ԿԱՐԵՒՈՐ ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ առաւօտ Երեւանի մէջ, կառավարութեան ժողովի սկիզբին անդրադարձաւ Ատրպէյճանի հետ սահմանին վրայ ստեղծուած ծանր իրավիճակին։ Ան կրկնեց, որ առկայ իրավիճակին մէջ լուծում կրնայ ըլլալ սահմանի վրայ միջազգային դիտորդական առաքելութեան տեղակայումը։ «Մեր դիրքորոշումը յստակ է՝ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը պէտք է ետ քաշուին Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն», ըսաւ Փաշինեան։

Ժողովի ընթացքին վարչապետը շարունակեց. «Աշխարհակարգը փուլ կու գայ բոլորիս աչքին առջեւ։ Եւ մենք փլուզման այս գործընթացին մէջ պէտք է ըլլանք կրկնակի ճկուն, կրկնակի մտածող ու կրկնակի դիմադրող, որպէսզի այս փոթորկալից ովկիանոսով անցընենք մեր երկիրը եւ զայն հասցնենք խաղաղ նաւահանգիստ»։

Նախարարաց խորհուրդի ժողովի ընթացքին Փաշինեան դիտել տուաւ, որ պէտք է ընթանալ երեք հիմնական ռազմավարական ուղղութիւններով։ Այդ երեք ուղղութիւնները չեն բացառեր միւսները։ «Առաջին՝ մենք պէտք է բոլոր ջանքերը գործադրենք Հայաստանի շուրջ տեւական խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու ուղղութեամբ։ Երկրորդ՝ պէտք է հետեւողականօրէն շարունակենք կրթութեան ոլորտի մեր բարեփոխումները եւ կրթութեան ոլորտին մէջ մեզի պէտք են էական խոշոր պետական ներդրումներ։ Երրորդ՝ բանակին մէջ պէտք է հետեւողական բարեփոխումներ իրականացուին», ըսաւ վարչապետը։

Բաց աստի, երէկուան ժողովէն առաջ Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ. «Ատրպէյճան նման սադրանքներով կը փորձէ այնպէս մը ընել, որ Հայաստան հնարաւորութիւն չունենայ իրականացնել զինեալ ուժերու բարեփոխումները։ Դժբախտաբար, Ատրպէյճան որոշ յաջողութիւններ ունի մեր դաշնակիցներուն հետ յարաբերութիւններու իմաստով։ Այնտեղ կը փորձեն այնպէս մը ընել, որ Հայաստանին զէնք ու ռազմամթերք չմատակարարուի։ Դէպքեր ունինք, երբ հարիւր միլիոնաւոր տոլարներ վճարուած են, բայց Հայաստանի նկատմամբ մատակարարման պարտաւորութիւնները չեն կատարուիր՝ ներառեալ դաշնակից երկիրներու կողմէ։ Մենք խորապէս պէտք է լուծենք այս իրադրութիւնը։ Այս բոլորը տեղի կ՚ունենայ հեռահար կամ ոչ-հեռահար նպատակով, որպէսզի մենք հրաժարինք մեր պետականութենէն, ինքնիշխանութենէն, զիջումներ ընենք մեր տարածքային ամբողջականութենէն, բայց ի հեճուկս բոլոր գործօններու, մենք վճռական ենք՝ մեր անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանելու ուղղութեամբ»։

Փաշինեանի բարձրաձայնած այս անհանգստութեան համայնապատկերին վրայ երէկ հայկական լրահոսին մէջ ուշադրութիւն գրաւեցին զանազան հաղորդումներ, ըստ որոնց Երեւան զէնք ու զինամթերք ապահովելու համար կարեւոր այլընտրանք մը գտած է։ Այսպէս, «The Economic Times» գրեց, որ Հնդկաստան յառաջիկայ ամիսներուն Հայաստանին պիտի մատակարարէ հրթիռային համակարգեր, ռատարներ եւ հակահրասայլային հրթիռներ։ Համապատասխան պայմանագիրը արդէն ստորագրուած է Երեւանի եւ Նիւ Տելհիի ղեկավարութիւններուն միջեւ։ Գործարքը ընդհանուրին մէջ կը կազմէ 244 միլիոն ամերիկեան տոլար։

Ըստ երկու կառավարութիւններու միջեւ կնքուած պայմանագրին, Հնդկաստան Հայաստան պիտի արտածէ «Pianka» հրթիռային համակարգեր, որոնք արդէն իսկ կ՚օգտագործէ նաեւ սեփական բանակին մէջ։ Հնդկաստան Հայաստանին պիտի մատակարարէ նաեւ հակահրասայլային հրթիռներ եւ այլ զինամթերքներ։ Նախատեսուած է նաեւ հայկական կողմին համար «Swathi»  ռատարներու տրամադրումը։ 

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 30, 2022