ՔՐԷԱԿԱՆ ՀԵՏԱՊՆԴՈՒՄ

Երեւանէն լուրեր կը հասնին հերթական աղմկայարոյց ձերբակալութիւններու հարցին շուրջ։ Այսպէս, Հայաստանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Ստեփան Գալստեան եւ նախկին պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան հրաւիրուեցան Ազգային անվտանութեան ծառայութիւն (ԱԱԾ)։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, ԱԱԾ տեղեկացուց, որ Դաւիթ Տօնոյեան ձերբակալուած է ու պատկան գործին ներգրաւուած՝ որպէս մեղադրեալ։ Քրէական հետապնդումներ յարուցուած են նաեւ Հայաստանի զինեալ ուժերու նախկին կամ ներկայ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն դէմ։ Երեւանեան լրատուամիջոցները տեղեկացուցին, որ մինչ այդ խուզարկուած են նաեւ ենթականերու բնակարանները։ Ըստ նոյն աղբիւրներուն, խուզարկումները կը վերաբերին անորակ հրթիռներու վերաբերեալ քրէական գործին։

ԱԱԾ պաշտօնապէս տեղեկացուց, որ ձերբակալութիւնները կատարուած են՝ առանձնապէս խոշոր չափերով յափշտակութիւն կատարած ըլլալու կասկածով։

Զանազան իրաւապաշտպաններ կը յայտնեն, որ հակառակ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած իշխանութեան բազմաթիւ խոստումներուն, Հայաստանի բանակէն ներս փտածութեան դէմ պայքարը ամենեւին ալ նկատելի չէ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 30, 2021