Տ. ՍԵՊՈՒՀ ԱՐՔ. ՉՈՒԼՃԵԱՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան, որ այս օրերուն կ՚այցելէ Երեւան, շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեանի հետ։ Ս. Գայիանէի վանքի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը, որու ընթացքին Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան նշեց, որ ուշադրութեամբ կը հետեւի պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի վերաբերեալ իրադարձութիւններուն՝ մանաւանդ, կանոնադրութեան ուղարկուելուն զուգահեռ ստեղծուած վիճակին։ Ինչպէս ծանօթ է, նորին սրբազնութիւնը երկար տարիներ առաջ առաջադրած է իր թեկնածութիւնը Պատրիարքական Աթոռին համար, սակայն պետութեան կողմէ ուղարկուած կանոնադրութիւնը այդ հեռանկարը ձեւով մը անկարելի կը դարձնէ, որովհետեւ միայն թեկնածութեան իրաւունք տրուած է Պոլսոյ Աթոռի սրբազաններուն։ Ինչպէս ծանօթ է, շաբաթավերջին Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան հանդէս եկած էր յայտարարութիւնով մը, որու բովանդակութեան մէջ ուղարկուած կանոնադրութեան այդ խնդրայարոյց կէտի վերատեսութիւնը կը պահանջէր։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագիր Արա Գօչունեանի հետ ունեցած զրոյցին ժամանակ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան նշեց, որ այս պահու դրութեամբ չի փափաքիր շաբաթավերջի իր գրաւոր յայտարարութեան վրայ նոր խօսք մը աւելցնել, որովհետեւ յարմար կը դատէ տեսնել, թէ իրադարձութիւնները ինչպիսի հունի մը մէջ պիտի շարունակուին։

Միւս կողմէ, երէկ մեր համայնքէն շարք մը գործիչներ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին մէջ ստեղծուած կացութեան շուրջ մամլոյ ասուլիս մը սարքեցին Սուրբ Խաչ դպրեվանքի սանուց միութեան երդիքին տակ։ Նարլըգաբուի մէջ տեղի ունեցած հաւաքոյթին մասնակիցները մամլոյ ներկայացուցիչներուն ինքզինքնին ներկայացուցին՝ որպէս Հասարակական նախաձեռնութեան խմբակ։ Անոնք յայտնեցին, որ արտասահմանի սրբազաններու պատրիարքական ընտրութեան մասնակցութեան ճանապարհին բերուած սահմանափակումը մեր համայնքի ապագային տեսակէտէ ունի անպատեհութիւններ։ Նախաձեռնութեան ներկայացուցիչները ընդգծեցին, որ իրենք այժմու կացութիւնը կ՚ընկալեն անկախ անձերէ։ Այս շեշտադրումը կարեւոր էր այն առումով, որ անոնք չէին փափաքիր արծարծուած խնդիրը պայմանաւորել անձերով։ Թէեւ այդ խմբակի անդամները մեր համայնքէն ներս ծանօթ են ընդհանրապէս որպէս Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեանի համակիրներ, սակայն անոնք փափաքեցան իրենց վերաբերմունքը արտայայտել սկզբունքային հարթութեան մը վրայ, ուստի գերադասեցին համակրանքի կամ հակակրանքի պարագաներէ հեռու մնալով իրենց տեսակէտները բաժնել հանրային կարծիքին հետ։ Հասարակական նախաձեռնութեան խմբակի անդամները զանազան երեսակներով մեկնաբանեցին կանոնադրութեան մէջ դրուած սահմանափակումին ապագայ հաւանական անպատեհութիւնները։ Անոնք ընդգծեցին, որ իրենց տեսակէտներուն կապակցութեամբ Նախաձեռնարկ մարմնի նկատառման պիտի յանձնեն նամակ մը՝ այսօր երեկոյեան նախատեսուած ժողովին ընդառաջ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 30, 2019