ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԱՂԲԻՒՐ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ շաբաթավերջին հաւաքուած ծովածաւալ բազմութիւնը եկաւ հերթական անգամ արձանագրել, թէ հայոց ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս որքան մեծ նշանակութիւն ունի հաւաքական աղօթքը։ Արդարեւ, մայրավանքի ընդարձակ համալիրը շաթաբավերջին կարծես դարձած ըլլար համահայկական ժամադրավայր մը, ուր աշխարհի չորս ծագերու հայկական համայնքներու ներկայացուցիչները համախմբուած էին հոգեւոր հրճուանքի մթնոլորտին մէջ։ Միւռոնօրհնութեան եւ Մայր Տաճարի վերաօծման սրբազան արարողութիւնները իսկապէս պատմական դարձան եւ երկար ամիսներէ ի վեր ձեւաւորուած սպասումները լի ու լի արդարացուցին՝ քանի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը անգամ մը եւս եկաւ պատգամել, թէ ինքն է համայն հայութեան հասարակաց յայտարարը եւ այնտեղ ստեղծուած աղօթակցութեան մթնոլորտը շատ բան կը պայմանաւորէ ազգային-եկեղեցական կեանքէ ներս։

Միւռոնօրհնութեան եւ Մայր Տաճարի վերաօծման սրբազան արարողութիւնները իսկապէս փառաշուք էին եւ պատկառազդու։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ծէսին եւ աւանդութիւններուն հիման վրայ այս արարողութիւնները իսկապէս մեծ տպաւորութիւն գործեցին բոլոր մասնակիցներուն վրայ եւ վստահաբար բոլորի յիշողութեան մէջ քանդակուած կը մնան երկար ժամանակ։ Սրբազան արարողութիւններուն նախագահեց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, որու կողքին էին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նուիրապետական աթոռներու ներկայացուցիչները, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասու գրեթէ բոլոր անդամները եւ հազարաւոր ուխտաւորներ։

Երկու փուլերէ բաղկացեալ սրբազան արարողութիւններուն առաջինը տեղի ունեցաւ Ս. Տրդատի բաց խորանին առջեւ։ Միւռոնօրհնութեան արարողութեան սկիզբը ազդարարեցին վերանորոգեալ Մայր Տաճարի զանգակներու ուրախ ղօղանջները։ Վեհարանէն հայրապետական ծանրաշուք թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Ս. Տրդատի բաց խորանը, որու առջեւ զետեղուած էր Սրբալոյս Միւռոնի կաթսան։ Հայրապետական թափօրին մէջ կ՚ընթանային Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան ժամանակ օգտագործուած բոլոր սրբազան առարկաները, որոնցմէ իւրքանչիւրը երկու եպիսկոպոսի կողմէ կը փոխադրուէր։ «Խորհուրդ խորին» շարականի երգեցողութենէն վերջ Վեհափառ Հայրապետը խորան բարձրացաւ «Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ։ Խորանին վրայ Վեհափառ Հայրապետի կողքին էին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Տ. Մեսրոպ Արք. Սարգիսեան, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան ներկայացուցիչ Տ. Թէոդորոս Եպսկ. Զաքարեան, Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի թեմի առաջնորդ Տ. Եզրաս Արք. Ներսիսեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Արք. Խաչատրեան, Ռումանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Տաթեւ Եպսկ. Յակոբեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Արարատեան Հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ Տ. Նաւասարդ Արք. Կճոյեան, Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեան, Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Հայկազուն Արք. Նաճարեան եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեան։ Վեհափառ Հայրապետին առընթերակայ էին Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան եւ Գերմանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Սերովբէ Եպսկ. Իսախանեան։

Հարկ է նշել, որ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութեան կնքահայրն էր ազգային բարերար Սամուէլ Կարապետեան։

Մինչ կ՚երգուէին «Ուրախ լեր» եւ այլ շարականներ, բարձրաստիճան եկեղեցականները խորանին վրայ առաքելական թուղթերէ ընթերցումներ կատարեցին, նաեւ Ս. Աւետարանի պատկան հատուածները ընթերցեցին։ Հազարաւոր հաւատացեալներ Ս. Տրդատի բաց խորանին առջեւ այնքան տպաւորուած հետեւեցան Միւռոնօրհնութեան ընթացքին, երբ բացուեցաւ Սրբալոյս Միւռոնի կաթսային կափարիչը եւ Վեհափառ Հայրապետը ծաղկանց նիւթը, բալասանը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ օրհնուած միւռոնը եւ ի վերջ հին միւռոնը խառնեց կաթսային մէջ։ Մասնաւորապէս հին միւռոնի նոր միւռոնին մէջ աւելցուիլը բոլորին առթեց անբացատրելի զգացումներ՝ քանի այդ մէկը կը խորհրդանշէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ յարատեւութիւնը։ Այսինքն, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի ձեռամբ օծուած միւռոնը կը գտնուի հին միւռոնին մէջ եւ այդ դարերու յաջորդականութեան գաղափարը այնքան խորհրդանշականօրէն դրսեւորուեցաւ ու ամբողջական իմաստով բիւրեղացաւ բոլորի աչքին առջեւ։ Վեհափառ Հայրապետը աւելի վերջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ի պահ դրուած զանազան սրբութիւններով օրհնեց նոր միւռոնը. ինչպէս՝ Ս. Գեղարդը, Խաչափայտի մասունքով խաչը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի աջի մասունքը եւ այլն։

Սրբալոյս Միւռոնի կաթսային կափարիչը ինչպէս բացուեցաւ, այնպէս ալ փակուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետի պաշտօնակատար Տ. Յարութիւն Վրդ. Կիրակոսեանի եւ օրուան կնքահօր՝ Սամուէլ Կարապետեանի կողմէ։ Սպիտակ շղարշով ծածկուած Միւռոնօրհնութեան կաթսան արդէն խորանին վրայ կը զբաղեցնէր կեդրոնական դիրք մը եւ բոլորի աչքին դարձած էր համազգային սրբութեան մը մարմնացումը։ Ստեղծուած խորհրդաւոր մթնոլորտին մէջ Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը տուաւ ներկաներուն՝ բնաբան ունենալով առաքեալի այն խօսքը, թէ ով որ կ՚օծուի այս Սուրբ Իւղով կ՚երկուղի Աստուծմէ ու հակառակորդին դէմ անվախ կը դառնայ։ Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, թէ Միւռոնօրհնութեան արարողութիւնը եւ ստեղծուած մթնոլորտը կը յիշեցնեն հայոց մեծ դարձի օրերը։ Ան մաղթեց, որ Սրբալոյս Միւռոնը երկնապարգեւ բարիքներ բերէ՝ պատերազմի արհաւիրք կրած հայ ժողովուրդին։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ Սրբալոյս Միւռոնին շնորհիւ հայութիւնը մէկ ազգ է ու մէկ եկեղեցի։ «Անլուծարելի է ի հոգեւորս մեր միասնականութիւնը», ըսաւ ան ու պատգամին մէջ մատնանշեց Ատրպէյճանի ծաւալապաշտ նկրտումներով պայմանաւորուած մտահոգութիւնները, Հայաստանի Հանրապետութեան զաւթուած ինքնիշխան տարածքներու խնդիրը, Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման հրամայականն ու Ատրպէյճանի մէջ ի պահ դրուած գերիներու եւ պատանդներու խնդիրը։

Միւռոնօրհնութեան արարողութեան մասնակցեցան քրիստոնէական գրեթէ բոլոր եկեղեցիներէն բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, Հայաստանէն եւ սփիւռքէն բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր, ինչպէս նաեւ պետական, քաղաքական, հասարակական գործիչներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ, համալսարաններու վերատեսուչներ եւ այլ բազմաթիւ հիւրեր։ Ներկաներու շարքին էին նաեւ հոծ թիւով ազգային բարերարներ, որոնք միշտ սատար կը հանդիսանան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան գործունէութեան ու վերելքին։

Շաբաթ երեկոյեան տեղի ունեցած Միւռոնօրհութենէն վերջ, երէկ առաւօտ սրբազան արարողութիւնները շարունակուեցան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարը պաշտամունքի վերաբացուեցաւ՝ վերաօծուելով եւ անգամ մը եւս ապացուցանելով, թէ համայն հայութեան սրբութիւն սրբոցն է։ Մայր Տաճարի զանգակներուն զուարթ ղօղանջը երէկ առաւօտ դարձեալ աւետեցին հայրապետական ծանրաշուք թափօրի վեհարանէն դէպի եկեղեցի առաջնորդուիլը։ Վեհափառ Հայրապետը հանդիսաւորապէս մուտք գործեց ամրակայուած Մայր Տաճար, որու Աւագ խորանը օծեց՝ նախօրէին նոր օրհնուած Սրբալոյս Միւռոնով։ Աւագ խորանի օծումէն վերջ Վեհափառ Հայրապետը տուաւ օրուան պատգամը, որու աւարտին պարգեւատրեց այն բարերարները, որոնք Մայր Տաճարի ամրակայման նախաձեռնութեան իրենց բոլորանուէր զօրակցութիւնը ցուցաբերած էին։ Նորին Սրբութեան տնօրինութեամբ՝ բարերարներուն յանձնուեցան նորահաստատ «Սուրբ Էջմիածին» բարձրագոյն շքանշանները։ Հարկ է նշել, որ Վեհափառ Հայրապետը տնօրինած է այս շքանշանի հաստատումը՝ Մայր Տաճարի վերանորոգման առթիւ։ Այսպէս, Նորին Սրբութեան ձեռամբ պարգեւատրուեցան՝ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեանները, Սամուէլ եւ Էթերի Կարապետեանները, Պերճ եւ Վերա Սեդրակեանները, Էրիք եւ Միլենա Իսրայէլեանները, Նուպար եւ Աննա Աֆէեանները, Նուէր եւ Ելենա Մխիթարեանները, Հրաչ եւ Սիւզըն Թուֆայեանները, ինչպէս նաեւ Էլզա Թիթիզեան եւ Անահիտ Եագուպեան։

Պարգեւատրման արարողութենէն վերջ, սկսաւ հայրապետական Ս. Պատարագը։ Վեհափառ Հայրապետին առընթերակայ էին Կեդրոնական Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Աւստրիոյ թեմի առաջնորդ Տ. Տիրան Եպսկ. Պետրոսեան եւ Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Աբգար Եպսկ. Յովակիմեան։ Պատարագիչ Վեհափառ Հայրապետին փէշակիրներն էին Պրազիլիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Նարեկ Եպսկ. Սարգսեան եւ Իրաքի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Օշական Եպսկ. Կիւլկիւլեան։ Մայր Տաճարի երգչախումբը սրբազան երգեցողութիւնը կատարեց այնքան կատարեալ ձեւով։ Արարողութեան հետեւեցաւ նաեւ Հայաստանի պետական աւագանին՝ Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի գլխաւորութեամբ։ Երկար ժամանակ վերջ Երեւանի բարձրագոյն ղեկավարութեան յառաջատար դէմքերը այցելած եղան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։

Հայրապետական Ս. Պատագարի աւարտին Վեհափառ Հայրապետը դարձեալ թափօրով դուրս եկաւ վերաօծեալ Մայր Տաճարէն եւ առաջնորդուեցաւ դէպի վեհարան։ Այս փուլին Նորին Սրբութիւնը ջերմօրէն շրջապատուեցաւ այն հաւատացեալներուն կողմէ, որոնք Մայր Տաճարի շրջափակին բացօթեայ զետեղուած պաստառներու միջոցաւ հետեւած էին Ս. Պատարագին։ Ելքի թափօրին անոնք ալ հնարաւորութիւն ունեցան Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը ստանալու։

Միւս կողմէ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր հովանաւորութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը երէկ երեկոյեան պաշտօնական ընթրիք մը կազմակերպեց Երեւանի պանդոկներէն մէկուն մէջ, ուր համախմբուեցան մանաւանդ միջեկեղեցական հիւրերը, բարերարները եւ այլ դէմքեր։

  

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 30, 2024