ՄԻՔԵԼԱՆՃԵԼՈՅԻ ՔԱՆԴԱԿԸ

Անգլիոյ Թագաւորական ակադեմիոյ մէջ կը քննարկուի Միքելանճելոյի քանդակը վաճառելու հարցը։ Այսպէս, Թագաւորական ակադեմիոյ մէջ կը քննարկուի համավարակի հետեւանքով ստեղծուած ճգնաժամային պայմաններէն դուրս գալու համար Միքելանճելոյի գլուխգործոցներէն մէկը վաճառելու տարբերակը: Խօսքը Taddei Tondo մարմարէ խորաքանդակի մասին է, որ փորձագէտները 2017 թուականին մօտաւորեպէս 100 հազար միլիոն եւրօ գնահատած են:

515 տարեկան այս գլուխգործոցը Թագաւորական ակադեմիային փոխանցուած է տակաւին 1829 թուականին. սա Միքելանճելոյի քանդակներէն միակն է, որ կը գտնուի Անգլիոյ մէջ:

Մինչ այդ, այժմ ակադեմիոյ որոշ աշխատակիցներ կը կարծեն, որ գանձատրական ճգնաժամէ, անձնակազմի խոշոր կրճատումներէ խուսափելու միակ տարբերակը այս աշխատանքը վաճառելն է:

Սակայն յայտնի է, որ նման գաղափարը ակադեմիոյ ղեկավար Ռեպեքա Սոլթեր սարսափելի համարած է, իսկ մամուլի քարտուղարը, իր հերթին, յայտնած է, որ քանդակը վաճառելու որեւէ մտադրութիւն չունին:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 30, 2020