ՅԱՒԵՐԺԱՇՈՂ ԿԱՆԹԵՂ
Յոյսն ու վերյառնումի ձգտումը շաբաթավերջին դարձան հայութեան հասարակաց յայտարարը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կազմակերպուած Միւռոնօրհնէքի եւ Մայր Տաճարի վերաօծման սրբազան արարողութիւններուն առթիւ։ Արդարեւ, այն ինչ, որ տեղի ունեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, եկաւ վերահաստատել, թէ համայն հայութեան օրհնութեան աղբիւրն ու ինքնութեան անառիկ միջնաբերդն է ան։ Արդարեւ, Սուրբ Էջմիածինը հերթական անգամ վերահաստատուեցաւ՝ որպէս հայութեան յաւերժաշող կանթեղը։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդգծեց, որ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարը քրիստոնեայ Հայաստանի հոյակերտ վկան է։ «Սուրբ Էջմիածինը Յիսուս Քրիստոսի անգին պարգեւն է մեր ազգին», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը՝ մինչ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի ուղղորդաբեր կամարներուն ներքեւ հաւատակերտ ժամանակներու դուռը բացուեցաւ բոլոր անոնց համար, որոնք առիթն ունեցան շնչելու Միւռոնօրհնութեան եւ Մայր Տաճարի վերաօծման մթնոլորտը։ Արդարեւ, համայն հայութեան սրբութիւն սրբոցը շաբաթավերջի պատմական արարողութիւններով վերահաստատուեցաւ՝ որպէս ոսկէ խարիսխ սրբավայր, որ ազգային անդաստանի պայծառ փարոսն է եւ հայութիւնը կ՚առաջնորդէ դէպի փրկութեան ճանապարհ՝ բարօր գալիքի հաստատակամութեամբ։
Միւռոնօրհնութեան եւ Մայր Տաճարի վերաօծման արարողութիւնները եկան աշխարհացրիւ հայ հաւատացեալներու մտքին ու հոգիին մէջ հերթական անգամ արծարծել այն գաղափարը, թէ Սուրբ Էջմիածինը Քրիստոսի տունն է՝ կենսաւէտ ու կենսատու։ «Տէրունահաստատ Սուրբ Էջմիածինը՝ լուսաւորչակերտ Մայր Տաճարով, հաւաստիքն է Աստուծոյ հետ մեր յաւիտենական ուխտին», ըսաւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկուան պատգամին մէջ։ «Սուրբ է այն տեղը, ուր կանգնած ես» բնաբանով քարոզեց Նորին Սրբութիւնը, որ ըսաւ. «Յիրաւի, Սուրբ Էջմիածինը մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի անգին պարգեւն է մեր ազգին ու Աստուծոյ անսպառ օրհնութեանց մատռուակը աշխարհասփիւռ հաւատաւոր մեր ժողովուրդին»։
Հայրապետական Ս. Պատարագի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը ըսաւ նաեւ հետեւեալը. «Սուրբ Էջմիածնէն ճառագող երկնային լոյսով ու շնորհներով շողարձակած է հաւատքը ազգիս զաւակներու սրտերուն մէջ եւ ամրապնդուած սէրը հայրենիքի հանդէպ։ Հայոց սրբօրրանի ներշնչանքով ստեղծուած են հայոց գիրերն ու դպրութիւնը, ոգի ու խիզախութիւն առած Աւարայրի քաջերը։ Սուրբ Էջմիածնով ոգեշնչուած են (…) հերոսները եւ անոր օրհնաբեր կամարներուն ներքեւ մխիթարութիւն ու հանգստութիւն գտած, փորձութիւններու ու նեղութիւններու ենթարկուած մեր ժողովուրդի զաւակները։ Այս նուիրական սրբավայրին մէջ նաեւ մշտավառ պահուած է տեսլականը մեր անկախ պետականութեան վերակերտման, որը եւ իրականութիւն դարձած է մեր ժողովուրդի միահամուռ կամքի արտայայտութեամբ ու աննկուն պայքարով»։ Ապա ան շեշտեց, որ Սուրբ Էջմիածինը Աստուծոյ մշտնջենական ներկայութիւնն է հայոց կեանքէն ներս, աներեր ու անյաղթելի։ «Պատմութեան հոլովոյթներուն մէջ հայոց եկեղեցին՝ Սուրբ Էջմիածնի հոգեւոր կեդրոնով, բազմիցս ենթարկուած է յարձակումներու եւ հալածանքներու, սակայն հաւատի անպարտելիութեամբ յաղթահարած է դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները։ Պատմական անբեկանելի ճշմարտութիւն է՝ մարտջել Սուրբ Էջմիածնի դէմ կը նշանակէ՝ մարտնջել հայոց ինքնութեան եւ գոյութեան դէմ, հարուած հասցնել հայոց պետականութեան եւ հայ կեանքը պարպել ազգային ու հոգեւոր բովանդակութենէն։ Սուրբ Էջմիածնի առաքելութիւնը արժեզրկելու որեւէ քայլ՝ կը նշանակէ փորձել տկարացնել մեր ազգը, խարխլել հիմքերը անկախ ու ինքնիշխան կեանքի, որու ջատագովն ու պաշտպանն է Հայոց Եկեղեցին։ Սուրբ Էջմիածնի նկատմամբ աշխարհասփիւռ հայութեան որդիական ջերմ սիրով ու նախանձախնդրութեամբ ամուր է մեր հայրենիքը, զօրեղ եւ անկոտրում՝ միաբանութիւնը մեր ժողովուրդի։ (…) Սուրբ Էջմիածինը աստուածադրոշմ է, սուրբ եւ անկորնչելի», շարունակեց Նորին Սրբութիւնը։ Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը յոյս յայտնեց, թէ վերաօծեալ սրբավայրը հայոց հաւատքին նոր ամրութիւն պիտի տայ, բազուկներուն՝ զօրութիւն, մտքերուն՝ պայծառութիւն եւ սրտերուն՝ լուսաւորութիւն։ Այսպէսով հայութիւնը պիտի կարողանայ դիմագրաւել նորօրեայ փորձութիւններն ու աղիտաբեր վտանգները։
«Ամէնուր մեր մէջ զօրացնենք ազգանուիրումի, եղբայրսիրութեան եւ համերաշխութեան ոգին։ Մերժենք մեզմէ անտարբերութիւնը, անհանդուրժողութիւնն ու քինախնդրութիւնը։ Զերծ պահենք մեր պատմութիւնը կեղծիքներէ ու խեղումներէ։ Համախումբ հոգ տանինք մեր հայրենիքին՝ գիտակցութեամբ, թէ հայրենի ինքնիշխան մեր երկիրն է երաշխաւորը մեր ինքնութեան պահպանման եւ ազգային իղձերու ու երազանքներու իրականացման։ Կրթենք մեր զաւակները ազգային նկարագրով, մեր լուսամիտ հայրերու հաւատքով ու քաջարի ոգիով, որպէսզի մեր ապագան ըլլայ բարօր եւ յաղթական։ Արդ, ապրինք ու գործենք հոգեւոր արթնութեամբ, մեր պետութիւնը, մեր ազգային կեանքը զօրացնելու վեհ ու պայծառ տեսլականով», եզրափակեց Վեհափառ Հայրապետը։