ԱՆՀԱՄԲԵՐՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացէն ներս այսօր կը սկսի բախտորոշ շաբաթ մը եւս։ Համայնքէն ներս ստեղծուած է որոշ չափով անհամբերութիւն։ Արդարեւ, պետութեան կողմէ կանոնադրութիւնը թէեւ ուղարկուած է, սակայն պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի շարունակութիւնը վերջնականօրէն յստակեցած չի համարուիր։ Հիմնական պատճառը այն է, որ կանոնադրութեան մէջ սահմանափակումներ դրուած են թեկնածութիւններու պարագային եւ ընտրութեան պիտի կարենան մասնակցիլ միայն Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին կապուած սրբազանները։ Վերջին շրջանի իրադարձութիւններու տրամաբանութենէն բխած երեւոյթ մըն է այս մէկը, որ եկած է համայնքային շրջանակներէն ներս նոր անհանգստութեան մը ծնունդ տալու։ Անորոշութիւնը խորացած է նաեւ քիչ մըն ալ Նախաձեռնարկ մարմնի դիրքորոշման հետեւանքով։ Որովհետեւ, շուրջ շաբաթէ մը ի վեր Նախաձեռնարկ մարմինը չէ կրցած վերջնական վերաբերմունք մը արտայայտել պետութեան կողմէ ուղարկուած կանոնադրութեան շուրջ։ Այժմ կ՚ակնկալուի, որ Նախաձեռնարկ մարմինը այլեւս ի վերջոյ հրապարակէ իր վերջնական դիրքորոշումը այս հարցին շուրջ։ Ինչպէս հաղորդած էինք, այսօր երեկոյեան ժամերուն Գումգաբուի մէջ տեղի կ՚ունենայ Նախաձեռնարկ մարմնի հերթական ժողովը։ Նախօրէին, հանրային կարծիքին տեսակէտէ ուշագրաւ դարձաւ Նախաձեռնարկ մարմնի շարքերէն ներս յառաջացած տարակարծութիւնն ու ստեղծուած որոշ չափով պառակտումը։ Արդարեւ, շաբաթավերջին իրաւաբան Սեդրակ Տավութհան հրաժարեցաւ Նախաձեռնարկ մարմնի կազմէն եւ համայնքային շրջանակներէ ներս օրակարգի վրայ եկան զանազան լսումներ, ըստ որոնց Նախաձեռնարկ մարմնի շարքերէն ներս յառաջացած են կարգ մը անհամաձայնութիւններ կամ տարակարծութիւններ։ Մօտեցումներու տարբերութեան այս վիճակին մէջ տեղի կ՚ունենայ այսօրուան ժողովը եւ կ՚ակնկալուի, որ այլեւս Նախաձեռնարկ մարմինը վերջնականօրէն կը յստակեցնէ իր դիրքորոշումը։

Մինչ այդ, այսօր յետմիջօրէին Պատրիարքարանի մէջ տեղի կ՚ունենայ նաեւ Կրօնական ժողովի նիստ։ Տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի նախագահութեամբ եւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի ատենապետութեամբ ժողովական հայրերը ընդհանուր արժեւորումի մը կ՚ենթարկեն պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը՝ մանաւանդ, որ կանոնադրութիւնն ալ արդէն հասած է պետութեան կողմէ։ Մնաց, որ ըստ կանոնադրութեան արդէն մինչեւ յառաջիկայ ամսուան սկիզբը, այսինքն այս օրերուն իսկ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին վերաբերեալ, թեկնածուներուն վերաբերեալ որոշ չափով աշխատանքներ պէտք է յստակեցուին։ Թէ՛ այդ աշխատանքները համակարգելու տեսակէտէ կարեւոր է Կրօնական ժողովի այսօրուան նիստը եւ թէ ան պիտի նախորդէ յառաջիկայ օրերուն նախատեսուած Եկեղեցական համագումարին։

Տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ Սամաթիոյ սիրոյ սեղանի աւարտին խօսած հուսկ բանքին ժամանակ անդրադարձաւ պատրիարքական ընտրութեան։ Նորին սրբազնութիւնը շեշտեց, որ յառաջիկայ դեկտեմբերին պատրիարքական ընտրութիւն պիտի կատարուի՝ պետութեան կողմէ ուղարկուած կանոնադրութեան հիման վրայ։ Սա թէ՛ ժողովուրդի եւ թէ Բարձրեալի կամքին ուղղութեամբ պիտի ըլլայ։ «Ամենակարեւորն է, որ տասներեք տարի սպասած ըլլալէ վերջ, այսքան ալ մօտեցած ըլլալէ վերջ այլեւս ընտրութիւնը պէտք է իրականացնել», ըսաւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ աւելցուց, որ այս ամբողջը պէտք է կեանքի կոչել առանց վիրաւորելու մեր ժողովուրդը։ Ան աւելցուց, որ պատրիարքական ընտրութիւնը պէտք է քրիստոնեայ ժողովուրդի մը վայել ձեւով կատարուի։

Անդրադառնալով թէ՛ իր եւ թէ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի թեկնածութեան պարագային՝ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան ընդգծեց, որ երկու սրբազաններուն տեսակէտէ այս ընտրութիւնը մահ ու կենաց պատերազմ մը չի համարուիր եւ նախընտրական գործընթացը պէտք է այնպէս մը յառաջ տանիլ, որ ընտրութիւններու աւարտին կարելի ըլլայ բոլոր յարաբերութիւնները վերականգնել ըստ պատշաճի։

ՇԻՐԻՆՕՂԼՈՒԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

Միւս կողմէ, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու շաբաթավերջին Իսթանպուլի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուին հետ։ Ներկայ էր նաեւ Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Եէրլիքայա։ Նկատի ունենալով, որ Սիւլէյման Սոյլու քաղաքիս մէջ շարք մը ժողովներու կը մասնակցէր՝ Պետրոս Շիրինօղլու հրաւիրուած է իր մօտ խորհրդակցութեան։ Հանդիպումը տեղի ունեցած է AFAD-ի կեդրոնին մէջ։ Պետրոս Շիրինօղլու այս կապակցութեամբ մեզի յայտնեց, որ նախարար Սոյլուի հետ իր զրոյցը տեւած է շուրջ 45 վայրկեան եւ քննարկումները տեղի ունեցած են դրական մթնոլորտի մը մէջ։ Ինչպէս միշտ, նախարարը պատրաստակամ վերաբերմունքով ընկալած է համայնքի օրակարգի զանազան խնդիրները, որոնք արծարծուած են զրոյցին տեւողութեան։ Բնականաբար, օրակարգի վրայ եկած է նաեւ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը։ Շիրինօղլու այս կապակցութեամբ մեզի յայտնեց, որ նախարարը միշտ բարեացակամ մօտեցում ցոյց կու տայ այս խնդրին նկատմամբ եւ այլեւս ուղարկուած կանոնադրութեան հիման վրայ համայնքը պիտի իրականացնէ իր նոր պատրիարքին ընտրութիւնը։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 30, 2019