«ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՊԱԳԱՅԻ ԴԱՐՊԱՍՆ Է»

Հայաստանի գիտաթեքնիկ հիմնադրամի (FAST) համահիմնադիր Նուպար Աֆէեան յայտարարեց, որ երկրէն ներս տեղի ունեցած յեղափոխութիւնը թէեւ ապագայի համար յոյս ներշնչած է ժողովուրդին, սակայն նշանակալի արդիւնքներու հասնելու համար միայն յոյս յայտնելը բաւարար չէ։ Ամերիկահայ գործարար ու բարերար Նուպար Աֆէեան համոզուած է, թէ Հայաստանի համար պէտք է տարուի յստակ աշխատանք, պէտք է ապահովուին յստակ ներդրումներ եւ պետական աջակցութիւն։ Աֆէեան, որ միեւնոյն ժամանակ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան կ՚անդամակցի, news.am-ի թղթակցին հետ զրուցելու ընթացքին ըսած է հետեւեալը.

«FAST-ի օրինակով կրնամ նշել, որ պետութիւնը եւ մասնաւոր ոլորտը աշխուժօրէն կը համագործակցին յստակ նախագծերու յառաջընթացի համար եւ մենք պիտի շարունակենք մեր ներդրումային գործողութիւնը Հայաստանի մէջ։ Որպէս խոշոր ներդրող՝ մենք միշտ ինքնավստահ զգացած ենք այստեղ, որովհետեւ ծառայած ենք երկրի երիտասարդ սերունդին։ Տուեալ պահուն ներդրողները հետաքրքրւած են Հայաստանով, սակայն ժամանակը հարկաւոր է՝ որպէսզի այդ հետաքրքրութիւնը յստակ նախագծերու վերածուի։ Մենք կը տեսնենք, որ Հայաստանի մէջ բարելաւուած է ներդրումային մթնոլորտը, ինչ որ պայմանաւորուած է օրէնքի գերակայութեան հաստատումով։ Սակայն ներդրումային վստահութեան բարձրացման համար տարիներու համբերութիւն պէտք է, ինչ որ աւելի կարեւոր է՝ Հայաստանէ ներս յեղափոխական փոփոխութիւններու բաղդատմամբ»։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ աշխատանքային նախաճաշ մը ունեցաւ FAST-ի Հոգաբարձուներու եւ խորհրդատուական խորհուրդի անդամներուն հետ։ Ան այս առթիւ ըսաւ.

«Հայաստան ոչ միայն քաղաքակրթութիւններու բնօրրան է, այլեւ ի սկզբանէ եղած է Արեւելքի եւ Արեւմուտքի խաչմերուկին։ Քանի որ սա դարպաս մըն է, խաչմերուկ մըն է, կը կարծեմ՝ ժամանակն է, որ մարդկութիւնը վերադառնայ դէպի իր ակունքները, դէպի իր ծագումը, դէպի մարդկութեան ծագման վայրը՝ Հայաստան։ Հայաստան ապագայի դարպասն է։ Մենք կը խրախուսենք ներդրումներու կատարուիլը մեր երկրին մէջ. երկիր, որ երիտասարդ է, որ յաւակնոտ է, որու ժողովուրդը տաղանդաւոր է, որ ունի երիտասարդ կառավարութիւն եւ երկիր, որ ինքզինքը կը զգայ 21-րդ դարուն մէջ։ Երիտասարդ է եւ հասուն։ Երիտասարդ ըլլալը նախ եւ առաջ կը նշանակէ, թէ ինքզինքդ որքան երիտասարդ կը զգաս հոգիով, արդեօք պատրա՞ստ ես նոր բացայայտումներու, պատրա՞ստ ես սորվելու, պատրա՞ստ ես տալ հարցեր ու պատասխաններ գտնել»։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 30, 2018