ԹԱՆԿԱՐԺԷՔ ԱԿԱՆՋԱԿԱԼ

Անգլիոյ մէջ ներկայացուած է աշխարհի ամենաթանկարժէք ականջակալներէն մէկը։ Չինական QDC ընկերութիւնը ներկայացուցած է Blue Dragon (Կապոյտ վիշապ) կոչուող գերթանկարժէք ականջակալները, որոնց ստեղծման համար ձեւագծիչները մօտաւորապէս 18 ամիս վատնած են:

Ընկերութեան հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ ականջակալները պատրաստուած են թիթանիումէ, անոր գլխիկներէն իւրաքանչիւրի վրայ յատուկ փորձագիտութեամբ կողք-կողքի ընդհանուր 800 շափիւղայ շարուած է: Կապոյտ մակերեսի տակէն ալ առանձին հատուածներու մէջ 18 քարատնոց ոսկին կ՚երեւի:

Ականջակալները թանկարժէք քարերու, իւրայատուկ եռաչափ ձեւաւորման եւ գոյնի շնորհիւ վիշապի կաշիի կը նմանին: Մինչ այդ, ան նաեւ որակեալ ձայն կ՚ապահովէ: Յայտնի է, որ Անգլիոյ մէջ ներկայացուած այս ականջակալները հնարաւոր է ձեռք բերել 12.199 եւրոյով (15.700 տոլար):

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 30, 2020