ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ԱՀԱԶԱՆԳ

«Freedom House» միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը ներկայիս ահազանգ կը հնչեցնէ Հայաստանէ ներս ժողովրդավարութեան եւ խօսքի ազատութեան յետընթացին մասին։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, այս հեղինակաւոր կազմակերպութիւնը վերջին օրերուն իրերայաջորդ երկու անգամ Հայաստանին կոչ ուղղեց, որպէսզի դադրեցուի՝ երկրի օրէնսդրութեան մէջ նոր ընդգրկուած «Ծանր վիրաւորանք» յօդուածի գործադրութիւնը։ Առաջին յայտարարութիւնը կատարուած էր երկու ամիս առաջ, երբ այդ օրէնքը նոր ընդունուած էր։ Իսկ վերջին օրերու՝ երկրորդ յայտարարութեան տուն տուած է այդ յօդուածի հիման վրայ յարուցուած քրէական գործը։ Արդարեւ, շուրջ շաբաթ մը առաջ Հայաստանի մէջ քրէական գործ մը յարուցուած էր, Դիմատետրի վրայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հասցէին կատարուած վիրաւորական գրառումի մը բերումով։

Իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը կը դիտարկէ, որ սա կը նշանակէ Հայաստանէ ներս ժողովրդավարական չափանիշներու ակնյայտ յետընթաց՝ ներառեալ խօսքի ազատութիւնը։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 30, 2021