ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ՝ ՄԵՐԿ ՄՈՆԱ ԼԻԶԱՅԻ ՈՒՐՈՒԱՆԿԱՐԸ
Ֆրանսայի մէջ գտած են մերկ կնոջ պատկերով գծանկար մը, որ, ինչպէս կ՚ենթադրեն փորձագէտները, կրնայ ըլլալ Լեոնարտօ տա Վինչիի «Մոնա Լիզա» նկարի ուրուանկարը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, ածուխով գծուած դիմանկարը յայտնի է որպէս «Մոննա Վաննա»։
Ան 1862 թուականէն ի վեր կը պահուի Փարիզի մերձակայ Շանթիյյիի Քոնտէ թանգարանին մէջ եւ այդ ամբողջ ժամանակահատուածին համարուած է այլ նկարիչի մը գործը։ Սակայն շարք մը փորձաքննութիւններէ յետոյ, զորս կատարած են Լուվրի աշխատակիցները, յայտնեցին հիմքեր հետեւցնելու համար, որ գծանկարին մասնակից եղած է նաեւ տա Վինչին՝ ինքը։ Լուվրի աշխատակից Պրունօ Մոտին հաստատած է, որ «Մոննա Վաննա»ն նկարուած է տա Վինչիի ապրած տարիներուն եւ ուշադրութիւն կը գրաւէ իր շատ բարձր որակով։ Սակայն, անոր խօսքով՝ ուրուանկարի մէկ մասը, ամենայն հաւանականութեամբ, կը պատկանի ոչ այդ գեղանկարչի վրձնին, քանի որ նկար-ւած է աջ ձեռքով, իսկ տա Վինչի ձախլիկ եղած է։ «Մոնա Լիզա»ի կամ «Ժոքոնտ»ի լրիւ անուանումն է «Տիկին Լիզա Ժոքոնտի դիմանկարը»։ Նկարը տա Վինչի ստեղծագործած է 1503-1505 թուականներուն։ Բնորդ կը համարուի Լիզա Ժերարտինին՝ ֆլորանսացի մետաքսի առեւտրական Ֆրանչեսքու տել Ժոքոնտի կինը։