ՈՒՇԱԳՐԱՒ ԿԱՐԿԱՆԴԱԿՆԵՐ

Անգլիացի հրուշակագործներ ուշագրաւ կարկանդակներ կը ստեղծեն շարժուն ձիախաղի տեսքով։ Այսպէս, անգլիական Oddity Central կայքէջը ուշագրաւ անդրադարձ կատարած է լոնտոնեան Tattooed Bakers սրահի պատրաստած կարկանդակներուն, որոնք ստեղծուած են գեղեցիկ ձիախաղերու տեսքով եւ կը յիշեցնեն իրական արուեստի գլուխգործներ:

Ըստ կայքէջին, սրահի աշխատակիցներ՝ Էտի Լեպօ եւ Ռիչըրտ Ամոն հարիւրաւոր ժամեր կը ծախեն այս աշխատանքներու պատրաստման համար: Կարկանդակին վրայ գտնուող պատկերներն ու կերպարանքը այնքան համաչափ ու մանրակրկիտ կը ստեղծեն, որ անոնք յաճախ կարելի է խաղալիքներու հետ շփոթել:  Աւելի տպաւորիչ արդիւնքի համար հրուշակագործները յաճախ շարժուն շինուածք կը ներդնեն, անոր օգնութեամբ կարկանդակի գեղեցկութիւնը տարբեր անկիւններէն առաւել տպաւորիչ կը ցուցադրուի:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 30, 2020