ԴԱԴՐԵՑՆԵԼ ԿՐԱԿԸ
ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը երէկ փակ քննարկում մը կատարեց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ Վերջին օրերու արիւնալի իրադարձութիւններուն զուգահեռ Անվտանգութեան խորհուրդը Նիւ Եորքի մէջ Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին կոչ ուղղեց՝ անյապաղ դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները։ Հարկ է նշել, որ 27 տարի վերջ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի օրակարգին վրայ է։ Դռնփակ ժողովը գլխաւորեց ՄԱԿ-ի մօտ Նիժերի մշտական ներկայացուցիչ Ապտու Ապար, որ Անվտանգութեան խորհուրդի շրջանային նախագահն է։ Ժողովէն վերջ ան ըսաւ. «ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամները կ՚աջակցին ընդհանուր քարտուղարի՝ կողմերուն ուղղեալ կոչին՝ անյապաղ դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները, թուլացնել լարուածութիւնը եւ առանց յապաղելու վերադառնալ բանակցութիւններուն»։ Ապտու Ապար նաեւ չբացառեց հակամարտ կողմերու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման մը կազմակերպումը։ Ըստ իրեն, եթէ նման անհրաժեշտութիւն մը ըլլայ, ապա իրենք պիտի խօսին երկու դեսպաններուն հետ (Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի), որպէսզի անոնք կարողանան փոխըմբռնման հասնիլ։
Նիւ Եորքի փակ քննարկման մասնակցեցան ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամ 15 պետութիւնները, որոնց կոչն է անյապաղ վերսկսիլ բովանդակային բանակցութիւնները՝ առանց որեւէ նախապայմանի։ Ժողովէն վերջ միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ յայտարարութիւն մը, որու մէջ աջակցութիւն յայտնուեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսին, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ հեռախօսազրոյցներ ունեցած էր ու կոչ ուղղած՝ դադրեցնել կրակն ու հակամարտութիւնը կարգաւորել խաղաղ ճանապարհով՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ։
Վերջին անգամ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը ղարաբաղեան հակամարտութիւնը քննարկած էր մօտաւորապէս երեք տասնամեակ առաջ՝ 1993 թուականի աշնան։ Այս անգամ Անվտանգութեան խորհուրդի այս քննարկումը տեղի ունեցաւ նախաձեռնութեամբ Էսթոնիայի, որ մշտական անդամներէն մին չէ։ Ըստ որոշ հաղորդումներու, այս հարցին մէջ Պալթեան պետութեան աջակցած էին նաեւ Եւրոպայէն շարք մը երկիրներ՝ ներառեալ Անվտանգութեան խորհուրդի մշտական անդամներէն Անգլիան եւ Ֆրանսան։ Անվտանգութեան խորհուրդի քննարկման ներկայ չէին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մշտական ներկայացուցիչ դեսպանները։ Ապտու Ապար սակայն չբացառեց, որ ՄԱԿ կրնայ քննարկումի մը նախաձեռնել անոնց մասնակցութեամբ։
Դռնփակ նիստէն վերջ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամները անհանգստութիւն յայտնած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս, շփման գծի ամբողջ երկայնքով լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններու մասին հաղորդումներու առընչութեամբ։ Անոնք վճռականօրէն կը դատապարտեն ուժի գործադրումը եւ ափսոսանք կը յայտնեն մարդկային զոհերու ու քաղաքացիական բնակչութեան շրջանակներէ ներս կորուստներու կապակցութեամբ։ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամները յայտարարած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու կեդրոնական դերակատարութեան նկատմամբ լիակատար աջակցութիւնը։ Հակամարտ կողմերուն կոչ ուղղուած է, որպէսզի համագործակցին անոնց հետ՝ առանց նախապայմաններու երկխօսութեան շուտափոյթ վերսկսման համար։
Արցախի ճակատին վրայ թափ առած լայնածաւալ հակամարտութեան մթնոլորտին մէջ հայկական կողմը օրերէ ի վեր ահազանգ կը հնչեցնէ Թուրքիոյ ներգրաւուածութեան դէմ։
Այս խնդրին վերաբերեալ հարցումներու պատասխանելով՝ Անվտանգութեան խորհուրդի երէկուան քննարկումներէն առաջ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի բանբերը՝ Սթեֆան Տիւժարիք յայտնեց. «Այս եւ շատ այլ յայտարարութիւններու ճշմարտացիութեան վերաբերեալ մենք տեղեկութիւն չունինք։ Մենք միջոցներ չունինք սա ստուգելու»։ Բանբերը, որ ո՛չ հաստատեց, ոչ ալ հերքեց այդ տեղեկութիւնները, միեւնոյն ժամանակ, կոչ ուղղեց՝ թոյլ տալ ԵԱՀԿ-ի դիտորդական առաքելութեան մուտքը հակամարտութեան գօտիէն ներս։
Բաց աստի, ղարաբաղեան հիմնախըն-դիրը երէկ հրատապ քննարկման ձեւաչափով եկաւ նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մշտական խորհուրդի օրակարգին վրայ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, կառոյցի անդամ 57 երկիրներու ներկայացուցիչները մասնակցեցան այս քննարկման։ Հանդիպման սկիզբին ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Ալպանիոյ մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Իկլի Հասանի վերստին ահազանգ հնչեցուց իրավիճակի վատթարացման եւ շարունակուող բախումներուն առընչութեամբ։ Ան կոչ ուղղեց՝ անյապաղ վերջ տալ իրավիճակի սրման։ Մտահոգութիւն յայտնելով զոհերու թիւի աճին շուրջ՝ ան կրկնեց ԵԱՀԿ-ի նախագահութեան կոչը՝ անյապաղ լիցքաթափել իրավիճակը եւ ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերու ընտանիքներուն ու հարազատներուն։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու՝ Ֆրանսայի, Ռուսաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներն ալ կրկնեցին համանախագահներուն կոչը ուղղուած բոլոր կողմերուն՝ անյապաղ դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները եւ վերսկսիլ բանակցութիւնները՝ հակամարտութեան կայուն կարգաւորման հասնելու համար։
Իր կարգին, ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկ դիտել տուաւ, որ ինք տեղեկատուութիւն կը քաղէ անմիջապէս տեղէն եւ տեղւոյն ամենաբարձր մակարդակի զրուցակիցներէն։ Կասպրչիկ դիտել տուաւ, որ մշտապէս կապի մէջ է կողմերուն հետ եւ իր խումբը պատրաստ է դաշտային դիտարկումներու վերսկսիլ՝ երբ իրավիճակը ըլլայ նպաստաւոր։
Ի լրումն այս բոլորին, ԵԱՀԿ-ի մօտ Ռուսաստանի մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ յայտնեց, որ իր երկիրը որպէս Մինսքեան խմբակի համանախագահ, միջնորդական ջանքերը պիտի շարունակէ հիմնախնդրի լուծման համար, համագործակցելով ԱՄՆ-ի եւ Ֆրանսայի հետ։ Ըստ իրեն, միջնորդական առաքելութեան արդիւնաւէտութիւնը կախում ունի նախ եւ առաջ հակամարտ կողմերէն, անոնց քաղաքական կամքէն, ինչ որ անհրաժեշտ է բանակցային սեղանի շուրջ հակամարտութեան կարգաւորման համար։
Միւս կողմէ, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը օրակարգի վրայ պիտի գայ նաեւ Եւրոմիութեան գագաթաժողովին ժամանակ, որ պիտի սկսի վաղը։ ԵՄ-ի խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել, որ վերջին օրերուն արձագանգեց իրավիճակին, գագաթաժողովի ընթացքին տեղեկացուց այս մասին։