ՈՒՈՐԼԻՔ «ՍԱՐՍԱՓԵԼԻ» ՈՐԱԿԵՑ ՀԱՅ-ԱԶԷՐԻ ՇՓՄԱՆ ԳԾԻՆ ԱՌԿԱՅ ՎԻՃԱԿԸ

ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն դէ­պի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան տա­րած­քաշր­ջան կա­տա­րած այ­ցե­լու­թեան ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն զբա­ղեց­նել օ­րա­կար­գը։ Միջ­նորդ­նե­րը ե­րէկ հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը հան­դէս ե­կան ամ­փո­փե­լով ի­րենց վեր­ջին ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը։ Այս առ­թիւ ա­նոնք շեշ­տե­ցին, թէ Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ­նե­րը հաս­տա­տած են ի­րենց հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը՝ մին­չեւ տա­րե­վերջ հան­դի­պե­լու հա­մար հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ։ Ա­նոնք պի­տի քննար­կեն հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման ա­ռանց­քա­յին տար­րե­րը եւ այլ հար­ցեր։ Նա­խա­գահ­նե­րուն հետ տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին միջ­նորդ­նե­րը ընդգ­ծած են սահ­մա­նի եւ շփման գծի վրայ բռնու­թեան վտանգ­նե­րը։ «Ծանր հրե­տա­նիի՝ ա­կա­նա­նե­տե­րու եւ նռնա­կա­նե­տե­րու օգ­տա­գոր­ծու­մը ա­նըն­դու­նե­լի է եւ մեծ վտանգ կը ներ­կա­յաց­նէ խա­ղաղ բնակ­չու­թեան հա­մար։ Մենք խո­րա­պէս կը ցա­ւակ­ցինք խա­ղաղ բնակ­չու­թեան շրջա­նակ­նե­րէն ներս մարդ­կա­յին զո­հե­րուն եւ վի­րա­ւո­րեալ­նե­րուն հա­մար։ Յոյս ու­նինք, որ կող­մե­րը ա­մէն քայլ պի­տի առ­նեն բռնու­թիւն­նե­րէն խու­սա­փե­լու հա­մար։ Մենք օ­րա­կար­գի վրայ բե­րած ենք ա­ռա­ջարկ­ներ, ո­րոնք մի­տուած են անվ­տան­գու­թեան կա­յու­նու­թեան ա­պա­հով­ման եւ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու հա­մար ա­ւե­լի շի­նիչ մի­ջա­վայ­րի մը ստեղ­ծուե­լուն», ը­սուած է միջ­նորդ­նե­րու հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ։

Նոյն յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ միջ­նորդ­նե­րը անդ­րա­դար­ձած են նաեւ շփման գի­ծը հա­տե­լու սո­վո­րա­կան գոր­ծըն­թա­ցէն ան­մի­ջա­պէս վերջ ի­րենց ուղ­ղու­թեամբ ան­յայտ կող­մէ կրա­կոց­նե­րու ար­ձակ­ման՝ զա­նոնք ստի­պե­լով պատս­պա­րուե­լու։ Կող­մե­րը պար­տա­ւո­րու­թիւն ստանձ­նած էին՝ ա­պա­հո­վե­լու հա­մար անվ­տան­գու­թիւ­նը այն անձ­նա­կազ­մին, որ կ՚ի­րա­կանց­նէր դի­տար­կու­մը։ Այս դէպ­քը հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման հար­ցին մէջ յա­ռա­ջըն­թա­ցը կան­խե­լու փորձ մը հա­մա­րուած է։ Այս ա­ռի­թը նաեւ կը շեշ­տէ հրա­դա­դա­րի խախտ­ման դէպ­քե­րու ԵԱՀԿ-ի կող­մէ ու­սում­նա­սիր­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։

Իր կար­գին, ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ Ճէյմս Ո­ւոր­լիք Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րու շփման գծի ի­րա­վի­ճա­կը ո­րա­կեց սար­սա­փե­լի։ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, Ո­ւոր­լիք ը­սաւ. «Պէտք է հե­տե­ւիլ հրա­դա­դա­րի դրու­թեան պահ­պան­ման։ Մենք պէտք է հրա­տապ լու­ծում գտնենք խնդրի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման հա­մար։ Ես իմ գոր­ծըն­կեր միջ­նորդ­նե­րուն հետ ե­ղած եմ անվ­տանգ վայ­րի մէջ, բայց ԵԱՀԿ-ի եր­կու ծա­ռա­յող­ներ ե­ղած են վտան­գի մէջ եւ սկսած՝ թաքս­տոց փնտռել։ Բա­րե­բախ­տա­բար ա­նոնք չտու­ժե­ցին։ Նման դէպ­քե­րը ա­նըն­դու­նե­լի են։ Երբ դէպ­քը կը քննար­կէինք ԵԱՀԿ-ի մաս­նա­գէտ­նե­րուն հետ, ա­նոնք ը­սին, որ հնա­րա­ւոր չէ ե­ղած ճշդել, թէ ո՛ր կող­մէն բա­ցուած է կրա­կը։ Ա­նոնք մաս­նա­գէտ­ներ են այդ հար­ցին մէջ։ Կը փա­փա­քիմ ան­գամ մը եւս ընդգ­ծել, որ նման դէպ­քե­րը հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ դի­տարկ­ման ժա­մա­նակ ա­նըն­դու­նե­լի են»։

­Հայ­կա­կան կող­մը ա­ռա­ջին իսկ պա­հուն տե­ղե­կա­ցու­ցած էր, որ միջ­նորդ­նե­րու դի­տարկ­ման ժա­մա­նակ կրակ բա­ցուած է Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ, թէեւ Պա­քուէն ալ օ­րա­կար­գի վրայ բե­րուե­ցան հա­կա­ռակ ուղ­ղու­թեամբ պնդում­ներ։ Այս­քա­նէն վերջ Ո­ւոր­լի­քի կող­մէ կա­տա­րուած յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը, թէ հնա­րա­ւոր չէ ե­ղած ճշդել կրակ բա­ցող կող­մը՝ տե­ղի տուաւ հայ­կա­կան կող­մի հա­կազ­դե­ցու­թեան։ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Շա­ւարշ Քո­չա­րեան ե­րէկ յայտ­նեց, թէ հրա­դա­դա­րը խախ­տո­ղը բա­ցա­յայ­տե­լու անհ­նա­րի­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը կը խրա­խու­սեն նոր սադ­րանք­նե­րը։ Իր կար­գին, Հա­յաս­տա­նի մէջ իշ­խա­նու­թեան գլուխ գտնուող Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան բան­բե­րը՝ Ե­դուարդ Շար­մա­զա­նով ը­սաւ, թէ հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու հա­ւա­սա­րու­թեան նշան դնե­լու հե­տա­մուտ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը չեն կրնար նպաս­տել խա­ղա­ղու­թեան ամ­րապնդ­ման։ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի մամ­լոյ քար­տու­ղար Դա­ւիթ Պա­պա­յեանն ալ յայտ­նեց, որ Ար­ցա­խի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը միջ­նորդ­նե­րու հետ վեր­ջին հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ օ­րա­կար­գի վրայ բե­րած է հա­կա­մարտ կող­մե­րուն մի­ջեւ հա­ւա­սա­րու­թեան նշան չդնե­լու խնդի­րը։

Միւս կող­մէ, Գեր­մա­նիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան Ա­րե­ւե­լեան Եւ­րո­պա­յի, Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի եւ Կեդ­րո­նա­կան Ա­սիոյ հար­ցե­րով յանձ­նա­կա­տար Անտ­րէաս Փեշ­քէ ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ շփում­ներ ու­նե­ցաւ՝ այս շրջա­նին իր ի­րա­կա­նա­ցու­ցած տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով։ Ան տե­սակ­ցե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Կա­րէն Նա­զա­րեա­նի հետ։ Հարկ է նշել, որ յա­ռա­ջի­կայ տա­րես­կիզ­բին Գեր­մա­նիա պի­տի ստանձ­նէ ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նը։ Գեր­մա­նա­կան նա­խա­գա­հա­կան մեկ­նար­կին ըն­դա­ռաջ՝ Անտ­րէաս Փեշ­քէ Ե­րե­ւա­նի մէջ յայտ­նեց, որ Պեր­լին պի­տի շա­րու­նա­կէ սա­տա­րել ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ջան­քե­րուն։ Կա­րէն Նա­զա­րեան զրոյ­ցի ըն­թաց­քին ընդգ­ծեց, թէ Պա­քուի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը չի դադ­րեց­ներ սպառ­նա­լիք­ներն ու ա­տե­լու­թեան քա­րո­զը, ինչ որ նպաս­տա­ւոր պայ­ման­ներ չի ստեղ­ծեր հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման մի­տուած ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու ջան­քե­րուն տե­սա­կէ­տէ։

Հարկ է նշել, որ վեր­ջերս Մոս­կուա­յի մէջ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի հետ տե­սակ­ցե­լու ժա­մա­նակ՝ ԵԱՀԿ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Լամ­պեր­թօ Զա­նիէրն ալ «պայ­թիւ­նավ­տանգ» ո­րա­կած էր ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թիւ­նը ու շեշ­տած էր, թէ ա­նոր առ­կայ կա­ցու­թիւ­նը սպառ­նա­լիք մըն է ամ­բողջ տա­րած­քաշր­ջա­նին հա­մար։ «Կը կար­ծեմ, ե­կած է այն պա­հը, երբ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը իս­կա­պէս պէտք է ու­ժե­ղաց­նէ ճնշու­մը եր­կու կող­մե­րուն վրայ եւ ու­շադ­րու­թիւն հրա­ւի­րէ այս ի­րա­վի­ճա­կի քա­ղա­քա­կան լուծ­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թեան վրայ», ը­սած էր Լամ­պեր­թօ Զա­նիէր։

 

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 30, 2015