«ՎԱԹԱՆ» ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱԿԱԶԴԵՑ ԴԵՐԱՍԱՆ ՃՈՐՃ ՔԼՈՒՆԻԻՆ

Հո­լի­վու­տի աստ­ղե­րէն դե­րա­սան Ճորճ Քլու­նի վեր­ջերս յայ­տա­րա­րած էր, որ 1915 թուա­կա­նին հա­յոց դէմ կա­տա­րուած է ցե­ղաս­պա­նու­թիւն մը եւ սա ան­վի­ճե­լի ի­րո­ղու­թիւն մըն է։ Ծա­նօթ է, որ Ճորճ Քլու­նիի կո­ղա­կի­ցը՝ Ա­մալ Քլու­նի Հա­յաս­տա­նը ներ­կա­յա­ցու­ցած էր Եւ­րո­պա­յի մար­դու ի­րա­ւանց ա­տեա­նին մօտ՝ «Փե­րին­չէքն ընդ­դէմ Զուի­ցե­րիոյ» դա­տա­վա­րու­թեան ըն­թաց­քին։ Դա­տա­վա­րու­թեան ար­դիւն­քին Ե­ՄԻԱ-ն ար­դա­րա­ցու­ցած էր «Վա­թան» կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վար Տո­ղու Փե­րին­չէ­քը։

«NTV»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, նոյն կու­սակ­ցու­թիւ­նը հա­կազ­դեց նաեւ դե­րա­սան Ճորճ Քլու­նիի կող­մէ կա­տա­րուած վե­րո­յի­շեալ յայ­տա­րա­րու­թեան։ Կու­սակ­ցու­թեան մի­ջազ­գա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բա­ժան­մուն­քի ան­դամ­նե­րէն Օ­նուր Սի­նան Կիւ­զալ­թան այս կա­պակ­ցու­թեամբ յայ­տա­րա­րեց, որ Քլու­նիին կը յանձ­նա­րա­րեն ըն­թեր­ցել Ե­ՄԻԱ-ի վճի­ռը։

«Քլու­նի ըն­տա­նի­քը 1915-ի դէպ­քե­րը շե­ղեց­նե­լու հա­մար օգ­տա­գոր­ծուող գոր­ծիք­նե­րէն մին է», նշուե­ցաւ կու­սակ­ցու­թեան յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ։

 

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 30, 2015