ՏՕՆԱԿԱՆ ՕՐՈՒԱՆ ՊԱՏԳԱՄ
Հոկտեմբերի 29-ի Հանրապետութեան տօնին առթիւ, երէկ երեկոյեան, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի տանտիրութեամբ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ սարքուեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը։ Նախագահական պալատի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը, որուն ներկայ գտնուեցաւ ստուար բազմութիւն մը։ Պետական աւագանիէն ու բանակի վերնախաւէն սկսեալ մինչեւ բարձրաստիճան դիւանակալներ եւ հոգեւոր առաջնորդներ, հասարակական գործիչներէ եւ մտաւորականներէ սկսեալ մինչեւ գործարարներ եւ արուեստագէտներ՝ հոծ թիւով հրաւիրեալներու ներկայութեամբ տօնական շարժառիթով Էրտողան հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Հանրապետութեան 92-րդ տարեդարձին առթիւ խօսելու ժամանակ Էրտողան յիշեցուց հիմնադրութեան շրջանին դիմագրաւուած դժուարութիւնները։ «Մեր ազգը երբեք չէ հրաժարած ժողովրդավարութեան ճանապարհի վճռակամութենէն», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, թէ պետութեան ու ազգին միջեւ դիտումնաւոր ձեւով ստեղծուած են հեռաւորութիւններ եւ այս պատճառով երկրին մէջ յաճախ ապրուած են պետական հարուածներ։ Այս պատճառով, Թուրքիոյ հետ նման պայմաններով ճանապարհ դուրս եկած բազմաթիւ երկիրներ կարեւոր ձեռքբերումներ ունեցած են ժողովրդավարութեան ու զարգացման ուղղութեամբ, իսկ Թուրքիա ինքնապարփակուած ձեւով ետ մնացած է՝ իր ուժանիւթը վատնելով ներքին պայքարներու համար։ Բայց եւ այնպէս, ըստ Էրտողանի, ազգը երբեք չէ հրաժարած իր կամքը հաստատելու ուղղեալ պայքարէն։
Իր ելոյթին տեւողութեան Էրտողան շեշտեց, թէ Թուրքիոյ վերջին շրջանը բնորոշուած է այս տեսանկիւնէն պատմական ձեռքբերումներով ու շատ կարեւոր զարգացումներով։ Երկիրը այսօր տիրացած է ամուր ենթակառուցուածքի մը, տնտեսական արժէքներու եւ ժողովրդավարական ձեռքբերումներու, որոնց մեծամասնութիւնը վերջին տասներեք տարիներու պտուղն է։ Արդարեւ, այդ ժամանակահատուածին պետութիւնն ու ազգը տուած են ձեռք ձեռքի, համախմբուած են նոյն արժէքներուն շուրջ, ուղղուած են նոյն նպատակներուն եւ այսպէսով է, որ ապրուած է մեծ ոստում մը։ Հետեւաբար, Էրտողանի համոզմամբ, պէտք է շատ լաւ ուսումնասիրուի այս ժամանակաշրջանը։ Հակառակ ուղղութեամբ գործադրուած բոլոր ջանքերով հանդերձ, Էրտողանի խօսքերով՝ ազգը ամէն առիթով ցոյց տուած է, թէ պետութեան կողքին է՝ իր աղօթքով, իր վաստակով, ճակտի քրտինքով եւ ի պահանջել հարկին արիւնով։
Տօնական օրուան ելոյթին տեւողութեան Էրտողան շեշտեց, թէ տարածքաշրջանի իրադարձութիւններն ու ահաբեկչական դէպքերը երբեք պիտի չկարենան խոչընդոտել եւ Թուրքիա անպայման պիտի հասնի իր որդեգրած 2023-ի նպատակներուն։ «Ազգը տէր կը կանգնի իր միութեան, միասնականութեան ու եղբայրութեան եւ վճռած է միասնաբար ընթանալու դէպի Թուրքիոյ հասարակաց ապագան», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, թէ երկրի ղեկավարներուն ալ կը վիճակի ազգի այս ակնկալութիւնները արդարացնել եւ անոնց ուղղութեամբ յարատեւ աշխատանք տանիլ։
Հանրապետութեան տօնին առթիւ Էրտողան երէկ օրուան տեւողութեան յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ զանազան առիթներով։ Այս շրջագծով ան անդրադարձաւ նաեւ յառաջիկայ ընտրութիւններուն ու շեշտեց, թէ բոլորը պիտի համակերպին Նոյեմբեր 1-ի արդիւնքներուն։