս կը մնան, սակայն անթիլիասական եկեղեցականներ եւ նոյնինքն Արամ Կաթողիկոս կը յայտնուին այդ համայնքներէն ներս իբրեւ տէր ու տիրական: Այդ համայնքներուն կազմութեան, պատկանելիութեան եւ հոգեւոր մատակարարութեան մասին համաձայնութիւններ գոյութիւն ունի՞ն Մայր Աթոռի եւ Անթիլիասի միջեւ:

-Այս հարցը նոր հարց մը չէ: Ջանքեր կը շարունակուին տարուիլ երկուստեք համաձայնութեան մը յանգելու համար:

-Պոլսոյ եւ Երուսաղէմի պատրիարքութիւնները մեր նուիրապետական երկու աթոռներն են: Ակնարկութիւն եղաւ, որ խնդիրներ կան Երուսաղէմի Պատրիարքութեան հետ: Ծանօթ է, թէ երկու պատրիարքարաններու յարաբերութիւնները տարբեր բնոյթի են, կարելի՞ է այդ մասին առանձին-առանձին արտայայտուիլ:

-Պոլսոյ եւ Երուսաղէմի պատրիարքութիւնները պատմական նուիրապետական աթոռներն են, եւ իբր այդ յարգանք կը վայելեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կողմէ:

Տարակածութիւններ կրնան պատահիլ՝ սակայն լուրջ հարցեր չեն: Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի խնդրագիր նամակին ընդառաջելով՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը 1 միլիոն տոլար յատկացուց Երուսաղէմի Քրիստոսի գերեզմանի նորոգութեան հաշւոյն եւ Սուրբ Աթոռէն երկու բարձրաստիճան եկեղեցականներ ներկայացուցին Ամենայն Հայոց Հայրապետութիւնը Սուրբ Գերեզմանի բացման արարողութեան եւ հիւրընկալուեցան Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կողմէ: Իսկ Պոլսոյ պատրիարքական ընտրութեան հարցի մասին լայն տեղեկութիւններ տրուեցան լրագիրներուն մէջ: Ուրախ եմ, որ վերջապէս Պատրիարքական տեղապահ ընտրուեցաւ Գերշ. Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան եւ ընտրութեան գործընթացը արդէն սկիզբ առած է:

-Իմացանք, որ «լռութեան թաղան»ին ներքեւ Ս. Էջմիածնի եւ Անթիլիասի խնդրայարոյց յարաբերութիւնները կը շարունակուին: Որեւէ յառաջացում կա՞յ եկեղեցւոյ բաժանումը վերացնելու փորձերուն մէջ: Ոմանք արդէն փաստական իրողութիւն կը սեպեն բաժանումը: Արդարացի՞ են այդ ձգտումները:

Այս առնչութեամբ շատ կենսական հարց մըն է, թէ ի՞նչ կ՚ընեն Մայր Աթոռն ու անոր ենթակայ թեմերը հաւատացեալ զանգուածը լուսաբանելու եւ, ի հարկին, դաստիարակելու եկեղեցական բաժանումի տուեալներուն մասին, քարոզչութիւն մը, որ Անթիլիաս շատ հետեւողական կերպով կը կատարէ իրեն ենթակայ եկեղեցիներէն ներս:

-Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջեւ յարաբերութիւնները երբեք չեն դադրած բարձր մակարդակներու վրայ ըլլալէ եւ այդպէս ալ կը շարունակուին: Յոյս ունինք, որ կարգ մը թեմերու յատուկ բաժանեալ կացութիւնը իր բարւօք լուծման կը յանգի եւ Հայաստանեայց Եկեղեցին կը վերագտնէ իր խաղաղութիւնը:

-Ի՞նչ է բնոյթը այն դժգոհութեանց, որուն անդրադարձած է Եկեղեցական ժողովը այն մասին թէ՝ Մայր Աթոռը կը փորձէ «ձեռք դնել» կարգ մը եկեղեցիներու կալուածներուն եւ եկամուտներուն վրայ: Ի՞նչ բացատրութիւններ տրուեցան այս մասին ժողովի ընթացքին եւ ի՞նչ հանգրուանի հասած է այդ խնդիրը:

-Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, որպէս Մայր Եկեղեցեաց Հայոց, նման քայլեր երբեք չէ առած եւ ոչ ալ առնելու այդպիսի տրամադրութիւններ կրնայ ունենալ:

-Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի վերջին նիստը կայացաւ Մոսկուայի մէջ: Ի՞նչ է պատճառը այդ վայրի ընտրութեան եւ ընդհանրապէս ի՞նչ զարգացումներ կան այդ գաղութէն ներս, որ հետզհետէ կը բազմանայ իբրեւ զանգուած:

-Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ գումարուած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի մէկ նիստին որոշուեցաւ մերթ ընդ մերթ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովները գումարել տարբեր երկիրներու մէջ՝ մօտէն ճանչնալու համար յիշեալ երկրի Հայ Եկեղեցւոյ կացութիւնը, տեղեակ ըլլալու հայրենակիցներու դժուարութիւններուն եւ կարելի չափով օժանդակելու անոնց: Մայր Աթոռէն դուրս առաջին ժողովը գումարուեցաւ Ղարաբաղի Հանրապետութեան Շուշի առաջնորդանիստ քաղաքին մէջ, երկրորդը՝ Միացեալ Նահանգաց Արեւելեան շրջանի առաջնորդանիստ Նիւ Եորք քաղաքին մէջ եւ երրորդը՝ Ռուսաստանի առաջնորդանիստ Մոսկուա քաղաքին մէջ, ուր կառուցուած է շքեղ տաճար մը եւ Առաջնորդարանի փառաւոր կեդրոն մը: Ռուսաստանի հայերը աւելի կեդրոնացած են Մոսկուայի մէջ եւ մօտ կը զգան Հայ Եկեղեցւոյ, որուն անդամներուն թիւը հետզհետէ կÿաճի եւ շատ լաւ կազմակերպուած թեմի մը վերածուած է: Շատ մեծ աշխատանք կը տարուի թեմի բարգաւաճման եւ հաւատացեալներու բարօրութեան ի նպաստ:

-Կա՞ն հարցեր, որոնց կ՚ուզէիք անդրադառնալ առանձնապէս:

-Կան անշուշտ բազմաթիւ հարցեր, որոնք կը ծառանան ցեղասպանութենէ եւ բռնատիրական զուլումներէ անցած եկեղեցւոյ մը դէմ: Ցանկ մը ներկայացնելէ կը խուսափիմ՝ բայց կÿուզեմ շեշտել, թէ այդ հարցերը մէկ առ մէկ պիտի լուծուին եկեղեցական իշխանութեանց եւ ժողովներու կողմէ՝ ի բարգաւաճումն Հայաստանեայց Սուրբ Եկեղեցւոյ: Դժուարութիւններ եւ խոչընդոտներ մէկ դարու ընթացքին անմիջապէս չեն կրնան լուծուիլ, Աստուծոյ կամքով, ողորմութեամբ եւ օժանդակութեամբ մեր բարեպաշտ ժողովուրդին այդ բոլոր հարցերը կը հարթուին՝ պայմանաւ որ եկեղեցին իր ամբողջական կառոյցով կարենայ խաղաղ կերպով շարունակել սկսուած աշխատանքը: Սրտանց կÿաղօթեմ առ Աստուած, որ խաղաղութիւն պարգեւէ համայն աշխարհի:

Իմ ջերմ փափաքս է, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանաւորութեան եւ հոգածութեան ներքեւ գտնուող Հայաստանի եւ Սփիւռքի բոլոր թեմերը ունենան հոգեւոր եկեղեցական արդիւնաւոր կեանք՝ իրենց շուրջ համախմբելով հոծ թիւով նուիրեալ եւ հաւատաւոր հաւատացեալներ, որպէսզի Հայ Եկեղեցին շարունակէ իր սրբազան առաքելութիւնը ի փառս Աստուծոյ եւ ի բարօրութիւն մեր հաւատացեալ ժողովուրդին:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 30, 2017